ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ՝ «ՀԱՐԿ Է ՈՒՍՈՒՄԸ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՈՒ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ԱՐԺԵՒՈՐԵԼ» ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Երէկ՝ Ուրբաթ, 3 Հոկտեմբեր 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, ընդունեց Լիբանանի Զաւարեան Ուսանողական Միութեան կազմակերպած միջ-ուսանողական խորհրդաժողովի մասնակիցները։ Խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 12 երիտասարդական ու ուսանողական միութիւններ։

Խօսք առնելով Միութեան ատենապետ Սամիկ Կարապետեան՝ խորին երախտագիտութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ իր օրհնութեամբ ու հայրական ներկայութեամբ կարելի դարձաւ մեկնարկել Միութեան կազմակերպած յիշեալ խորհրդաժողովը: Ապա, Նորին Սրբութեան ներկայացուց միջ-ուսանողական խորհրդաժողովին հետապնդած նպատակները. նախ՝ արժեւորում կատարել Միութեան կատարած գործունէութեան, երկրորդ՝ վերլուծել Միութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները, երրորդ՝ մշակել ընդհանուր օրակարգ մը, որուն շուրջ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները պիտի կարենան համախմբուիլ: Ան լուսարձակի տակ բերելով հայ կեանքը յուզող զանազան հարցերը՝ ըսաւ, թէ մեր երիտասարդութիւնը պէտք է պատրաստուի դառնալու ո՛չ միայն տիպար քաղաքացիներ, այլեւ գաղափարական ոգիով ու ազգային ապրումներով թրծուած հաւատացեալ հայորդիներ: Այս առումով, ձեր պատգամը մեզի համար ունի առաջնակարգ կարեւորութիւն. ձեր ուսուցած սկզբունքները՝ ծառայութիւն, հայապահպանում, հաւատարմութիւն մեր ազգային ու եկեղեցական արժէքներուն նկատմամբ։ Ձեր յորդորներն ու թելադրութիւնները մեզի համար պիտի դառնան ուղեցոյց՝ մեր կատարելիք աշխատանքներուն, ըսաւ ան: Կարապետեան իր խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով Վեհափառ Հայրապետին՝ անոր ցուցաբերած հայրական օժանդակութեան, մշտական հոգածութեան եւ առաջնորդող ուղղութիւններուն համար:

Արամ Ա. Կաթողիկոս ողջունեց ուսանողական միութիւններու կարեւոր դերը մեր ազգային կեանքին մէջ՝ կարեւորութեամբ շեշտելով ուսումը հայ կեանքէն ներս մասնակցութեամբ արտայայտելու ու զայն ծառայութեամբ արժեւորելու հրամայականը, այլապէս ուսումը կը դառնայ ինքնակեդրոն ու ինքնանպատակ։ Անհրաժեշտ է հեռու մնալ նման փորձութենէ: Ապա, Նորին Սուրբ Օծութիւնը չորս կէտերու մէջ իր մտածումներն ու թելադրութիւնները յայտնեց ուսանողներուն.

ա) Հարկ է ուսումը վկայականով չաւարտել, այլ՝ զայն վերածել մնայուն ընթացքի: Վկայականը գնահատանքի արտայայտութիւն է, միաժամանակ պէտք է դառնայ մարտահրաւէր՝ ուսման նոր տարածքներու բացուելու ու բարձունքներ նուաճելու: Որեւէ մասնագիտութեան տէր անձ, երբ վկայականը կը նկատէ վերջակէտ, ան երբեք չի յաջողիր իր ասպարէզին մէջ, մանաւանդ ամէնօրեայ նորութիւններով լեցուն ներկայ համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ:

բ) Հարկ է զգոյշ ըլլալ գրքունակ դառնալու փորձութենէն: Ճիշդ է՝ գիրքը, ուսումնասիրութիւն կատարելը եւ յօդուած գրելը կարեւոր գործօններ են ուսումնական կեանքին մէջ, սակայն անոնք ուսանողը որոշ շրջագիծի մէջ կը պահեն: Ուսանողը պէտք է գիրքէն եւ ուսումնասիրութենէն անդին դիտէ, բնականաբար իր մասնագիտութեան կապուած բնագաւառէն ներս, տեղի ունեցող զարգացումները, որոնք դարձած են յաճախակի ներկայ աշխարհին մէջ:

գ) Հարկ է ներքին յարակցութիւն ստեղծել մեր եւ արտաքին աշխարհի իրականութիւններուն ու մտահոգութիւններուն միջեւ: Ուսումը յաճախ ուսանողը կը մղէ իր մասնագիտութեան ծիրէն, ինչպէս նաեւ հայ կեանքի սահմաններէն ներս մնալու՝ լայն չափով կտրելով իր յարաբերութիւնը իր շուրջ տեղի ունեցող իրականութիւններուն ու զարգացումներուն հետ: Ճարտարագիտութեամբ տիրապետուած տեղեկատուական ու յարաբերական ներկայ աշխարհին մէջ, ուսանողը չի կրնար ինքզինք պարփակել ու կղզիացնել թէ՛ իր մասնագիտութեան եւ թէ՛ հայկական շրջանակին մէջ. ան կոչուած է ներքին յարաբերութիւն մը ստեղծել անոնց միջեւ, բնականաբար միշտ կապուած մնալով իր մասնագիտութեան ու մեր ազգային իրականութեան:

դ) Հարկ է մեր ազգային ընդհանրական արժէքներն ու իտէալները ամուր պահել: Դուք կու գաք տարբեր երկիրներէ: Հայկական տարբեր գաղութներու մէջ կ՚ապրիք ու կը գործէք: Բնականաբար, ձեր կեանքի ներքին ու արտաքին պայմանները լայն չափով տարբեր են: Այդ տարբերութիւնները յաճախ մօտեցումի ու ոճի, նոյնիսկ առաջնահերթութեան ու գործելակերպի տարբերութիւններ կը յառաջացնեն: Անհրաժեշտ է սակայն, այդ տարբերութիւններէն վեր, կառչած մնալ մեր ազգային հաւաքական ու ընդհանրական արժէքներուն, մտահոգութիւններուն ու իտէալներուն: Հո՛ս կը կայանայ մեր մէ՛կ ազգի ու Հայրենիքի, մէ՛կ անցեալի, ներկայի ու ապագայի պատկանելիութեան հիմքը ու երաշխիքը:

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց խորհրդաժողովի մասնակից երիտասարդներուն կողմէ ուղղուած հարցումներուն:

Հանդիպման աւարտին, անոնք շրջեցան Սուրբ Աստուածածին Վանքի շրջափակը, այցելեցին յետ Ցեղասպանութեան հայ ժողովուրդին վերածնունդը խորհրդանշող յուշարձանը, Սուրբ Աստուածածին մատուռը եւ Դպրեվանքը: