
Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, Կիրակի, 9 Նոյեմբեր 2025-ի յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցաւ «Ազգակերտում» խորագրով դասախօսական ցերեկոյթը:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ անդամական Յանձնախումբին կողմէ: Ձեռնարկին ներկայ էին Թորոնթոհայ գաղութի միութիւններէ և ազգային մարմիններէ բաղկացած բազմութիւն մը:

Օրուան բեմավարն էր Տոքթ. Գրիգոր Սրկ. Պէպէճեան, որ իր հակիրճ բացման խօսքով դասախօսական այս ցերեկոյթի նիւթերու կարեւորութիւնն ու այժմէականութիւնը այսօրուան մեր իրականութեան մէջ, որմէ ետք հրաւիրեց հիւր առաջին դասախօս՝ Տիար Համբիկ Գարայեանը, որ յատուկ ժամանած էր Մոնթրէալէն: Պրն. Գարայեան իր յատուկ ու գրաւիչ ոճով ներկաներուն փոխանցեց «Հայակերտում ու Ազգային ինքնութեան պահպանում» թեմայով ներկայացումը եւ աւարտին պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

Որպէս գեղարուեստական ընդմիջում, Անդամական Յանձնախումբի անդամ՝ Տիար Նշան Փափազեան իր ջութակի քաղցրահունչ թրթիռներով ներկայացուց մեղեդիներ Սայաթ Նովայէն և Կոմիտասէն:
Ապա Օրուան հանդիսավարը հրաւիրեց երկրորդ հիւր դասախօս՝ Տիար Խաչիկ Տէտէեանը, որ ներկայացուց «Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ազգային Դիմագիծն ու Նկարագիրը» այժմէական կարեւորագոյն թեման:
Ձեռնարկի Աւարտին, եկեղեցւոյս Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Տաթեւ Ա. Քահանայ Միքայէլեան փոխանցեց իր եզրափակիչ խօսքը եւ աղօթքով յայտարարեց միջոցառման աւարտը: Ապա, Անդամական Յանձնախումի անդմաները, Տէր հօր գլխաւորութեամբ, գնահատական յուշնուէրներով պարգեւատրեցին օրուան դասախօսները:



