11 – Գմբէթ

Քրիստոնէական եկեղեցւոյ ճարտարապետութիւնը պատմութեան ընթացքին ոճային զանազան զարգացումներ արձանագրած է:
Անոնցմէ մին Գոթականն է՝ Հռոմէական Եկեղեցւոյ ոճերէն մին, որուն գմբէթը սուր սլացք ունի երկար թմբուկի մը վրայ հանգչած:
Երկրորդը՝ Բիւզանդական ոճն է, որ Յունադաւան Եկեղեցիներու ոճն է, որուն գմբէթը բոլորակաձեւ է կարճ եւ կլոր թմբուկի մը վրայ հաստատուած:

Կայ նաեւ Ռուսական ոճը, որ որոշ չափով կը տարբերի բիւզանդական ոճէն:
Պատմութեան մէջ Հայց. Եկեղեցին եւս ինքնուրոյն ճարտարապետական իր ոճը ունեցած է, ընդհանրապէս խաչաձեւ նստուածքով, որուն կեդրոնական չորս սիւները կամարներով ագուցուած են իրարու եւ չորս կամարներուն վրայէն կը բարձրանայ անկիւնաւոր կամ կյոր թմբուկը եւ թմբուկին վրայ կը հանգչի վեղարանման գմբէթը, որուն ծայրամասը զետեղուած է քառաթեւ մեծ խաչ մը:

Հայց. Եկեղեցւոյ գմբէթը կաթողիկէ կը կոչուի, հաւանաբար կեդրոնական եւ տիրական իր դիրքին համար: Որովհետեւ կարգ մը եկեղեցիներ յաճախ երկրորդական գմբէթներ ունեցած են, որոնցմէ մին եղած է զանգակատունը:
Կաթողիկէն իր շուրջբոլորը լուսամուտ պատուհաններ ունեցած է, յատկապէս անցեալին ելեքտրականութեան չգոյութեան պատճառով եւ օդափոխութեան համար:Հայց. Եկեղեցւոյ գմբէթը իր ոճով, գեղեցկութեամբ եւ եզակի դիմագծութեամբ ինքզինք կը բացայայտէ աշխարհի բոլոր երկնակամարներուն ներքեւ: