ՏՕՆ՝ ՎԱՐԱԳԱՅ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԳԷՈՐԳ ԶՕՐԱՎԱՐԻ

ՄԱՐԴՈՒ ՈՐԴԻԻՆ ԳԱԼՈՒՍՏԸ

Պօղոս Առաքեալի Նամակէն

«Գալով ինծի, քա՛ւ լիցի որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենալ» (Գղ 6.14):

Մեծ առաքելը՝ Պօղոս, գաղատացիներուն գրած նամակով կը ջանայ հաւատացեալներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացնել Քրիստոսի խաչին իսկական իմաստին վրայ: Պօղոս առաքեալ կը նկատէր իր շուրջ երեք ուժեղ հոսանքներու հետեւող հակառակորդներ.

ա-Օրէնքի եւ հրաշքի հետամուտ եբրայեցիներ.

բ-Իմաստութեան եւ գիտութեան հետեւող յոյներ.

գ-Ուժի եւ զէնքի հաւատացող հռոմէացիներ.

Անոնք յաճախ կ’անարգէին խաչը, ըսելով թէ ան կը գործածուի պատիժի եւ մահուան դատապարտեալներու իբրեւ գործիք: Բոլոր ոճրագործները եւ մահապարտները խաչի մահով կը սպանուէին, այս իսկ պատճառով կը սարսափէին խաչէն:

Առաքեալը, սակայն, խաչի խորհուրդը կը փորձէ քրիստոնէական կրօնի հիմնական առանցքը դարձնել եւ զայն վերածել պարծանքի, սիրոյ, զոհողութեան, բարութեան, հնազանդութեան, հեզութեան եւ համբերութեան խորհրդանիշ: Զարմանալի չէ, որ իր խօսքը ուղղելով վերոյիշեալ հոսանքներու հետեւողներուն կ’ըսէ. «Խաչին մասին քարոզութիւնը յիմարութիւն կը թուի կորուստի ճամբուն մէջ գտնուողներուն համար, մինչ մեզի՝ փրկութեան ճամբուն մէջ գտնուողներուս համար Աստուծոյ զօրութիւնն է անիկա» (Ա.Կր 1.18):

Քրիստոսի խաչելութեամբ խաչը դադրեցաւ չարչարանքի եւ մահուան սարսափելի գործիք ըլլալէ: Քրիստոս իր արիւնը թափեց խաչին վրայ մարդոց մեղքերը քաւելու եւ յաւիտենական կեանք պարգեւելու: Այս խօսքով, խաչ բառը իմաստափոխուեցաւ իր երբեմնի նշանակութենէն եւ ստացաւ փրկագործութեան խորհրդանիշ:

Քրիստոս իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին, խաչին առանձնայատուկ եւ կարեւոր տեղ կու տար: Պօղոս առաքեալ այս իրողութիւնը շատ լաւ գիտնալով, իր նամակներուն հիմնական նպատակը կը դարձնէ մեկնաբանել եւ իր կեանքով վկայել խաչին գաղափարը: Ան առաքելական քարոզութեան եւ շրջագայութեան ընթացքին, բանաւոր եւ գրաւոր խօսքերով Յիսուսի նկարագրային քաջութիւնը եւ խաչելութեան դրուագին, սարսափազդու դէպքերուն բնոյթը լաւապէս պարզաբանելէ անդին, մարդկութեան ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ, թէ ինչպէս չարը ներքին մղիչ ուժ ունի մարդիկ մոլորեցնելու: Պօղոս առաքեալ խաչը Աստուծոյ զօրութեան խորհրդանիշը կը նկատէ: Առաքեալը հաւատացեալներէն կ’ակնկալէ կատարեալ հաւատքով եւ պարծանքով ըմբռնել խաչի գաղափարը եւ ոչ թէ խղճալով:

Յիսուս Քրիստոսի ժամանակակից, եբրայեցի ղեկավարները մահուան դատապարտուեցին զԻնք խաչին վրայ որպէս ոճրագործ, որովհետեւ անոնք չկրցան հանդուրժել Քրիստոսի ճշմարիտ ուսուցումներն ու սկզբունքները:

