Պօղոս Առաքեալի Նամակէն (Գղ 4.3-18):
«Բայց երանի տե՛ւաբար բարիին նախանձախնդիր ըլլաք, եւ ո՛չ միայն երբ որ ես ձեր մէջ ներկայ եմ» (Գղ 4.18):
Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած մարդը, որպէս լրումն ու պսակումը տիեզերքի ստեղծագործութեան, իր մէջ ունենալով ստեղծիչին շունչը եւ բանականութեան պարգեւը՝ Արարիչին փայլքին արտացոլացումն է: Մարդը ունի ազատ կամք, բարին ու չարը զանազանելու իմացականութիւն, զարգանալու, յառաջդիմելու, արտադրելու կարողութիւն եւ իր գործերով անմահանալու ձգտում: Սակայն մեր կեանքի ընթացքին կը հանդիպինք կարգ մը ապերախտ մարդոց, որոնք կը մերժեն Աստուած, որ մարդկութեան կեանքի գոյութեան իմաստն ու նպատակն է: Այս մտահոգութենէն մղուած Պօղոս առաքեալ կը թելադրէ՝ Աստուծոյ նկատմամբ գիտակից հաւատքով շարունակենք մեզի շնորհուած առաքելութիւնը եւ օրինակ դառնանք մեր շրջապատին: ա-Հաւատքով եւ համոզումով. բ- Սիրով եւ անկեղծութեամբ. գ-խօսքով եւ գործով. Մարդիկ յաճախ կը կարծեն, որ բարոյական պարտականութիւնները կատարելու համար գերբնական ուժերու եւ միջոցներու կարիքը կայ: Իսկ կրօնական ճշմարտութիւնները ըմբռնելն ու գործադրելը այս աշխարհին մէջ անհնարին է: Սակայն, իւրաքանչիւր անձ իր պարտականութիւնը ամբողջացնելու համար պարտ է գիտակցիլ, սիրով ու զոհողութեամբ զանոնք կատարել: ա-Աստուծոյ հանդէպ պարտականութիւնը կատարելէ առաջ, պէտք է ճանչնայ զԱյն՝ իր յայտնութիւններուն միջոցով՝ նահապետներուն, մարգարէներուն եւ յատկապէս Յիսուսի, որ Իր անձը ընծայաբերեց մարդոց փրկութեան համար: բ-Պարտաւոր է իր նմանները սիրել եւ ծառայել, այնպէս ինչպէս՝ իր անձին: գ-Մարդ իր անձին հանդէպ՝ պարտաւոր է աստուածային պատուիրաններուն համաձայն ապրիլ, որպէսզի փրկութեան ընթացքի մէջ գտնուի: Աւետարանի համաձայն, գովեստի արժանի է այն ծառան, որ գիտէ իր տիրոջ կամքը եւ ըստ այնմ կը կատարէ զայն: Իսկ կորուտի կ’արժանանայ ան, որ գիտէ իր տիրոջ կամքը եւ չի կատարեր: Քրիստոնեային կեանքի գերագոյն նպատակը Աստուած է, որուն համար կ’ապրի որպէս աղ ու լոյս՝ համեմելով եւ լուսաւորելով, ծառայելու իր շրջապատին: Քրիստոսնեան անխոնջ աշխատանքով ու կեանքով զԱստուած կը փառաւորէ գիտակցելով, որ դժուարութիւններն ու նեղութիւնները կը զօրացնեն զինք եւ կ’առաջնորդեն Աստուծոյ շնորհելիք յաւիտենական փառքին: Ինչպէս նաեւ՝ կեանքը նպատակասլաց պայքար ու կռուադաշտ մըն է, ուրկէ պէտք է յաղթական դուրս գալ՝ արժանանալու Աստուծոյ խոստացած անվախճան բարութեան:
Առ այդ, հաւատքով ու գիտակցութեամբ վստահինք Քրիստոսի եւ շարունակենք ապրիլ մեր կեանքը, որպէսզի Քրիստոսի Երկրորդ Գալուստին՝ արժանանանք Տիրոջ խօսքին. «Եկէ՛ք, Հօրս կողմէ օրհնեալներ եւ ժառանգեցէք այն արքայութիւնը որ ձեզի համար աշխարհի սկիզբէն պատրաստուած է» (Մտ 25.34):
ՂՈՒԿԱՍՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆԷՆ (4.14-23)

Յիսուս գալիլեա վերադարձաւ Ս. Հոգիին զօրութեամբ, եւ ամբողջ գաւառին մէջ Իր համբաւը տարածուեցաւ: Անոնց ժողովարաններուն մէջ կ’ուսուցանէր՝ արժանանալով բոլորին հիացումին ու գովասանքին: Եկաւ Նազարէթ քաղաքը, ուր մեծցած էր, եւ իր սովորութեան համաձայն Շաբաթ օր ժողովարան գնաց: Երբ ոտքի ելաւ կարդալու համար օրուան ընթերցուածը, իրեն տուին Եսայի մարգարէին գիրքը: Բացաւ եւ գտաւ այն տեղը ուր կ’ըսէ. «Տիրոջ Հոգին վրաս է. որովհետեւ զիս օծեց եւ ղրկեց՝ աղքատներուն փրկութեան աւետիսը տալու, սրտաբեկները մխիթարելու, գերիներուն ազատութիւն բերելու, կոյրերուն աչքերը բանալու, հարստահարուածները ազատելու եւ յայտարարելու՝ թէ հասած է ժամանակը»: Ապա գոցեց գիրքը, տուաւ պաշտօնեային եւ նստաւ: ժողովարանին մէջ գտնուողներուն բոլորին աչքերը իրեն սեւեռած էին,երբ ըսաւ. այս մարգարէութիւնը որ դուք լսեցիք, ահա այսօր իրականացաւ: Ամէնքն ալ տպաւորուած էին իրմէ եւ հիանալով անոր շնորհալի խօսքերուն վրայ՝ կ’ըսէին. – Այս մարդը Յովսէփի որդին չէ՞: Յիսուս ըսաւ. -Անտարակոյս ինծի պիտի ըսէք հետեւեալ առածը. «Բժիշկ, դուն քեզ բժշկէ»: Եւ ինչ որ լսեցիք որ գործեր ես Կաբառնաումի մէջ, այստեղ՝ քու հայրենի գաւառիդ մէջ ալ կատարէ:
Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, Յովհաննէս Մկրտիչէն մկրտուելէ ետք Ս. Հոգիին առաջնորդութեամբ անապատ կ’երթայ եւ քառասուն օրեր ծոմապահութեամբ եւ աղօթքով անցնելէ ետք, Սատանայէն կը փորձուի:
Ղուկասի Աւետարանը մեզի կը պատմէ, թէ անապատէն վերադարձին «Եկաւ Նազարէթ քաղաքը, ուր մեծցած էր, եւ իր սովորութեան համաձայն Շաբաթ օր ժողովարան գնաց» (Ղկ 4.16): Այս համարին մէջ Ղուկաս աւետարանիչ անուղղակիօրէն կը պատասխանէ Ս.Գիրքը սխալ մեկնաբանողներուն, որոնք կ’ըսեն թէ՝ Յիսուս Իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին տասներկուքէն մինչեւ երեսուն տարիքը կ’անհետանայ, ապա մկրտութեան ատեն կը յայտնուի: Հետեւաբար ո՞ւր էր Ան այդ միջոցին: Մեր տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս եկած էր ամբողջացնելու Հին Կտակարանի Օրէնքները, որուն ակներեւ մէկ փաստն է ի գործ դնելը Հին Ուխտի հետեւեալ աստուածային պատուիրանը.(Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով. «Ղեւիի որդիներէն Կահաթի որդիներուն մարդահամարը առ, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ: Երեսուն տարեկանէն վեր մինչեւ յիսուն տարեկանը, վկայութեան խորանին մէջ ծառայութիւն ընելու համար» (Թւ 4.1-3): Այսինքն կը նշանակէ, թէ Յիսուս սպասեց օրինական տարիքը, ապա Յորդանան գետին մէջ մկրտուելով յայտնուեցաւ Իր աստուածութիւնը եւ սկսաւ Իր երկրաւոր առաքելութեան: Իսկ «իր սովորութեան համաձայն» կը նշանակէ թէ, մեր Տէրը ամէն Շաբաթ Օրէնքը յարգած ըլլալով տաճար կ’երթար աղօթելու: Նազարէթցիները զԻնք կը հրաուիրէին Ս. Գիրքը ընթերցելու: Յիսուս սակայն առանց օրուան կարգին նայելու, տեղ մը կը բանայ Ս. Գիրքէն եւ իր դիմաց կը յայտնուի Եսայիի այն մարգարէութիւնը, որ Յիսուսի համար կ’ըսէ .