«30-ԱՄԵԱՅ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՏԱԳՆԱՊԻ ՈՒ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆ»
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին հայրապետական ընտրութեան եւ օծման 30-ամեակին առիթով, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ կազմակերպուեցաւ հանդիսաւոր գեղարուեստական յայտագիր, որուն ներկայ եղան հոծ թիւով ազգայիններ՝ առաջնորդ սրբազանին ու հոգեւոր դասուն, ազգային վարչութեան եւ քոյր կազմակերպութիւններու կողքին:
Համերգի բացման խօսքով հանդէս եկաւ ազգային երեսփոխան Համբիկ Գարայեան, որ լուսարձակի տակ բերաւ Վեհափառ Հայրապետին երեք տասնամեակներու վրայ տարածուած նուիրեալ ու անզուգական հովուապետական ծառայութիւնը. «Այսօր, մեր համայնքը կը կանգնի երախտագիտութեան ու հպարտութեան բարձունքին վրայ՝ մասնակից դառնալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ մեր աննահանջ առաջնորդին՝ մեր սիրելի Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 30-ամեակին նուիրուած այս յոբելենական հանդիսութեան: Երեսուն տարիներ, երեսուն բեղուն, հրաշազարդ, մարտահրաւէրներով ու ծառայութեամբ լեցուն տարիներ՝ ի սպաս մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ, մեր ազգին եւ արդարութեան որոնման։ Այսօր, երբ կը նշենք այս հանդիսաւոր երեսնամեակը, կը նշենք նաեւ ամբողջ սերունդի մը գիտակցութեան ձեւաւորումը։ Արամ Ա. Կաթողիկոս եղած է ու կը մնայ մեր ազգի մարտունակութեան ոգին եւ արդարութեան ձայնը՝ ընդդէմ բոլոր սպառնացող մարտահրաւէրներուն, ի խնդիր հայ ժողովուրդի իրաւունքներու ու հայ դատի պաշտպանման եւ Արցախի ժողովուրդի վերադարձի ու անոր ինքնիշխանութեան իրաւունքի վերականգնման։ Ան կը մնայ խիղճի՛ ձայնը եւ յոյսի՛ փարոսը՝ Լիբանանի ու Սուրիոյ համայնքներու մեր զաւակներուն, անոնց ծանր ու տագնապալից օրերուն. այլեւ ամբողջակա՛ն հայութեան ձայնը, վասն հայ եկեղեցւոյ, Սփիւռքին եւ Հայրենիքի պաշտպանման ու վերելքին»:

Օրուան բանախօսն էր «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան։ Ան իր խօսքին սկիզբը Կիլկիոյ կաթողիկոսութեան վերջին եօթը դարերու պատմական հակիրճ ակնարկը կատարեց. ապա ըսաւ. «Այսօրուան հանդիսութեան մեզի վիճակուած սահմանափակ ժամանակով, անկարելի պիտի ըլլայ ներկայացնել Նորին Սրբութիւն Արամ Վեհափառին հայրապետական գահակալութեան 30-ամեայ գործունէութեան համայնապատկերը ամբողջական ու մանրամասն, սակայն պիտի փորձենք, սեղմագրուած ու համապարփակ, ի մի բերել հայ ժողովուրդի պատմութեան, հայոց պատմութեան տոմարներուն մէջ արձանագրուած Արամ Ա. Վեհափառին առաքելատիպ ու հոգեւոր առաքելութեան ժամանակագրութիւնը, իր գործունէութեան ճանաչողութիւնն ու պատմագրական ուրուագիծը»։ Գարագաշեան իր բանախօսութիւնը կեդրոնացնելով Հայրապետին աբեղայական օծման շրջանէն մինչեւ մեր օրերը՝ ըսաւ. «Արամ Վեհափառի գահակալութեան 30 տարիները եղած են բեղմնաւոր աշխատանքի, սիրոյ ու նուիրումի տարիներ։ Ան այսօր կը կը նշէ իր գահակալութեան 30 ամեակը, նոր մարտահրաւէրներով, երբ հայրենազրկութեան արհաւիրքը կը կրկնուի այսօր Արցախի մէջ, երբ մեր ինքնութեան ու ազգային արժէքները քայքայման ու կորուստի վտանգին տակ կը գտնուին, երբ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ հալածանք կը գործադրուի, երբ պատմութեան դասագիրքերը ապազգային կողմնորոշումով կը վերաշարադրուին, երբ մինչեւ իսկ Հայոց Ցեղասպանութեան հիմնահարցը կը նսեմացուի, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան իրաւատիրութեան նսեմացումով հարուածը կը հասցուի ազգի հաւաքական պատմական յիշողութեան։ Իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը նոյնինքն այդ Ցեղասպանութեան ու արհաւիրքին հետ շաղկապուած հոգեւոր էութիւն է, անքակտելի գոյաբանակա՛ն էութիւն, որովհետեւ Կաթողիկոսութիւնը կենդանի ու ապրող վկան է հայոց դէմ գործադրուած եղեռնագործութեան։ Արամ Վեհափառ պատմական Հայաստանի, այսօրուան վերանկախացած Հայաստանի եւ Արցախի իրաւունքներուն համար աննահանջ, անյողդողդ ու անվկանդ պայքարած է։ Մեր պատմութիւնը իրաւամբ զինք պէտք է կոչէ Արամ Ա. Հայրենատէր Կաթողիկոս։
«Եւ այսօր, մենք, հայութիւնը ազգովին, պէտք է հետեւինք Կիլիկիոյ Նուիրապետական Սուրբ Աթոռի գահակալ Արամ Վեհափառին ազգակերտման ուղեցոյցին, մինչեւ որ յայտնուին արդարութեան ճաճանչները, մինչեւ որ գրուի ճշմարտութիւնը, մինչեւ որ, Աստուծոյ կամօք, հայ ազգին համար բացուի պայծառակերտ նոր արշալոյս, մինչեւ որ ուրացման, լռութեան ու ժխտումի պատը քանդուի եւ բացուի հայ ազգի վարդահեղեղ ու ահեղազօր նոր արշալոյսը, մինչեւ որ դարմանուին հոգեխոց ազգին մղկտանքերը, մինչեւ որ շնչահեղձութիւնը վերածենք վերապրումի, մինչեւ որ խաւարը կենսագործենք ու վերածենք ազգի նոր ծննդոցի, մինչեւ արդարապայծառ այն օրը, «երբ բացուին դռներն յուսոյ եւ մեր երկրէն փախ տայ ձմեռ…», աւարտեց իր խօսքը Գարագաշեան։

Սիրտի խօսքով հանդէս եկաւ Գանատայի Հայից Թեմի առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեան։ Ան ըսաւ. «Սիրելի հաւատաւոր հայորդիներ, այսօր այստեղ բոլորուած ենք մեր յոբելիարին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան շնորհազարդ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, մեր որդիական երախտագիտութիւնը ընծայելու անոր, որ իր կեանքը ամբողջ նուիրեց ի փառս Աստուծոյ, ի պանծացում հայ եկեղեցւոյ եւ ի պատիւ ողջ հայ ազգին:
«Ողջո՜յն Ձեզ Նորին Սրբութիւն,
Ողջո՜յն հայ ազգի նուիրեալ կրթական մշակին,
Ողջո՜յն միջազգային հարթակներու վրայ իրաւունքը պաշտպանողին,
Ողջո՜յն միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական աննման առաջնորդին,
Ողջո՜յն հայ դատի դրօշակակիրին, մէկ խօսքով՝
Ողջո՜յն հայոց արժանընտիր Արամ Հայրիկին:

Այսօր բերկրաբեր մթնոլորտով կը նշենք Վեհափառ Հայրապետին ընտրութեան ու գահակալութեան 30 ամեակը: Տակաւին այսօրուան պէս կը յիշեմ, ինչպէս Անթիլիասի Մայրավանքէն աւետուեցաւ հայ ազգին իրենց Հայրապետին ընտրութիւնը. իմ յիշողութեան մէջ երեկուան հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի, թէ ի՜նչ ոգեւորութեամբ ղօղանջեցին Մայր Տաճարին զանգերը՝ բաժնելով ազգիս ուրախութեան լուրը համայն աշխարհին: Այս խանդավառութեամբ սկսաւ Վեհափառ Հայրապետը իր անձնուրաց ծառայութեան նոր հանգրուանը, այս անգամ իբրեւ Կաթողիկոս: Այսօր, երբ 30 տարիներ ետք կը նայինք մեր Հայրապետին գործունէութեան, արդարօրէն կը վկայենք, թէ Վեհափառը մեր թեմերուն նոր աւիշ ու նոր արիւն ներարկեց՝ ի խնդիր մեր համայնքային կեանքի վերանորոգման, Դպրեվանքին աննախադէպ պայծառութիւն տուաւ, քրիստոնէական դաստիարակութեան հաւատքի առաքելութեան զարկ տուաւ, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական շարժումին նոր շունչ ու ոգի ներմուծեց, համազգային մշակութային շարժումը հիմնովին վերանորոգեց: Սիրելի հաւատաւոր ժողովուրդ, տակաւին երկա՜ր է շարքը Նորին Սուրբ Օծութեան իրագործումներուն, ինչ որ դժուար է սեղմ ժամանակահատուածի մը մէջ նշել բոլորը: Այժմ թոյլ տուէք, որ խոնարհաբար եւ ձեր անունով մեր սրտագին շնորհաւորանքը փոխանցեմ մեր սիրելի Հայրապետին: Թող որ Աստուած Ձեր հայրապետական ասան ծաղկուն պահէ, Վեհափառ Տէր, արեւշատութիւն եւ ընդ երկար գահակալութիւն Ձերդ Սրբութեան։ Աստուած օգնական, Վեհափառ Հայր»։
Հանդիսութեան աւարտին, իր հայրապետական խօսքը ուղղելով ներկայ ժողովուրդին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. «Կաթողիկոսին հովուապետական ծառայութեան ամեակ նշել կը նշանակէ Կաթողիկոսութեան ծառայութեան ամեակը նշել։ Կաթողիկոս ու Կաթողիկոսութիւն մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն, անոնք նոյնացած են անբաժանելիօրէն։ Ինչ որ Կաթողիկոսը կը կատարէ որպէս ծառայութիւն, ան յանուն Կաթողիկոսութեան կը կատարէ, Կաթողիկոսութեան առաքելութեան առաւել կենսաւորման եւ եկեղեցւոյ առաւել պայծառութեան համար կը կատարէ։

«Անցնող 30 տարիներու շրջանը Կաթողիկոսութեան առաքելութեան մէջ եղան թէ՛ տագնապի եւ թէ՛ իրագործումներու տարիներ։ Արդարեւ, Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրանի, Հայաստանի դիմագրաւած տագնապներն ու վերիվայրումները մեծապէս ազդեցին մեր առաքելութեան վրայ։ Անոնք մնայուն ներկայութիւն դարձան մեր կեանքին ու գործունէութեան մէջ։ Այդ կացութիւններուն նկատմամբ Մեր տեսակէտները յստակօրէն արտայայտեցինք եւ միաժամանակ, ծառայութեան ճամբով, մեր դրական ու գործօն մասնակցութիւնը բերինք թէ՛ հարցերու լուծման եւ թէ՛ մեր համայնքներու աջակցութեան գծով։
«Անցնող 30 տարիները նաեւ իրագործումներու տարիներ եղան. բազմաթիւ իրագործումներ կատարեցինք առաքելութեան այլազան բնագաւառներէն ներս։ Ճիշդ է, հոգեւորը, որպէս եկեղեցի, մեր առաքելութեան առանցքը կը կազմէ. սակայն կարելի չէ հոգեւորը անջատել մեր կեանքի այլ երեսներէն, որովհետեւ հայ եկեղեցին ողջ պատմութեան ընթացքին, իր հոգեւոր ծառայութեան առընթեր, յատուկ կարեւորութիւն է տուած նաեւ մեր կեանքի ազգային տարածքին։ Հետեւաբար, քրիստոնէական դաստիարակութեան առընթեր, կրթական, մշակութային, ընկերային, պահանջատիրական, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական մարզերը ամբողջական մասը կազմած են մեր առաքելութեան եւ յիշեալ մարզերէն ներս յատկանշական իրագործումներ կատարած ենք։
«Այս ծիրէն ներս, բնականաբար, Հայաստանը ու Արցախը յատուկ տեղ գրաւած են Անթիլիասի առաքելութեան մէջ։ Ընկերային ու մարդասիրական ուղղութեամբ մեր Սուրբ Աթոռը, ինչպէս նաեւ մեր թեմերը, իրենց կարելին կատարած են։ Քաղաքական շրջագիծէն ներս, մեր արտաքին յարաբերութեանց ընթացքին միշտ արծարծած ենք Հայաստանին ու Արցախին առնչուած հարցեր՝ զօրավիգ կանգնելով մեր ազգային արժէքներուն ու իրաւունքներուն։ Հայաստանը յուզող հարցերուն նկատմամբ մեր Սուրբ Աթոռը իր տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները յստակ ու հետեւողական կերպով արտայայտած է։

«Նո՛յն ոգիով ու յանձնառութեամբ Անթիլիասի առաքելութիւնը առաւել թափով կը շարունակուի», շեշտեց Նորին Սրբութիւնը։ Ապա, ան ընդգծեց. «Անթիլիասը սովորական ծառայութիւն չէ որ կը կատարէ. անոր ծառայութիւնը շաղախուած է նուիրումով` ուղղուած մեր ժողովուրդին։ Մեր ժողովուրդն է անոր հզօրութեան աղբիւրը։ Անթիլիասի ծառայութիւնը եղաւ ու կը մնայ գերազանցօրէն համապարփակ ու համազգային եւ այդ ծառայութիւնը իր ուղղութիւնը կ՚առնէ Հայրենիքին ու ազգին գերագոյն ու ընդհանրական շահերէն ու իտէալներէն։ Անթիլիասը իր խօսքը միշտ ըսած է ու կ՚ըսէ յստակօրէն` հեռու երկդիմի ու կողմնակի մօտեցումներէ։ Մեր ժողովուրդին միասնականութիւնը, մեր գերագոյն արժէքներուն շուրջ, համազգային օրակարգի մը շուրջ մեր ժողովուրդի զաւակներուն համախմբումը մեզի համար կը մնայ էական ու առաջնահերթ»։
Հանդիսաւոր գեղարուեստական յայտագիրի երգեցողութեան բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Գերապատիւ Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան եւ Արժանապատիւ Տ. Նշան Քհնյ. Մանուկեան` կատարելով մեներգութիւններ։
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» օրհներգով։