Մահուան պատիժը հետեւանք էր մարդկային չարամտութեան, Աստուծաշունչ Մատեանին մէջ բազմաթիւ յիշատակութիւններ կան այս մասին: Քրիստոս որպէս մարդկութեան Փրկիչ, կը մահանայ խաչին վրայ: Այս սկզբունքին հետեւելով Պօղոս առաքեալ կը նկարագրէ Քրիստոսի խաչին փրկագործութեան խորհուրդը, թէ Քրիստոս խաչին վրայ զոհաբերութիւն էր որ կը կատարէր, զարմանալի չէ, որ խաչ եւ խաչելութիւն բառերը քրիստոնէական գրականութեան մէջ հոմանիշ են փրկագործութեան եւ մեղքերու քաւութեան գաղափարներուն:

Այսօր, հպարտութեամբ կը կրենք խաչը, մեր եկեղեցիները ու բնակարանները խաչերով կը զարդարենք, յաճախ կը խաչակնքենք ուրախ եւ տխուր առիթներով: Խաչը իրարու ագուցուած սովորական երկու փայտ չէ եւ ոչ ալ երկրաչափական ուղղաձիգ եւ հորիզոնական գիծեր, այլ Աստուծոյ եւ աստուածային շնորհքներու դէպի երկիր էջքի ճանապարհ: Իսկ հորիզոնական թեւը, բոլոր ժամանակներու ամբողջ մարդկութեան ճիգն ու ձգտումը Աստուած ճանչնալու: Խաչը ունի ուրիշ այլաբանական իմաստ մը եւս, երկինքէն երկիր Աստուծոյ էջքը, իրեն հետ երկինք բարձրացնելու համար մարդ արարածը: Խաչի զօրութեան գիտակցութիւնը յուսադրիչ խթան եւ ապաւէն պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի կեանքին եւ ստանձնած պարտականութեան մէջ: Խաչը մարտահրաւէր մըն է մարդուն, տրուած Քրիստոսի կողմէ: Արդեօ՞ք կը յաջողինք ըմպել այն բաժակէն, զոր Քրիստոս ըմպեց, կամ գիտե՞նք այդ ծանր բայց քաղցր լուծի գաղտնիքը: Մարդկային իմաստութիւնը ի զուր չէ ըսած. «Ամէն մարդ իր խաչը ունի այս աշխարհին մէջ»: Ամէն մարդ իր խաչը ուսին պէտք է բարձրանայ Գողգոթա, որպէսզի իր կեանքով եւ զոհողութեամբ կարենայ արդարանալ, սրբուիլ եւ յաւիտենական փառքին արժանանալ:

Եթէ կը հաւատանք, թէ Քրիստոս խաչուեցաւ մեզ փրկելու համար, վստահաբար մենք եւս առաքեալին նման պիտի ըսենք. «Բայց այլեւս ես մեռած եմ օրէնքին համար, որ զիս սպաննեց, որպէսզի Աստուծոյ համար ապրիմ: Այո՛, Քրիստոսի հետ խաչին վրայ մեռայ եւ այլեւս կենդանի եմ. Ես չէ որ կ’ապրիմ, այլ՝ Քրիստոս է որ կ’ապրի իմ մէջս» (Գղ 2.19-20):

ՄԱՏԹԷՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԷՆ 24.30-36:

Մարդու Որդիին գալուստը.

Նեղութեան այդ օրերէն անմիջապէս ետք արեւը պիտի խաւարի եւ լուսինը այլեւս պիտի չփայլի. երկինքէն աստղերը պիտի իյնան եւ երկնային մարմինները պիտի սասանին:

Ապա Մարդու Որդիին նշանը պիտի երեւի երկինքի մէջ, եւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդները պիտի ողբան, երբ տեսնեն Մարդու Որդիին, որ կու գայ ամպերուն վրայ բազմած՝ զօրութեամբ եւ մեծ փառքով:

Երբ մեծաձայն փողը հնչէ, ան իր հրեշտակները աշխարհ պիտի ղրկէ, որպէսզի հաւաքեն իր ընտրեալները աշխարհի չորս կողմերէն, երկնքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւսը:

Թզենին ձեզի թող օրինակ ըլլայ: Երբ տեսնէք որ անոր ճիւղերը կը կակուղնան եւ տերեւ կ’արձակեն, գիտէք թէ ամառը մօտ է: Նոյնպէս ալ, երբ բոլոր ըսածներս կատարուին, գիտցէք թէ Մարդու Որդիին գալուստը մօտ է եւ արդէն հասնելու վրայ:  վստահ եղէք, որ այս սերունդը չանցած՝ ասոնք բոլորը պիտի պատահին: Նոյնիսկ եթէ երկինքն ու երկիրը անհետանան, խօսքերս պիտի չանհետանան:

Աւետարանական այս հատուածը կը վերաբերի Մարդու Որդիին Երկրորդ Գալուստին: Բոլորին յայտնի է, թէ «Մարդու Որդի» եզրը Քրիստոսին համար ըսուած է:

Մարդու Որդիին առաջին գալուստը տեղի ունեցաւ Յիսուսի ծնունդով. «Եւ բանը Մարդ եղաւ եւ մեր միջեւ բնակեցաւ» (Յհ 1.14): Քրիստոսի մկրտութեան օրը, երկնաւոր Հօր վկայութենէն ետք, Իր հրապարակային կեանքին սկսաւ հրաշագործութիւններու եւ քարոզախօսութիւններու ճամբով: Երբ Աստուածաշունչին մէջ իր մասին գրուածները իրագործուելով իրենց լրումին հասան, Ան իր երկնաւոր Հօրը կամքը կատարեց խաչուեցաւ, թաղուեցաւ եւ յարութիւն առաւ, երկինք համբարձաւ ու խոստացաւ երկրորդ անգամ գալ ամբողջ մարդկութեան դատաստանը կատարելու:

Քրիստոս իր առաջին գալուստով,  որպէս խաղաղութեան իշխան յայտնուեցաւ, սակայն աւետարանէն կ’իմանանք, թէ առաջին գալուստին նման պիտի չըլլայ Իր երկրորդ գալուստը. «Ապա Մարդու Որդիին նշանը պիտի երեւի երկնքի մէջ, եւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդները պիտի ողբան» (Մտ 24.30): Անոնք, որոնք երկրաւոր կեանքի ընթացքին անօրէնութեամբ մեղաւոր կեանք մը ապրած են, պիտի ողբան:

Քրիստոսի երկրորդ գալուստը տեղի պիտի ունենայ հետեւեալ երեւոյթներէն ետք՝ արեւը պիտի խաւարի, լուսինը պիտի դադրի լուսաւորելէ, աստղերը երկինքէն վար պիտի թափին, երկիրը պիտի շարժի եւ սասանի, ապա պիտի երեւի Մարդու Որդիի նշանը՝ (Խաչ)ը: Քրիստոս պիտի հրամայէ իր հրեշտակներուն, որ աշխարհի չորս կողմերը երթան, փողեր հնչեցնեն եւ հաւաքէն ընտրեալները, որպէսզի փութան Մարդու Որդիին հրաւէրին եւ ժառանգեն խոստացուած յաւիտենական երջանիկ կեանքը.(Մտ 24.31):

Քրիստոս թզենիի ծառը որպէս օրինակ կը բերէ, ինչպէս գիտենք թզենիին ճիւղերը երբ կանաչնան, զայն տեսնողները շուտով կ’իմանան, թէ  մօտ է ամառը: Նոյնպէս վերոյիշեալ նշանները երբ տեսնուին, կը նշանակէ թէ մօտալուտ է Քրիստոսի երկրորդ գալուստը: Ուրեմն, եթէ մեր հոգիները կապուած են յաւիտենական եւ երկնային ճշմարտութիւններուն, յուսախաբ պիտի չըլլանք, երբ հրեշտակներու փողը հնչուի, որովհետեւ Քրիստոսով հարստացած պիտի ըլլանք: Այն ատեն երանելի պիտի կոչուինք, որովհետեւ ընտրեալներու կարգին դասուած պիտի ըլլանք:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան