ՏՕՆ ՍՈՒՐԲ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ՝ ՓԻԼԻՊՊՈՍԻ ԵՒ ԱՆԴՐԷԻ

Ս. Ստեփանոս նախավկային գլխաւոր գործակիցներէն մէկն էր Ս. Փիլպպոս, որուն կարեւորագոյն գործը կ’ըլլայ սամարացիներուն դարձը հեթանոսութենէ քրիստոնէութիւն: Ան իր քարոզներով եւ Աստուծոյ զօրութեամբ յաճախ բազմաթիւ հրաշքներ կը գործէր՝ բանալով կոյրերուն աչքերը եւ այսահարներ բժշկելով: Իր քարոզութեամբ շատ մը մարդիկ քրիստոնեայ կը դառնան: Այդ օրերուն մեծ համբաւ ունէր Սիմոն անունով մոգ մը, որ կախարդութեամբ կը զբաղէր: Վերջինս ազդուելով Փիլիպպոսի  քարոզութիւններէն  փափաք կը յայտնէ մկրտուելու եւ քրիստոնեայ ըլլալու: Զինք կ’առաջնորդէ Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալներուն, որոնք կը մկրտեն զինք: Ապա Ս. Փիլիպպոս կ’անցնի այլ շրջաններ քարոզչութիւն կատարելու: Ճանապարհին կը հանդիպի Եթովպիոյ Կանդակ Թագուհիին ներքինապետին զայն եւս քրիստոնեայ կը մկրտէ: Որմէ ետք կը հաստատուի իր ծննդավայրը Կեսարիա:

Ղուկաս աւետարանիչի վկայութեամբ, Ս. Փիլիպպոս ունէր չորս դուստրեր, որոնք կուսակրօնուհիներ դարձած էին:

Ս. Փիլիպպոսի վախճանը անյայտ կը մնայ մեզի. ոմանց համաձայն, ան նահատակուած է, իսկ ուրիշներու վկայութեամբ՝ եպիսկոպոս ձեռնադրուելով քրիստոնէութեան քարոզիչ դարձած է, ան կը թաղուի Կեսարիոյ մէջ, հետագային ալ իր դուստրը՝ իր կողքին:

Ս. Անդրէաս կը ծառայէր հռոմէական բանակին մէջ իբրեւ զօրագունդի հրամանատար, Անտիոքոս սպարապետի հրամանին տակ: Ս. Անդրէաս գաղտնաբար քրիստոնեայ դառնալով իր զինուորները եւս քրիստոնեայ կը դարձնէ եւ զանոնք կը մկրտէ, Տարսոնի Պետրոս եւ Բերիոյ Նունոս եպիսկոպոսներու ձեռամբ: Սակայն Անտիոքոս երբ կ’իմանայ զայրացած զինք կ’աքսորէ եւ իր ամբողջ բանակով կը սկսի հալածել քրիստոնեաները: Անտիոքոսի դրդումով Կիլիկիոյ Սեւկիոս կը յարձակի Ս. Անդրէասի եւ իր բանակին վրայ եւ անհաւասար կռիւի դաշտին վրայ դաւադրաբար կը հաւաքէ զանոնք կիրճի մը խորը, ուր բոլորը հերոսաբար կը նահատակուին:

Աղօթենք որ Սուրբ Առաքեալներուն առաքինի կենցաղը  մղէ մեզմէ իւրաքանչիւրս հաւատարմութեամբ ապրելու մեր քրիստոնէական կեանքը:

ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ ՅԻՍՆԱԿԻ ՊԱՀՈՑ

Յիսնակը 50 օրերու պահքի շրջան մըն է, որու ընթացքին կը պատրաստուինք տօնելու մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդն ու Աստուածայայտնութիւնը, որ կը զուգադիպի Յունուարի 6ին:

Բարեկենդան կը կոչուի շաբաթապահքերը կանխող ուտիքի օրը: «Բարեկենդան» բառը «Բարի» եւ «կենդանութիւն» բառերէն կազմուած է, որ կը նշանակէ ուրախութիւն, խրախճանք:

Հայց. Եկեղեցւոյ Տօնացոյցին համաձայն, տարուան Բարեկենդաններն են.

-Առաջաւորաց բարեկենդան

-Բուն                       ,,

-Եղիական պահոց    ,,

-Ս. Գրիգոր լուսաւորիչի  ,,

-Վարդավառի                  ,,

-Ս.Աստուածածնայ վերափոխման     ,,

-Ս. Խաչի վերացման                  ,,

-Վարագայ Ս. Խաչի          ,,

-Ս. Յակոբի                       ,,

-Յիսնակի                         ,,

Պատրաստութիւն Աստուածայայտնութեան  (Ս.Ծննդեան):

Համադրեց՝

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան