Երիտասարդական բաժին

Ինչո՞ւ կարեւոր է Գիտնալ Հայ եկեղիցիին եւ Ազգին Պատմութիւնը Երիտասարդներուն Համար

Ամէն ազգ եւ ամէն եկեղեցի ունի իր յատուկ խորհրդանիշերը։ Այս խորհրդանիշերը պատահական բաներ չեն․ անոնք կը պատմեն մեր պատմութեան եւ ինքնութեան մասին։ Մեզի համար, Հայ ըլլալը եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակ ըլլալը՝ կը կազմեն մեր ժողովուրդի կեանքը։ Անոնք ցոյց կու տան թէ ի՛նչ կը նշանակէ Հայ ըլլալ, եւ ինչպէս մեր Եկեղեցին եղած է մեր ուղեցոյցը դարերու ընթացքին։

Անցեալը մեզի կը սորվեցնէ։ Մեր ժողովուրդը ապրած է շատ դժուար օրեր, ցեղասպանութեան սարսափներ, գաղթեր, պատերազմներ։ Բայց նոյն այդ դժուար օրերուն մեր ժողովուրդը երբեք իր հաւատքը եւ իր միասնականութիւնը չկորսնցուց։ Եկեղեցին եղաւ այն տունը, ուր ամէն հայ կը գտնէր մխիթարութիւն, ուժ եւ հաւաքական յոյս։ Հակառակ պատերազմներուն եւ ապրած ճգնաժամերուն, հայ ժողովուրդը ստեղծած է մշակոյթ, եղած է շինարար եւ ստեղծագործ, ճանչցուած է աշխարհին կողմէ որպէս մարդկութեան քաղաքակրթութեան մէջ մեծ ներդրում եւ լումա ձգած ժողովուրդ:

Մեծ նշանակութիւն ունի որ դուք, որպէս երիտասարդներ, սորվիք ձեր պատմութիւնը։ Երբ կը ճանչնաք ձեր անցեալը, կը գիտնաք թէ ինչպէս ձեր նախահայրերը իրենց կեանքը զոհեցին իրենց հաւատքին, եկեղեցիին եւ հայրենիքին համար։ Մեր ժողովուրդը առաջին ազգը եղաւ որ ընդունեց Քրիստոնէութիւնը՝ ոչ միայն որպէս հաւատք, այլ որպէս կեանքի ուղի։ Այս պատիւը մեծ պատասխանատուութիւն կը դնէ մեր վրայ ։ Մենք ալ պէտք է շարունակենք նոյն ճանապարհով, պահենք մեր եկեղեցին ու մեր ժողովուրդը ամուր եւ զօրաւոր։

Մի՛ մոռնաք նաեւ, Հայ եկեղեցին մեծ նպաստը ունեցաւ մեր մշակոյթին մէջ։ Երբ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցը ստեղծեց հայերէն Այբուբենը, անոր նպատակը եղաւ Աստուծոյ Խօսքը հայ ժողովուրդին մատչելի ընել։ Ս. Սահակ Պարթեւի եւ Մաշտոցի աշակերտներու հետ միասին թարգմանեցին ամբողջ Աստուածաշունչը հայերէնի՝ յունարէն եւ ասորական բնագրերէն։ Այս թարգմանութիւնը դարձաւ մեր գրականութեան եւ մեր լեզուի հիմքը։ Նաեւ եկեղեցիին շնորհիւ մենք ունինք մեր շարականները, գեղարուեստական ժառանգութիւնը եւ անթիւ գանձերը։

Ուրեմն, երիտասարդները, պէտք է սորվին մեր եկեղեցւոյ պատմութիւնը։ Ան մեզի պիտի սորվեցնէ հաւատք, համբերութիւն եւ քաջութիւն։ Անիկա պիտի մեզի յիշեցնէ որ մեր ժողովուրդին անցեալը մեզի պատկանի, եւ մեր պարտականութիւնն է զայն փոխանցել գալիք սերունդներուն։ Այսպէս միայն մեր պատմութիւնը եւ մեր ինքնութիւնը պիտի մնան կենդանի ու յաւերժական։

Նիգըլըս Ֆրենտեան