«Տիրոջ Հոգին վրաս է. որովհետեւ զիս օծեց եւ ղրկեց՝ աղքատներուն փրկութեան աւետիսը տալու, սրտաբեկները մխիթարելու, գերիներուն ազատութիւն բերելու, կոյրերուն աչքերը բանալու, հարստահարուածները ազատելու եւ յայտարարելու՝ թէ ահա հասած է ժամանակը, երբ Տէրը պիտի փրկէ իր ժողովուրդը» եւ ըսաւ «Այս մարգարէութիւնը որ դուք լսեցիք, ահա այսօր իրականացաւ» (Ղկ4.18-21): Յիսուս անշուշտ, Իր համաքաղաքացիներուն կը պարզէր իր երկրաւոր առաքելութիւնը: Շարունակելով բաշխել Իր Երկնքի Արքայութեան Մարգարիտները այնպիսի գեղեցիկ կերպով, որ Իր երկրաւոր առաքելութեան կորիզը կը կազմէր, բոլորը ափ ի բերան կ’ըսէին. «Այս մարդը Յովսէփին որդին չէ՞» (Ղկ 4.22): Յիսուս կը պատասխանէ անոնց ըսելով. «Բայց դուք ալ գիտէք, որ մարգարէն իր ծննդավայրին մէջ յարգ չունի» (Ղկ 4.24): Իսկապէս ալ այսպէս եղած է, մարդկութեան պատմութիւնը, իր առաքելութեան մէջ յաջողած անձ մը, իր ժողովուրդին քով արժէք չի ունենար, մարգարէներն ալ այդպէս էին, օտարներ աւելի օգտուած են, իսկ իրենց ազգակիցները անմասն մնացած են: Եղիա Մարգարէին ժամանակ, Իսրայէլացիներէն ոչ ոք բախտաւորուեցաւ օգտուիլ Եղիայի ներկայութենէն, բացի Սարեփթա բնակող օտարազգի սիդոնացի այրի կինը: Եղիսէ Մարգարէին ժամանակ ալ նոյնը պատահեցաւ, բորոտութիւնը երբ համաճարակ ընդարձակ վարկածի մը վերածուեցաւ, Իսրայէլացիներէն ոչ ոք Եղիսէի հրաշքէն օգտուելով սրբուեցաւ, բացի ասորի Նէէմանը. (Գ.Թգ 15.8-16:եւ,Դ.Թգ 5.9-14): Այսպէս Յիսուս կը մերժուի Իր ծննդավայր Նազաէթի մէջ:
Ս. ՄԱՏԹԷՈՍ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՉ

Մատթէոս Աւետարանին հեղինակը՝ Մատթէոս առաքեալն է՝ «Յիսուս տեսաւ մաքսաւոր մը, Մատթէոս անունով, որ մաքս գանձելու նստած էր, եւ ըսաւ անոր. «Հետեւէ Ինծի» (Մտ 9-9), որ կոչուած է նաեւ Ղեւի: Մաքսաւորներու նկատմամբ ատելութիւն կար, որովհետեւ անոնք Հռոմէական կառավարութեան պարտադրած հարկերը կը հաւաքէին, յաճախ ալ իրենց դիրքէն օգտուելով շահագործումներ եւ կեղեքումներ կը կատարէին: Ուշագրաւ երեւոյթ է հաւանաբար այսպիսի նկարագրով ատելի նկատուած անձի մը ընտրութիւնը՝ գրելու համար Մատթէոսի Աւետարանը:
Մատթէոսի Աւետարանը յատկապէս ուղղուած է իրեն ժամանակակից եբրայեցի քրիստոնեաներուն, որոնց կը յայտնէ թէ Յիսուսն է խոստացուած Մեսիան եւ Փրկիչը:
Աւետարանը գրուած է ժամանակագրական կարգաւորութեամբ: Յիսուսի ազգաբանութենէն սկսեալ մինչեւ Անոր Յարութիւնը: Աւետարանիչը Քրիստոսը կը ներկայացնէ իբրեւ հեղինակաւոր Ուսուցիչ, որ իշխանութիւն ունի Աստուծոյ Օրէնքը բացատրելու եւ քարոզելու Աստուծոյ Արքայութեան մասին:
Մատթէոսի Աւետարանին մէջ, յատկանշական երեույթ մըն է, որ առաքեալը Յիսուսի ուսուցումները կը ներկայացնէ յատուկ խմբաւորումներով:
Մատթէոսի Աւետարանը չորս Աւետարաններէն ամէնէն մեծն է իր ծաւալով, կը բովանդակէ 28 գլուխ եւ մեծագոյն գանձարանն է Յիսուսի կենսատու խօսքերուն: Ան կամուրջ մը կը կազմէ Հին եւ Նոր կտակարաններուն միջեւ, աւելի քան 60 ակնարկութիւններ կ’ընէ Հին կտակարանէն:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան