Պօղոս Առաքեալի Նամակէն (Փլպ 1.1-11)
«Իմ աղօթքս է, որ ձեր սէրը աւելի աճի աստուածգիտութեամբ եւ կատարեալ դատողութեամբ, որպէսզի կարենաք լաւը ընտրել եւ Քրիստոս իր գալստեան օրը ձեզ գտնէ մաքուր եւ ամբասիր« (1.9-10):
Պօղոս առաքեալ մատնանշելով Փիլիպպէի համայնքին մէջ գտնուող անօրէնութիւնները, կը խրատէ եւ կ’աղօթէ, որպէսզի աւելի մօտենան Աստուծոյ եւ իրենց կեանքը արժեւորեն առաքինութեամբ եւ լաւին ընտրութեամբ:
Աստուածգիտութեան ճամբէն ընթանալով, Սուրբ Հոգիով կը զօրանանք եւ դէպի Աստուած կ’ուղղենք մեր քայլերը:
Աստուած մարմնացաւ եւ յայտնուեցաւ մարդկութեան: Ան մեզի հետ կ’ապրի եւ Իր թելադրութիւնն է, որ ապրինք ու գործենք Աստուծոյ փառքին համար:
Առաքեալին աղօթքը խորքին մէջ հրաւէր մըն է իւրաքանչիւրիս, աղօթելու ուրիշներուն համար, որպէսզի բոլոր հաւատացեալները հոգեւոր իմաստութեամբ հաստատ մնան իրենց հաւատքին մէջ:
Քրիստոս մեր գերագոյն իտէալն է, հետեւաբար՝ որքան աճինք աստուածգիտութեամբ, նոյնքան կը նմանինք Իրեն:
Երբ Աստուծոյ սիրով կը լեցուինք, զայն կը ներշնչենք մեր շրջապատէն ներս եւ կը բաժնեկցինք անոր հետ:
Ուրեմն, սիրոյ կեանքով մեր մէջ կ’աճի աստուածգիտութեան, կատարեալ դատողութեան եւ լաւը ընտրելու շնորհքները: Լաւը ընտրելով կը պահպանուինք քննադատութիւններէ եւ բարձր կը պահենք քրիստոնէական մեր հաւատքն ու յաւիտենական արժէքները:
Այդ կարողութիւնը միայն վարժութեան ճամբով կրնանք ձեռք բերել, ինչպէս Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Կարծր կերակուրը չափահասներուն համար է, որոնք վարժութեան ճամբով կրթած են չարն ու բարին զանազանելու իրենց զգայարանքը» (Եբր 5.14):
Լաւը կ’ընտրենք նաեւ փորձառութեամբ, ինչպէս Պօղոս առաքեալ հռոմայեցիներուն գրած իր նամակով մեզի կը թելադրէ. «Այս աշխարհի մարդոց վարմունքը մի՛ ընդօրինակէք, այլ նորոգուած միտքերով նոր մարդ եղէք, որպէսզի ձեր փորձառութեամբ ընտրէք լաւը, գիտնալով Աստուծոյ կամքը՝ այսինքն, ինչ որ բարի է, ընդունելի է իրեն եւ կատարեալ» (Հռ12.2):
Աշխարհի մարդոց վարմունքը ընդհանրապէս եսակեդրոն է: Սակայն, մենք ո՛չ միայն պէտք է որ այս աշխարհի մարդոց վարմունքը չընդօրինակենք, այլեւ պէտք է խարսխուինք Քրիստոսի վրայ եւ ապրինք Անոր պարգեւած նոր կեանքով:
Եթէ լաւը ընտրենք մեր կեանքին մէջ, Քրիստոս Իր Երկրորդ Գալուստին մեզ կը գտնէ մաքուր ու ամբասիր, «Եւ Աստուած մինչեւ վերջ հաստատուն պիտի պահէ ձեզ, որպէսզի անմեղադրելի ըլլայ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի դատաստանի օրը» (Ա.Կր 1.8):
Հաւատացեալները Քրիստոսի անձնազոհութեան եւ ապա հրաշափառ յարութեան շնորհիւ է, որ պիտի արժանանան անմահական կեանքին:
Ա՛յս է Աստուծոյ խոստումը եւ հաւատացեալներուն յոյսը, որովհետեւ Քրիստոս երկրորդ անգամ պիտի յայտնուի, փրկելու համար բոլոր անոնք, որոնք հաւատքով կը սպասեն (Եբր 9.28):
Երբ առաքեալները Յիսուսի համբառնալուն ականատես վկաները եղան, նոյն պահուն, երկու հրեշտակներ անոնց ըսին. «Այս Յիսուսը որ երկինք համբարձաւ, օր մը դարձեալ պիտի գայ այնպէս՝ ինչպէս անոր երկինք երթալը տեսաք» (Գրծ 17.11):
«Ճիշդ ինչպէս գողը չսպասուած ժամուն կու գայ, այնպէս ալ Տիրոջ Օրը չսպասուած ժամուն պիտի գայ» (Ա.Թս 5.2):
Հետեւաբար, պատրաստուինք դիմաւորելու Քրիստոսի Երկրորդ Գալուստը, մեր աչքերը երկինք յառելով եւ Աստուծոյ արքայութեան աւետիսը քարոզելով, որպէսզի արժանանանք Աստուծոյ փրկութեան շնորհքին եւ մաս կազմենք Անոր արքայութեան:
ՂՈՒԿԱՍՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ (9.44-50)

«Մինչ ժողովուրդը կը զարմանար Յիսուսի կատարած գործերուն վրայ, իր աշակերտներուն դառնալով ըսաւ.
-Լաւ մտիկ ըրէք եւ մի՛ մոռնաք ասիկա. Մարդու Որդին պիտի մատնուի մարդոց ձեռքը:
Սակայն աշակերտները չհասկցան խօսքին իմաստը, որովհետեւ Աստուած իրենցմէ ծածկած էր՝ որպէսզի չհասկնան: Միւս կողմէ ալ՝ կը վախնային հարցնելու այս մասին:
Աշակերտները սկսան վիճաբանիլ թէ ո՞վ է մեծը: Յիսուս գիտնալով անոնց մտածումը, մանուկ մը առաւ եւ իր քով կանգնեցնելով՝ ըսաւ:
-Ով որ ընդունի այս մանուկը իմ անունովս՝ զիս ընդունած կ’ըլլայ, եւ ով որ զիս կ’ընդունի՝ ընդունած կ’ըլլայ զիս ղրկողը: Որովհետեւ ով որ ձեր բոլորին մէջ փոքրիկն է, ան է մեծը:
Յովհաննէս ըսաւ.
Վարդապե՛տ, մէկը տեսանք որ քու անունովդ չար ոգիներ կը հանէր եւ մենք արգիլեցինք իրեն, որովհետեւ մեզի հետ չի շրջիր:
Յիսուս ըսաւ.
Արգելք մի՛ ըլլաք իրեն. որովհետեւ ան որ հակառակ չէ ձեզի, կը նշանակէ թէ ձեր կողմն է»:
Աւետարանական այս հատուածը, մանաւանդ Ղուկաս աւետարանիչի 9.46 համարը ցոյց կու տայ աշակերտներուն վէճը, թէ ո՞վ պիտի ըլլայ իրենց մէջ մեծը: Այս երեւոյթը կը հաստատէ, թէ իրենք տակաւին չէին հասած հոգեւոր հասունութեան, էապէս հասկնալու համար աստուածային խորհուրդները: Մարդ արարածը իր ազատ կամքով միշտ ալ իր նմաններէն մեծ ըլլալու մարմաջը ունեցած է եւ այդ պատճառով ալ յաճախ մեղանչած է: Մեծ ըլլալու ձգտումը ահա կը շարունակուի առաքեալներուն մէջ. ինչու չէ նաեւ մինչեւ այսօր ալ գոյութիւն ունի, մեր առօրեային մէջ:
Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս յաճախ իր առաքեալներուն կը յիշեցնէր իր չարչարանքներուն, մատնութեան եւ մեկնումի մասին ըսելով թէ. «Լաւ մտիկ ըրէք եւ մի՛ մոռնաք ասիկայ. Մարդու որդին պիտի մատնուի մարդոց ձեռքը» (Ղկ 9.44): Սակայն առաքեալները չէին հասկցած այս խօսքերուն իմաստը որովհետեւ. «Աստուած իրենցմէ ծածկած էր» (Ղկ 9.45): Առաջին հարցադրումը որ կը ծագի մեր մտքին թէ Աստուած ինչո՞ւ ծածկած էր անոնցմէ: Պօղոս Առաքեալ Գաղատացիներուն գրած նամակին մէջ յստակօրէն կ’ըսէ. «Ժառանգորդ մը թէպէտ ամբողջ ժառանգութեան իսկական տէրն է, բայց որքան ատեն որ անչափահաս է՝ տարբերութիւն չունի ծառայէ մը» (Գղ 4.1-2): Հետեւաբար առաքեալներն ալ տակաւին անչափահաս էին, չէին հասկցած Քրիստոսի խօսքերը: Քրիստոս անմիջապէս մանուկ մը կը կանգնեցնէ անոնց մէջ ու կ’ըսէ. «Ով որ ընդունի այս մանուկը իմ անունովս՛ զիս ընդունած կ’ըլլայ, եւ ով որ զիս կ’ընդունի՛ ընդունած կ’ըլլայ զիս ղրկողը» (Ղկ 9.48): Այլ առիթով ալ ըսած էր. «Վստահ գիտցէք, որ եթէ չփոխուիք եւ մանուկներու պէս չըլլաք, երկնքի արքայութիւնը պիտի չմտնէք: Արդ, ով որ իր անձը այս մանուկին պէս խոնարհեցնէ՛ անիկա է մեծը երկնքի արքայութեան մէջ» (Մտ 18.3-4): Քրիստոսի համար մեծ ըլլալ, կը նշանակէ ծառայել խոնարհութեամբ, համեստութեամբ եւ առաքինութեամբ: Մեծ է այն մարդը, որ իր կեանքը կ’ընծայէ Աստուծոյ եւ մարդոց ծառայութեան:
Հատուածի աւարտին առաքեալները կը մօտենան Յիսուսի եւ կ’ըսեն. «Վարդապետ, մէկը տեսանք որ քու անունովդ չար ոգիներ կը հանէ եւ մենք արգիլեցինք իրեն, որով մեզի հետ չի շրջիր» (Ղկ 9.49): Մինչ Յիսուս կը թելադրէ ըսելով. «Արգելք մի ըլլաք իրեն, որովհետեւ ան որ հակառակ չէ ձեզի, կը նշանակէ թէ ձեր կողմն է» (Ղկ 9.50): Յիսուս բնականաբար իր անունին համար չէ որ կ’ըսէ «արգելք մի ըլլաք իրեն». մինչ այլ առիթով մը Յիսուս ըսած էր. «Ով որ այս փոքրիկներէն մէկուն նույնիսկ գաւաթ մը պաղ ջուր կու տայ խմելու՛ իմ աշակերտս ըլլալուն համար, վստահ եղէք որ իր վարձատրութիւնը պիտի չկորսնցնէ» (Մտ 10.42):
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան