ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ԱՆՈՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ԴԻՄԱԳԻԾԸ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ*

Ներածութիւն

Երբ խօսինք Հայաստանի մասին — անոր պատմութեան, ժողովուրդին եւ գոյատեւումին մասին — չենք կրնար անջատել հայ ազգը՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցիէն։ Մօտաւորապէս երկու հազար տարի՝ եկեղեցին եղած է ոչ միայն հոգեւոր առաջնորդ, այլ նաեւ հայ ինքնութեան, ազգային գոյատեւման, մշակոյթի զարգացման ու հայապահպանութեան ողնաշարը։

Եկեղեցին այն թելն է, որ դարերու հոլովոյթին մէջ ամրացուցած եւ զօդած է մեր ժողովուրդը, երբ դարեր շարունակ ան ենթարկուած է զանազան տիրապետութիւններու, բռնագաղթերու, պատերազմներու եւ աքսորներու։ Հայաստանի մասին հասկնալու համար, պէտք է հասկնալ Հայ Եկեղեցին, իսկ Հայաստանի մասին խօսիլ՝ կը նշանակէ նաեւ խօսիլ հայ եկեղեցւոյ մասին։

Այսօր պիտի խօսիմ այն մասին, թէ ինչպէս Հայ Առաքելական Եկեղեցին կերտած է մեր ազգին դիմագիծը, նկարագիրը, հոգեւոր էութիւնը  եւ ազգային ինքնութիւնը ամբողջ պատմութեան ընթացքին — ինչպէս նաեւ, դարձած է հաւատքի, մշակոյթի, լեզուի, դպրութեան եւ ինքնութեան պահապանը։ Պիտի անցնինք հպանցիկ կերպով կարեւոր հանգրուաններու վրայէն՝ Քրիստոնէութեան ընդունումէն, այբուբենի ստեղծումէն, դարերու օտար տիրապետութիւններէն եւ ճգնաժամերու ընդմէջէն, հուսկ ցեղասպանութիւն, տեղահանութիւն, սփիւռքեան իրավիճակ մինչեւ եկեղեցւոյ դերը այսօրուան աշխարհին մէջ։

Այս դասախօսութիւնը չի՛ միտիր խորանալ նիւթին մէջ, որքան որ կը ձգտի ընդհանուր պատկերացում մը տալ նիւթին շուրջ. այլ առիթի կարելի է աւելի խորքային ներկայացում մը ընել:

Ա. Հայաստան՝ Առաջին Քրիստոնեայ Պետութիւնը (Ք․Ե․ 301 թուին)

Սկսինք այն հիմնարար դէպքէն, որ կերտեց մեր պատմութիւնը։ Ք.Ե. 301 թուականին, Տրդատ Գ թագաւորին եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի առաջնորդութեամբ, Հայաստան դարձաւ աշխարհի առաջին պետութիւնը, որ քրիստոնէութիւնը ընդունեց իբրեւ պետական կրօն։

Այս իրադարձութիւնը, հաւատքի փոփոխութիւն մը չէր պարզապէս․ ան ամբողջովին վերաձեւաւորեց ու վերակերտեց  հայ ժողովուրդի ինքնութիւնը։ Հայաստանը, որ շրջապատուած էր հզօր կայսրութիւններէ՝ հեթանոսական Հռոմէացիներէն՝ արեւմուտք եւ զրադաշտական Պարսիկներէն՝ արեւելք, ինք եւս հեթանոս կրօնքին հետեւող, ընտրեց ուրիշ ուղի մը։ Քրիստոնէութիւնը որդեգրելով՝ հայերը յայտարարեցին իրենց տարբերութիւնը, ինքնուրոյնութիւնը շրջապատի ժողովուրդներէն եւ երկիրներէն։ Հաւատքը դարձաւ ինքնութեան նշան, բաժանարար գիծ, եւ միացնող ուժ։ Քրիստոնէութիւնը, պիտի ըլլար ինքնութեան պահպանման առաջին զէնքն ու զրահը:

Ինչո՞ւ այսքան կարեւոր էր այս շրջադարձը: Որովհետեւ հայերը յաճախ կը գտնուէին այս երկու հսկայ ուժերու միջեւ։ Որովհետեւ Հայաստան կռուախնձոր էր Հռոմէական Կայսրութեան եւ Սասանեան Պարսկաստանին միջեւ: Քաղաքական անկախութիւնը խախուտ էր, բայց հոգեւոր անկախութիւնը դարձաւ անխախտ։ Քրիստոնէութիւնը հայերուն տուաւ ոչ միայն նոր կրօնք, այլեւ ազգային փիլիսոփայութիւն, որ հաստատեց արժանապատուութիւն, բարոյականութիւն եւ միութիւն։

Իսկ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի կեանքը այս ճշմարտութեան մարմնաւորումն է։ Տասներեք տարի բանտարկուած Խոր Վիրապի խոր փոսին մէջ, ան դուրս եկաւ ոչ պարտուած, այլ յաղթական — իբրեւ խորհրդանիշ մը, թէ հաւատքը կրնայ տոկալ բոլոր փորձութիւններուն եւ նահատակութիւնը՝ կրնայ դառնալ յաղթանակի սկիզբ։ Անոր առաքելութիւնը Հայաստանին տուաւ ոչ միայն եկեղեցի, այլ՝ ոգեղէն ինքնութիւն:

Բ. Այբուբենը եւ Մշակութային Ծաղկումը (Ք․Ե․ 405 թուին)

Երկրորդ մեծ շրջադարձային պահը տեղի ունեցաւ հինգերորդ դարուն։ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց,  Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոսի աջակցութեամբ, 405 թուականին ստեղծեց հայոց այբուբենը։

Ինչո՞ւ այսքան կենսական էր եկեղեցւոյ դերը այս գործին մէջ։ Քանի որ այբուբենի ստեղծումը պարզ լեզուաբանական ձեռքբերում մը չէր․ անիկա եղաւ հոգեւոր եւ ազգային յեղափոխութիւն։ Առաջին գիրքը, որ թարգմանուեցաւ նոր գիրերով, Աստուածաշունչն էր։ Աւետարանը առաջին անգամ հասու դարձաւ ժողովուրդին մայրենի լեզուով։ Այս քայլը խորացուց հաւատքը եւ ամրապնդեց ազգային գիտակցութիւնը եւ զարկ տուաւ մշակութային-գրական զարթօնքի մը, որ աւելի ուշ պիտի դառնար Ոսկեդար:

Հոս կ’արժէ արագ անդրադառնալ այդ ժամանակաշրջանի ասորա-յունական մէկ կողմէ եւ պարսկական մշակոյթներու ահաւոր ազդեցութեանց մեր ժողովուրդի հոգեւոր-մշակութային կեանքին վրայ: Եղիշէ Արք. Տէրտէրեան այսպէս պիտի բնորոշէր զայն. «5-րդ դարուն ուրոյն տառեր եւ մշակոյթ ունենալու իղձը պահանջն է հայ ժողովուրդի ընդդիմամարտ կորովին, ինքնատիպ եւ ինքնաբաւ ըլլալու իր անառիկ իղձին, բայց մանաւանդ ազգայնացած քրիստոնէութեան յաղթանակին, վտարելու համար ասորա-յունական ազդեցութիւնը եւ թումբ կանգնելու Պարսկաստանի դէմ:»

Ահա այս սերմէն, գրերու գիւտէն ծաղկեցաւ ամբողջ Ոսկեդար մը հայ գրականութեան մէջ։ Պատմագիրներ ինչպէս Մովսէս Խորենացի, Կորիւն Սքանչելի, Ղազար Փարպեցի, Փաւստոս Բիւզանդ, Եղիշէ պատմիչ, Ագաթանգեղոս, Եզնիկ Կողբացի, Դաւիթ Անհաղթ եւ ուրիշներ գրի առին մեր ժողովուրդին պատմութիւնը։ Աստուածաբանական եւ փիլիսոփայական գործեր ստեղծուեցան։ Եկեղեցական դպրոցները դարձան կրթութեան դարբնոցներ։ Այբուբենով եկեղեցին պահեց հայ լեզուն դարեր շարունակ օտար իշխանութիւններու տակ։

Եւ ի զուր չէ, որ 1600 տարիէ վեր, մենք տակաւին հայոց Այբուբեննն ու հայ լեզուն կը նկատենք «սրբութիւն սրբոց» եւ մեր գոյութեան կարեւորագոյն երաշխիքներէն մէկը: Արամ Ա. Կաթողիկոսի բառերով՝ «Հայ լեզուն հայ ինքնութեան աղբիւրն է, հայ հաւատքին պահապանը, հայ ազգի գոյութեան երաշխիքը, հայ մշակոյթի առանցքը, այլեւ՝ հայրենիք՝ անհայրենիք հայուն»:

Ուրեմն դարձեալ կը տեսնենք, որ եկեղեցին միայն կրօնական առաջնորդ չէ, այլ հայ մշակոյթի եւ հոգեմտաւոր կեանքի պահապանը։ Միքայէլ Նալբանդեան պիտի ըսէր` «Հայ Ժողովուրդը առանց եկեղեցւոյ պիտի դառնար անարմատ ծառ մը: Եկեղեցին այն արմատն է, որուն մէջէն կը հոսի մեր ինքնութիւնը»: Առանց Մաշտոցի եւ Սահակի, առանց հայերէն Աստուածաշունչի, դժուար է պատկերացնել, թէ ինչպէս հայերը կրնային մնալ ինքնուրոյն ազգ։ Հոս, կ’ուզեմ յատուկ կերպով շեշտել Վռամշապուհ Արշակունի Թագաւորի հեռատեսութիւնն ու պետական աջակցութիւնը՝ եկեղեցիին, այս գործը յաջողցնելու, ի խնդիր հայ ազգի ինքնուրոյնութիւնը վերաշեշտելու եւ Հայաստանի անկախութիւնը ամրացնելու գործին, որպէս էապէս պետական, ռազմավարական քաղաքականութիւն: Այդպէս չէր սակայն, հայ ազնուականութեան մօտեցումը՝ նախա-Վռամշապուհ թագաւորը: Ակադեմիկոս Մանուկ Աբեղեանի հետեւեալ տողերը լաւագոյնս կը մեկնաբանեն զայն. «Ազնուականութիւնը առհասարակ իրենց բարքերով դեռ կոպիտ էին, հետամուտ միայն անձնական շահամոլական խնդիրների, ուսման ոչ մի նշանակութիւն չտուող։ Նրանք ապրում էին առանց զգալու գրի ու գրականութեան կարիքը, եւ եթէ երբեւէ գրաւոր պայմանի կամ կալուածագրի պէտք ունէին, այդ կատարել էին տալիս այլազգի գրերով ու լեզուներով: Նրանց բաւարարում էին իրենց աւանդական բանահիւսութիւնը, բերանացի վէպերն ու պատմական երգերը եւ իրենց ուրախութեան եւ կոծի բանաստեղծութիւնը», եւ կ’աւելցնէ. «Հայերէն լեզուով գրականութիւնն ամենից առաջ եկեղեցուն էր հարկաւոր պարսկական եւ յունական ոտնձգութիւնների դէմ յաջողութեամբ պայքարելու համար»։ Միաժամանակ, հարկ կը զգանք նաեւ արձանագրելու, որ նախարարական տուներն էին որ կը կանգնէին եկեղեցաշինութեան, վանքերու, մշակոյթի հովանաւորները, օրինակ, եթէ չըլլար Սահակ Բագրատունի Իշխանի պահանջքն ու նեցուկը, թերեւս Խորենացին չգրէր իր «Պատմութիւն Հայոց»ը:

Շարունակելի

Խաչիկ Տէտէեան

*Դասախօսութիւն՝ կարդացուած Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակի 9 Նոյեմբեր 2025-ին, Ազգակերտում խորագրով ձեռնարկին: