ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՍՈՒՐԲԵՐԸ

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԵՕԹԱՆԱՍՈՒՆ ԵՐԿՈՒ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ

Քրիստոսի եօթանասուն երկու կամ «եօթանասունք» կոչուող աշակերտները, տասներկու առաքեալներուն հետ Քրիստոսի Աւետարանը համայն աշխարհին տարածելու նոյն առաքելութեան կոչուած առաքեալներ էին, որոնց համար Յիսուս ըսաւ. «Հունձքը առատ է, բայց մշակները՝ քիչ: Գացէ՛ք ահա կը ղրկեմ ձեզ իբրեւ գառնուկներ՝ գայլերու մէջ: Ով որ ձեզ լսէ՝ զիս լսած կ’ըլլայ, եւ ով որ մերժէ՛ զիս մերժած կ’ըլլայ» (Ղկ 10.2-16):

Եօթանասուն երկուքէն ոմանք Քրիստոսի Խաչ բարձրանալէն առաջ ընտրուած էին, իսկ ուրիշներ ալ՝ յարութենէն ետք:

Նոր կտակարանին մէջ անոնց անունները հազուագիւտ յիշատակուած են: Անոնք ընդհանրապէս շրջաններու առաջնորդ կամ եպիսկոպոս եղած են եւ անոնցմէ շատեր՝ նահատակուած:

Վարք Սրբոցներ (Յայսմաւուրք) եւ այլ աղբիւրներ կը վկայէն եօթանասուն երկու աշակերտներու դասուն պատկանող քառասուն ստոյգ եւ երեսուն հաւանաբար կիներ, խնդրական անուններու մասին:

Ինչպէս որ տասներկու առաքեալներուն մեջէն Յուդա Իսկարիովտացին մատնեց Քրիստոսը, այնպէս ալ եօթանասուն երկուքին մէջէն՝ Նիկողայոս Անտիոքացի աղանդապետը, Փիքելոսը, Հերմոգինէսն ու դեմասը դարձան Քրիստոսը ուրացողներ եւ Քրիստոսի հետեւորդները սխալ վարդապետութիւններու ճամբով մոլորեցնողներ, որոնք աւանդութեան համաձայն Յուդայի նման դուրս դրուեցան առաքեալներու խումբէն եւ անոնց փոխարէն ուրիշներ ընտրուեցան:

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կը ներբողէ Քրիստոսի քաջ եւ հաւատարիմ զինուորներն ու առաքինի առաքեալները, ըսելով. «Այսքան բազմագումար դասը ընտրեալներուն՝ ո՜վ կրնայ ըստ բաւականին ներբողել: Անոնք մաքրակենցաղ առաքինութեամբ եւ տիրաքարոզ ճանապարհորդութեամբ եւ մեծ բերկրանքով իրենց առաքողին անունը կը պատմէին. ախտերը՝ կը բուժէին, այսերը (չար ոգիները) կը հալածէին: Զանոնք առաքող Աստուածը՝ արժանացուց նաեւ սուրբ արքայութեան: «Վարք Սրբոց» (էջ 31-34):

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան