Վստահ եմ կը ճանչնաք, լսած կամ տեսած էք, թէ ինչպէս բազմաթիւ մարդիկ իրենց օրը կը սկսին մարզասրահ երթալով։ Առաւօտ կանուխ, մինչեւ արեւը ծագի, մարզասրահները արդէն լեցուն են անհատներով, որոնք կամք, համբերութիւն եւ հետեւողականութիւն կը գործադրեն՝ իրենց մարմինը առողջ պահելու համար։ Ուրիշներ, եթէ առտու չերթան, ամպայման օրուան ընթացքին պէտք է մարզասրահ այցելեն։ Անոնց հետեւողական ընթացքն ու կամքի զօրութիւնը, իսկապէս նախանձելի է, եւ ամէն անգամ երբ մարզանք չնող անձ մը հանդիպի անոնց, իրենց ընթացքին հետեւելու եւ ապրելակերպը իւրացնելու բուռն մարմաջ մը կ’ապրի։
Նոյնն է պարագան երբ աղօթողներու եւ հաւատքի ախոյեաններու կը հանդիպինք, կամ սուրբի մը կը ծանօթանանք անոր կեանքին մասին կարդալով կամ կեանքը ներկայացնող տեսերիզ մը դիտելով։ Կը նախանձինք անոնցմէ եւ կ’ուզենք իրենց պէս ըլլալ։
Մարզասարհին մէջ իր առողջութեան հոգատար եւ մարմինը լաւագոյնս խնամող, իսկ հաւատքի ախոյեաններուն ու սուրբերուն միջեւ հասարակաց կապ մը կայ, որ կը կոչուի՝ հետեւողականութիւն։
Այս մէկը կ՛ըսեմ, որովհետեւ շատեր կը կարծեն եթէ աղօթեն, եթէ նոյն օրը չէ, յաջորդ օր պէտք է իրենց ուզածը ստանան. Կամ եթէ լերան «տեղափոխուէ» ըսեն, պէտք է շարժի, սուրբերուն պէս հրաշագործեն, հաւատքի ախոյեաններուն պէս ներեն, սիրեն, ողորմին ու ապրին։
Քրիստոնէութիւնը ընտրութիւն մը չէ միայն. Այլ՝ հաւատքի ճանապարհ ու վարժութիւն. Կամ կարելի է ըսել՝ հոգեմարզութիւն։ Այնպէս ինչպէս մազասրահները մարմինը կը մարզեն, մարդու հոգին ալ մարզուելու, առողջ մնալու կարիքն ունի. Սակայն, հիմնական մէկ տարբերութիւն կայ որ Աստուած կը յայտնէ մեզի Պօղոս առաքեալի ճամբով. «ինքզինքդ աստուածպաշտութեամբ ապրելու մարզէ. որովհետեւ եթէ մարմնի մարզանքները որոշ բաներու օգտակար են, աստուածպաշտութիւնը ամէն բանի օգտակար է, քանի կը խոստանայ կեանք տալ՝ թէ այս աշխարհի եւ թէ՛ հանդերձեալին մէջ» (Ա. Տիմ 4.8):
Այս խօսքերը կասկածի տակ չեն առներ մարմնական մարզանքներու անհրաժեշտութիւնը. Պարզապէս համեմատութիւն մը կը հաստատէ. Կը բացատրէ, թէ ինչպէս մարմինը պէտք ունի մարզանքի, այնպէս ալ հոգին պէտք ունի հետեւողական վարժութիւններու՝ մաքրուելու, ամրանալու եւ առաքինութեան մէջ աճելու։ Հիմնականը սակայն հետեւողականութիւնն է։
Երբ մարդ մը մարզանքի սկսի, առաջին օրերու յոգնութիւնը, մկաններու ու մարմնի ցաւը անխուսափելի կ’ըլլան. Բայց ժամանակի ընթացքին անոնք ուժի կը վերածուին։ Նոյնը կը վերաբերի հոգեւոր կեանքին։ Երբ սկսիս աղօթել, Աստուածաշունչ ընթերցել, չարին փոխարէն բարին կամենաս ու գործես, ամէն բան դժուար կը թուի։ Հին վատ սովորութիւնները քեզ իրենց կողմը պիտի հրաւիրեն, աշխարհի ձայները պիտի փորձեն շեղել քեզ. բայց եթէ շարունակես աղօթել ու Աստուծոյ խօսքը ընթերցել, օրը պիտի հասնի երբ կեանքիդ շունչը պիտի դառնայ քու աղօթքդ ու հոգեւոր կեանքդ. Օրըդ պիտի չսկսիս, եթէ արեւածագէն առաջ չաղօթես. պիտի չքնանաս եթէ օրուան ընթացքին Աստուծոյ դաշտին մէջ ժամանակ չանցնես։ Փորձէ ու տես։
(Շարունակելի)
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան