Սահակ եւ Համազասպ հարազատ եղբայրները Արծրունեանց տոհմի նախարարներ էին եւ վասպուրականի տէրէրը:
Անոնք ապրած են Ը. դարուն, Կոստանդինի կայսրութեան եւ Մուսէ արաբ ամիրապետի շրջանին:
Նոյն շրջանին Հայերը մեծ նեղութիւններ կը կրէին այլազգի ոստիկաններէն:
Ուստի միաբանելով՝ հայ իշխաներ զանոնք կը վտարեն հայկական հողերէն եւ որպէս անկախ իշխանութիւն կը ղեկավարեն երկիրը եւ Համազասպ Արծրունին մարզպետ կը կարգեն:
Ամիրապետը իրազեկ դառնալով եղելութեան, իսկոյն՝ Եզիտ անուն ոստիկան մը կը ղրկէ, որ կեղծ խոստումներով երկու նախարարները եւ իրենց կրտսեր Մերուժան եղբայրը արաբ հազարապետին մօտ կը հրաւիրէ:
Հազարապետը նախ յարգալից վերաբերումունք ցոյց կու տայ նախարարներուն, ապա զիրենք կը տանին Պարտաւ քաղաքը եւ հոն իր իսկական դիմագիծը եւ նպատակը ցոյց կու տայ, առաջարկելով՝ կամ ուրանալ Քրիստոնէական հաւատքը եւ կամ ընդունիլ մահը:
Քաջ իշխանները կը նախընտրեն նահատակութիւնը, քան թէ ուրանալ իրենց հաւատքը:
Այն ատեն հազարապետը զիրենք կը բանտարկէ եւ կրկին կը փորձէ համոզել, որ ուրանան իրենց հաւատքը, հակառակ պարագային կը սպառնայ զիրենք չարաչար սպաննել:
Իրենց եղբայրը Մերուժան թուլասիրտ կը գտնուի, անմիջապէս կ’ուրանայ իր հաւատքը, հազարապետին քով երթալով յանձն կ’առնէ մահմետական դառնալ:
Մերուժան կը կարծէ, որ այս ընթացքով ինք Վասպուրականի իշխան պիտի դառնայ, բայց արծրունեաց իշխանութեան առժամեայ վարչութեան պետ Դաւիթ Մամիկոնեան իշխանը, լսելով եղելութիւնը, անոր ընդառաջ երթալով կը նախատէ եւ կը սպաննէ զինք:
Նենգամիտ հազարապետը, կարծելով թէ հայ իշխանները իրենց եղբօր արարքէն ետք, կարծիքնին փոխած կ’ըլլան, կրկին խոստումներ կու տայ ուրանալու իրենց հաւատքը, սակայն իշխանները խոստացուած պատիւներու փոխարէն նահատակութիւնը յանձն կ’առնեն:
785 թուականին, կը նահատակուին Քրիստոսի երկու վկաները՝ Ս. Համազասպ եւ Ս. Սահակ Իշխանները: Ամէն տարի Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցին կը յիշէ եւ կը մեծարէ անոնց յիշատակը: (Վարք Սրբոց):
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան