Երկնային զօրքեր կամ երկնային էակներ արտայայտութիւնը մեզի ծանօթ են Հրեշտակներ անունով: Հրեշտակ կը նշանակէ պատգամաւոր, դեսպան, պատգամաբեր:
Հրեշտակները անմահ, հրեղէն, լուսեղէն, աննիւթական լոյսէն կազմուած թիւով բազմաթիւ են (Յյտ 5.10): Անոնք թէեւ ստեղծուած հոգեւոր, աննիւթական արարածներ են, սակայն կարողութիւն ունին, սովորաբար մարդկային կերպարանք առնելով, տեսանելի դառնալ մարդոց: Հրեշտակները սպասաւոր հոգիներ են, որոնք ստեղծուած են Արարիչին եւ մարդկութեան ծառայելու: Անոնք մշտապէս կը փառաբանեն Արարիչը, իսկ անտեսանելիօրէն կ’օգնեն մարդոց, զանոնք փրկելու նպատակով. Պօղոս Առաքեալ կ’ըսէ (Չէ՞ որ հրեշտակները Աստուծոյ ծառայող հոգիներ են եւ իր կողմէ կը ղրկուին օգնելու համար անոնց՝ որոնք փրկութիւնը պիտի ժառանգեն» (Եբր 1.14):
Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Միջնադարեան վարդապետներուն համաձայն, Հրեշտակները, իբրեւ լուսեղէն էակներ, ստեղծուած են արարչութեան առաջին օրը՝ մշտնջենաւոր լոյսի ստեղծումին հետ միասին. (Ծն 1. 3): Ս. Դիոնէսէոս Արիոպագեցիին համաձայն հրեշտակները բաժնուած են ինը դասերու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր անուանումն ու մասնաւոր պաշտօնը։ Հրեշտակներու անուններն են. (Աթոռք, Քերովբեներ, Սերովբեներ, Տէրութիւնք, Պետութիւնք, Իշխանութիւնք, Զօրութիւնք, Հրեշտակապետք, Հրեշտակք):
Հրեշտակներու իւրաքանչիւր խումբ ունի իր Հրեշտակապետը, հետեւեալ անուններով՝ Գաբրիէլ, Միքայէլ, Ռափայէլ, Անայէլ, Ուրէլ, Դակուէլ, Բարաքիէլ, Տակուէլ, Ատոնիէլ, Փանուէլ:
Հրեշտակապետերը ըստ իրենց պարտականութիւններուն.
Գաբրիէլը Տիրոջ կարեւորագոյն որոշումները ու տնօրինութիւնները իրագործող անմիջական պաշտօնեան է: Գաբրիէլ հրեշտակապետն էր, որ յայտնուեցաւ Զաքարիա քահանային՝ Յովհաննէս Մկրտիչի հօրը, ինչպէս նաեւ յայտնուեցաւ Ս. Կոյս Մարիամին՝ աւետելով Փրկիչին ծնունդը: Գաբրիէլ Հրեշտակապետ. Աստուծոյ անմիջական պաշտօնեան, որ կ’իրագործէ Տիրոջ կարեւորագոյն որոշումներն ու տնօրինումները։
Միքայէլ Հարեշտակապետ.
Միքայէլը Տիրոջ փառքի ու անոր ժողովուրդի պաշտպանութեան համար մարտնչող հրամանատարն է: Միքայէլ կը նշանակէ «Ո՞վ նման է Աստուծոյ», Երկնաւոր Արքային փառքին ու Անոր ժողովուրդին պաշտպանութեան համար մարտնչողն ու Տիրոջ զօրութեան պատգամաբերը։
Իսկ Ռափայէլը վեր կը բարձրացնէր մարդոց աղօթքները: Նեղեալներուն հասնող, բժշկապետ եւ սիրող սրտեր միացնող հրեշտակապետն է։
Ծածկուած ապագայի յայտնող՝ Ուրիէլ հրեշտակապետ։
Օրէնքներու կատարման միջնորդ՝ Անայէլ հրեշտակապետ։
Աստւածային էութեան մեկնաբան՝ Ադոնիէլ հրեշտակապետ։
Հողեղէններու բարեխօս՝ Տակուէլ հրեշտակապետ։
Երկնային Արքայութեան քարոզիչ՝ Փանուէլ Հրեշտակապետ։
Անմահին փառքը օրհնաբանող՝ Բարաքիէլ Հրեշտակապետ։
Եկեղեցւոյ հայրերու հաւաստիացումով այս հրեշտակապետերը կը կանգնին Աստուծոյ առջեւ: Ս. Գրիգոր Տաթեւացիի համաձայն իւրաքանչիւր մարդ կ’ունենայ իր պահապան հրեշտակը, մկրտութեան ժամանակ: Կ’ըսուի նաեւ թէ երբ քրիստոնեան կ’աղօթէ, անոր աղօթքը պահապան հրեշտակի կողմէ կը բարձրացուի երկինք՝ Աստուծոյ մօտ: Պահապան հրեշտակը մարդուն կ’ուղեկցի անոր ողջ կեանքի ընթացքին եւ անտեսանելիօրէն կ’օգնէ անոր: Հետեւաբար, մենք՝ հաւատացեալներս երբ հաւատքով աղօթենք, միայն Աստուած չէ որ կ’ուրախանայ, այլ հրեշտակները եւս , ինչպէս որ մեր Տէրը Յիսուս կ’ըսէ. «Երկնքի մէջ նոյնպէս ուրախութիւն պիտի ըլլայ մէկ ապաշխարող մեղաւորի համար, քան իննսունինը արդարներու համար, որոնք ապաշխարութեան պէտք չունին» (Ղկ 1.57):
Համադրեց՝
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան