Կաթը, Շոքոլան, Մենք եւ Յիսուս

Ձեզմէ ո՞վ կը նախընտրէ պարզ, ճերմակ կաթը, քան շոքոլայովը։ Հաւանաբար միայն այն հազուագիւտ մարդիկը, որոնք շոքոլա չեն սիրեր։ Իսկ մենք՝ մեծամասնութիւնս, լաւ գիտենք անոնց անբացատրելի տարբերութիւնը։

Շոքոլայով կաթ պատրաստելը շատ դիւրին է. բաժակ մը կաթ կը վերցնենք եւ անոր մէջ դգալ մը շոքոլաի փոշի կ’աւելցնենք։ Բայց, «հրաշքը» չամբողջանար, մինչեւ որ անոնք խառնուին իրարու հետ. այն ատեն միայն, երբ անոնք խառնուին, այդ երկու տարբեր բաղադրութիւնները մէկ կը դառնան եւ կը փոխուին գոյնով, տեսքով ու համով։

Բայց փորձեցէք այդ բաժակը որոշ ժամանակ մը չձեռնել։ Դիւրաւ կը նկատէք, թէ շոքոլան յատակը կ’իջնէ եւ կաթէն բաժնուելով բաժանում մը կը ստեղծուի։

Այս պարզ խմիչքը մեզի կը յիշեցնէ մէկ բան՝ մեր հաւատքի կեանքը։ Տօնական օրերու այս օրերուն, երբ շոքոլայով կաթը գուցէ աւելի քան երբէք կը փնտռենք, եկէք տեսնենք, թէ ինչպէ՞ս կը կապուի ան մեր կեանքին եւ Յիսուս Քրիստոսի հետ։

Մինչեւ Յիսուսը ընդունիլը, մենք պարզ կաթի կը նմանինք՝ անգոյն, անշունչ, բայց գոյութեան հիմք ունեցող։ Երբ հաւատքով կը մօտենանք եւ Սուրբ Հոգին կը ստանանք, կարծես Աստուած շոքոլա կը լեցնէ մեր կեանքին մէջ։ Սկիզբը գուցէ չենք տեսներ մեծ տարբերութիւն, բայց երբ Աստուած սկսի խառնել մեր ամբողջ կեանքը, այն ժամանակ է որ կը քաղցրանայ, կը փոխուի, կը ստանայ նոր գոյն, նոր հոտ եւ նոր համ։

Այլ խօսքով՝ մկրտութեամբ Քրիստոնեայ դառնալը միայն սկիզբն է։ Այդ պահուն Աստուած շոքոլան կը լեցնէ մեր կեանքի բաժակը։ Բայց եթէ չենք ձգեր որ Ան շարունակ խառնէ մեր կեանքը Իր սիրով, հաւատքով եւ ներկայութեամբ, շուտով մեր շոքոլան կը նստի հատակին՝ եւ մենք դարձեալ պարզ կաթի կը վերածուինք։

Յիսուս Քրիստոս ինքն է այն «դգալը», որ կը խառնէ ու կը փոխէ մեր կեանքը։ Նոյն դգալն է աղօթքը, ապաշխարութիւնը եւ Աստուծոյ պատուիրաններուն հնազանդութիւնը։ Առանց անոնց մեր հաւատքը կը մնայ մակերեսային, բայց անոնց միջոցով՝ Աստուած կ’ամրացնէ մեր ներքին մարդը։

Մտածեցէ՛ք՝ արդեօ՞ք երբեւէ հանդիպած էք մարդոց, որոնց հաւատքը ձեզ զմայլեցուցած է։ Այդ մարդիկ երբեմն նոյնպէս պարզ կաթ եղած են, բայց թոյլ տուած են Աստուծոյ խառնուիլ իրենց կեանքին մէջ։ Եւ նոյնը կրնայ պատահիլ քեզի հետ ալ, եթէ ուզես։ Երբ Քրիստոս իսկապէս դառնայ կեանքիդ մասը, մարդիկ անպայման կը տեսնեն տարբերութիւնդ՝ քաղցր, նորոգուած, լոյսով լեցուն մարդ մը։

Ի հարկէ, բոլորս ալ մեղաւոր ենք։ Բոլորս ալ ցաւ, հիասթափութիւն եւ յուսախաբութիւն կը դիմագրաւենք մեր սխալներուն պատճառով։ Երբեմն կը տկարանանք, երբեմն կը կասկածինք նոյնիսկ Աստուծոյ ներկայութեան։ Կը փորձենք մեր կեանքը մենք կառավարել՝ առանց Աստուծոյ առաջնորդութեան։ Բայց այդ ատեն է որ շոքոլան կը նստի՝ մեր հոգին կը սառի եւ հաւատքը կը տկարանայ։

Բայց բարի լուրը այն է, որ Աստուած երբեք չի դադրիր մեզ խառնելէ։ Եթէ միայն թոյլ տանք Անոր մեր մէջ գործել, Աստուած կրկին կ’ելլէ, կը խառնէ, կը վերակենդանացնէ եւ կը նորոգէ մեր սիրտը։ Ան մեզի կու տայ նոր հոգի, մաքուր սիրտ եւ քաղցր կեանք՝ լեցուն սիրով ու խաղաղութեամբ։

Ուրեմն, ինչ որ ալ պատահի կեանքիդ մէջ, յանձնուէ՛ Աստուծոյ, որովհետեւ «ո՛չ մահը եւ ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ չար ոգիներու իշխանութիւնները, ո՛չ ներկան եւ ո՛չ ալ գալիքը, ո՛չ ալ ոեւէ զօրութիւն, ո՛չ վերին եւ ո՛չ ալ ներքին աշխարհները, ո՛չ ալ ուրիշ ստեղծագործութիւն մը կրնայ մեզ բաժնել Աստուծոյ սէրէն, որ մենք ճանչցանք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ» (Հռ 8.38-39)։

Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան