ԱՆՄԻՏ  ՀԱՐՈՒՍՏԻՆ ԱՌԱԿԸ

Պօղոս Առաքեալի Նամակէն (Ա.Թս 1.1-10)

«Հօր Աստուծոյ առջեւ միշտ կը յիշենք՝ թէ ի՛նչպէս կեանքի կը վերածէք ձեր հաւատքը, սէրէն մղուած կը ծառայէք ուրիշներուն, եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի յուսալով՝ նեղութիւններու կը համբերէք» (Ա.Թս 1.3):

Քրիստոնէական հաւատքը կեանքի վերածած ու անոր տարածիչը հանդիսացող Թեսաղոնիկէի համայնքին իր խօսքը ուղղող՝ Պօղոս առաքեալ, կը քաջալերէ եւ կը գօտեպնդէ զիրենք:

Երկնային առաքինութիւններով ապրող այս համայնքը, քրիստոնէավայել յատուկ նկարագիրով, դարձաւ թարգմանը քրիստոնէական անխարդախ կեանքին: Հաւատքով, յոյսով, համբերութեամբ եւ սիրով ծառայեց  բոլորին, որովհետեւ իր հոգիին, միտքին ու սիրտին մէջ դրոշմուած էին Սուրբ Հոգիին շնորհքները:

Մարդը իր բնոյթով ատակ է հաւատալու, նոյնիսկ կեանքի սովորական երեւոյթներուն: Կրօնական իմաստով, հաւատքը հիմնական պայման մըն է մարդ եւ Աստուած կապը հաստատող, որովհետեւ միայն հաւատքով կը հասնինք անհասանելիին եւ կը տեսնենք անտեսանելին: Քրիստոնէական հաւատքը ուսուցումներու, կանոններու եւ կամ մահկանացուի մը վրայ հիմնուած չէ, այլ՝ Քրիստոսի Անձին, որով կը հասնինք ճշմարիտ գիտութեան, անաղարտ լոյսին եւ յաւիտենական կեանքին: Հաւատքը կեդրոնական եւ առանցքային տեղ կը գրաւէ քրիստոնէական մեր կեանքին մէջ, որուն բացակայութիւնը կը համապատասխանէ՝ առաքինութիւններու երաշտի, եւ կեանքը, շնորհքն ու փրկութիւնը՝ պարզապէս ցնորքի մը կամ երեւակայութեան մը:  Հաւատքը կը պտղաւորուի գործերով (Յկ 2.17), այսինքն՝ բոլոր այն առաքինութիւններով, զոր պէտք է ունենայ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ: Գործնական հաւատք ունենալ կը նշանակէ Աստուծոյ ծառայել՝ մարդոց միջոցաւ, պաշտպանել հաւատքը կեանքի գնով, քարոզել եւ տարածել Քրիստոսի Աւետարանը խօսքով եւ մանաւանդ՝ մեր կեանքի գործնական օրինակով:

Հաւատալ չի նշանակեր ապաւինիլ մեր հաւատքի մեծութեան, այլ՝ մեր հաւատքի հասցէատիրոջ Աստուծոյ մեծութեան:

Թեսաղոնիկեցիներու հաւատքը պսակուեցաւ քրիստոնէական սիրոյ վարդապետութեամբ:

Անոնք սիրով ապրեցան եւ իրենց կեանքին ողնասիւնը նկատեցին զայն, որովհետեւ առաքեալներուն քարոզութեամբ ընդունեցին իսկական սիրոյ աղբիւրը՝ Աստուած (Ա.Յհ 4.8): Սէրը մեծագոյն առաքինութիւնն ու անհամեմատելի զօրութիւնն է, բաղդատաբար հաւատքին, յոյսին ու միւս շնորհքներուն, որովհետեւ միակն է որ յաւիտենական է: Մինչ միւս առաքինութիւններն ու շնորհազարդումները այս աշխարհին կը պատկանին եւ սոսկ պատճառ են սիրոյ ամրապնդման ու յառաջացման, այլ խօսքով՝ զԱստուած հրաւիրելու մեր կեանքերէն ներս: Սէր ունենալ կը նշանակէ զԱստուած սիրել: ԶԱստուած սիրելու համար պէտք է իմ նմանս սիրեմ, իսկ նմանս սիրելու համար պէտք է ծառայել սիրեմ, որպէսզի կարենամ սիրել նմանս իմ անձիս պէս: Արդ, քրիստոնէական վարդապետութիւնը հասկնալը, Քրիստոսի ոտնահետքերով ընթացող հաւատացեալները նախօրինակ նկատի ունենալը, Աստուծոյ խօսքը կարդալն ու տարածելը եւ աղօթելը մարմնաւոր մարդը կը վերածեն հոգեւոր մարդու:

ՂՈՒԿԱՍՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ (12. 13-31)

Ժողովուրդէն մէկը Յիսուսի ըսաւ.

-Վարդապե՛տ, ըսէ եղբօրս, որ մեր հօր ձգած ժառանգութենէն իմ բաժինս տայ ինծի:

Յիսուս պատասխանեց.

-Ո՛վ մարդ, ո՞վ զիս դատաւոր կամ իրաւունքի բաժնարար կարգեց ձեր վրայ:

Ապա դառնալով ժողովուրդին, շարունակեց.

-Նայեցէք եւ զգուշացէ՛ք ագահութեան բոլոր տեսակներէն, որովհետեւ մարդու մը կեանքը կախեալ չէ՛ իր ամբարած հարստութենէն:

Յիսուս անոնց առակ մըն ալ խօսեցաւ եւ ըսաւ.

-Հարուստ մարդ մը կար, որուն արտերը առատ բերք տուին: Անիկա կը մտածէր ու կ’ըսէր. «Ի՞նչ ընելու եմ, որովհետեւ հունձքս ամբարելու համար շտեմարաններուս մէջ տեղ չմնաց: Այո՛, գիտե՛մ ինչ պիտի ընեմ: Պիտի քակեմ շտեմարաններս, աւելի ընդարձակները պիտի շինեմ եւ հոն ամբարեմ ցորենս եւ ամբողջ բերքերս: Ապա ես ինծի ըսեմ. -Ով մարդ, քանի որ երկար տարիներու համար ամբարած հարստութիւն ունիս, հանգիստ ըրէ. կե՛ր, խմէ՛ եւ վայելէ՛»: Բայց Աստուած ըսաւ իրեն. «Անմիտ մարդ, այս գիշեր իսկ հոգիդ քեզմէ պիտի առնեն. որո՞ւն պիտի մնայ պատրաստածդ»:

Եւ Յիսուս եզրակացուցուց.

«Նոյնն է պարագան բոլոր անոնց, որոնք միայն իրենց անձերուն համար հարստութիւն կը դիզեն, փոխանակ Աստուծոյ աչքին հարստանալու»:

Ապա Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ.

-Ահա թէ ինչո՛ւ կ’ըսեմ ձեզի. «Մի մտահոգուիք ձեր կեանքին համար՝ թէ ի՛նչ պիտի ուտէք, ոչ ալ ձեր մարմիններուն համար՝ թէ ի՛նչ պիտի հագնիք: Որովհետեւ կեանքը աւելի կարեւոր է քան ուտելիքը, եւ մարմինը աւելի կարեւոր է քան հագուստը: Դիտեցէք ագռաւներուն, որոնք ո՛չ կը սերմանեն, ո՛չ կը հնձեն, ո՛չ շտեմարաններ ունին  եւ ո՛չ ալ ամբարներ ունին, սակայն Աստուած կը կերակրէ զանոնք: Իսկ պիտի չկերակրէ՞ ձեզ, դուք՝ որ իր աչքին թռչուններէն գերազանց էք: Մտահոգուիլը կանգունով մը կ’երկարէ՞ ձեր հասակը: Եթէ նուզագոյն բանը չէք կրնար ընել, ինչո՞ւ ուրեմն ուրիշ բաներով կը մտահոգուիք: Դիտեցէք եւ տեսէք թէ ի՛նչպէս կ’աճի դաշտի շուշանը: Ո՛չ կ’շխատի, ո՛չ կը հիւսէ: հաւատացէք, որ նույնիսկ Սողոմոն իր ամբողջ փառքին մէջ անոնցմէ մէկուն պէս գեղեցիկ չկրցաւ հագնիլ: եթէ Աստուած այդպէս աղուոր կը հագցնէ խոտը՝ որ այսօր դաշտին մէջ է եւ վաղը կրակը պիտի նետուի, ձեզ աւելի լաւ պիտի չհագցնէ՞, թերահաւատնե՛ր: Հետեւաբար, մի՛ մտահոգուիք ո՛չ ձեր ուտելիքով եւ ո՛չ ալ ձեր խմելիքով, եւ մի՛ մտատանջէք դուք ձեզ, որովհետեւ ասոնք բոլորը հեթանոսներուն յատուկ են: Ձեր Հայրը գիտէ որ այդ բոլորին պէտք ունիք: Այլ ուզեցէք Աստուծոյ արքայութիւնը գայ, եւ Աստուած այդ բոլորը աւելիով պիտի տայ ձեզի»:

Աւետարանական այս հատուածով, մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս կը յիշեցնէ մեզի թէ, մարդ արարածը անդադար կը պայքարի ապահովելու իր կեանքը եւ կարելի եղած չափով զանազան միջոցներով զայն երկարաձգելու: Մէկ օր աւելի ապրիլն ու կեանքը վայելելը կարծէք յաղթանակ մըն է մարդուն համար:

Սակայն երկար ապրելու եւ կեանքը վայելելու այս տենչը, յաճախ նպատակի վերածած ենք եւ ամէն միջոցի կը դիմենք նիւթական բարիքներ ու հարստութիւն ամբարելու, հաւատալով թէ անոնցմէ կախեալ է մեր կեանքը:

Նիւթապաշտութեան այս արշաւին մէջ, մարդ կը դառնայ անձնասէր ու ագահ, չի մտածեր անկարներուն, կարօտեալներուն, հիւանդներուն եւ ոչ իսկ իր հարազատներուն, որոնք իր օժանդակութեան կարիքը ունին, կը մոռնայ զինք շրջապատող աշխարհը եւ գերին կը դառնայ նիւթին ու վաղանցուկ վայելքներուն:

Յիսուս յստակօրէն կ’ըսէ. «Նայեցէք եւ զգուշացէ՛ք ագահութեան բոլոր տեսակներէն, որովհետեւ մարդու մը կեանքը կախեալ չէ՛ իր ամբարած հարստութենէն» (Ղկ 12.15): «Կեանք» բառը գործածելով Յիսուս հիմնական երկու ճշմարտութեան կ’ակնարկէ.

ա- Մարդու մը կեանքի տեւողութիւնը կախեալ չէ իր նիւթական ստացուածքներէն: Հարստութիւնը, փաստօրէն չի կրնար մարդուս կեանքը երկարել կամ կեանքի ապահովութիւն պարգեւել, որովհետեւ անակնկալ պատահարներ եւ արկածներ որեւէ մէկ վայրկեան կրնան սպառնալ անոր: Եթէ մեր յոյսը մեր ունեցածին վրայ դնենք՝ շուտով յուսախաբ կ’ըլլանք, նման անմիտ հարուստին, որ հակառակ տարիներու ամբարած բարիքներուն, չկրցաւ վայելել, որովհետեւ մէկ գիշերուայ մէջ հոգին աւանդեց: Ուրեմն, տարիներու վրայ երկարող հարստութիւն ապահովելով՝ մեր կեանքի օրերը չվատնենք: Դաշտերու մէջ ապրող թռչունները կերակրող Աստուած մեզ ալ կրնայ կերակրել:

բ-Մարդու մը «արժէքը» կախեալ չէ իր ունեցած հարստութենէն: Փառքն ու  վայելքը, հարստութիւնն ու ճոխութիւնը չեն կրնար մարդուս արժէք ու գեղեցկութիւն տալ  եւ ոչ ալ արժանիքը աւելցնել, որովհետեւ մարդու մը իսկական արժէքը հոգիին, համեստութեան եւ արժանապատուութեան մէջ է, որոնք կ’արժեւորեն իր կեանքը թէ երկրի եւ թէ երկնքի մէջ: Եթէ թագաւորներ, իրենց ամբողջ փառքին մէջ, չկրցան Աստուծոյ հագցուցած շուշանին պէս զարդարուիլ, կ’արժէ՞ ուրեմն հագուստի ու զարդարանքի համար այդքան ժամանակ վատնել: Ճշմարիտ գեղեցկութիւնն ու վայելչութիւնը աստուածային շնորհքներ են, որոնք կը զարդարեն մարդու հոգին ու զայն շուշանէն աւելի գեղեցիկ եւ պայծառ կը դարձնեն:  Այսօրուան աւետարանական պատգամն է, որ նիւթական հարստութիւններն ու բարիքները  նպատակի չվերածենք, այլ միմիայն միջոցի՝ ապրելու եւ ապրեցնելու, ուրախանալու եւ ուրախացնելու եւ միշտ զԱստուած փառաւորելու:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան