Պօղոս Առաքեալի Նամակէն. (Գղ. 6.14-18):
«Գալով ինծի, քա՛ւ լիցի որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ» (Գղ 6.14):
Հեթանոսաց առաքեալը՝ Պօղոս, գաղատացիներուն գրած նամակով կը ջանայ հաւատացեալներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացնել Քրիստոսի խաչին իսկական իմաստին վրայ: Առաքեալը կը նկատէր թէ, իր շուրջ երեք ուժեղ հոսանքներու հետեւող հակառակորդներ գոյութիւն ունին.
ա-Օրէնքի եւ հրաշքի հետամուտ եբրայեցիներ.
բ-Իմաստութեան եւ գիտութեան հետեւող յոյներ.
գ-Ուժի եւ զէնքի հաւատացող հռոմէացիներ.
Անոնք յաճախ կ’անարգէին խաչը, ըսելով թէ ան կը գործածուի պատիժի եւ մահուան դատապարտեալներու իբրեւ գործիք: Բոլոր ոճրագործները եւ մահապարտները խաչի մահով կը սպանուէին, այս իսկ պատճառով կը սարսափէին խաչէն:
Առաքեալը, սակայն, խաչի խորհուրդը կը փորձէ քրիստոնէական կրօնի հիմնական առանցքը դարձնել եւ զայն վերածել պարծանքի, սիրոյ, զոհողութեան, բարութեան, հնազանդութեան, հեզութեան եւ համբերութեան խորհրդանիշ: Զարմանալի չէ, որ իր խօսքը ուղղելով վերոյիշեալ հոսանքներու հետեւողներուն երբ կ’ըսէ. «Խաչին մասին քարոզութիւնը յիմարութիւն կը թուի կորուստի ճամբուն մէջ գտնուողներուն համար, մինչ մեզի՝ փրկութեան ճամբուն մէջ գտնուողներուս համար Աստուծոյ զօրութիւնն է անիկայ» (Ա.Կր 1.18):
Քրիստոսի խաչելութեամբ խաչը դադրեցաւ չարչարանքի եւ մահուան սարսափելի գործիք ըլլալէ: Քրիստոս իր արիւնը թափեց խաչին վրայ մարդոց մեղքերը քաւելու եւ յաւիտենական կեանք պարգեւելու: Այս խօսքով, խաչ բառը իմաստափոխուեցաւ իր երբեմնի նշանակութենէն եւ ստացաւ փրկագործութեան խորհրդանիշ:
Քրիստոս իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին, խաչին առանձնայատուկ եւ կարեւոր տեղ կու տար: Պօղոս առաքեալ այս իրողութիւնը շատ լաւ գիտնալով, իր նամակներուն հիմնական նպատակը կը դարձնէ մեկնաբանել եւ իր կեանքով վկայել խաչին գաղափարը: Ան առաքելական քարոզութեան եւ շրջագայութեան ընթացքին, բանաւոր եւ գրաւոր խօսքերով Յիսուսի նկարագրային քաջութիւնը եւ խաչելութեան դրուագին, սարսափազդու դէպքերուն բնոյթը լաւապէս պարզաբանելէ անդին, մարդկութեան ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ, թէ ինչպէս չարը ներքին մղիչ ուժ ունի մարդիկ մոլորեցնելու: Պօղոս առաքեալ խաչը Աստուծոյ զօրութեան խորհրդանիշը կը նկատէ: Առաքեալը հաւատացեալներէն կ’ակնկալէ կատարեալ հաւատքով եւ պարծանքով ըմբռնել խաչի գաղափարը:
Յիսուս Քրիստոս ժամանակակից եբրայեցի ղեկավարներուն կողմէ մահուան դատապարտուեցաւ խաչին վրայ որպէս ոճրագործ, որովհետեւ անոնք չկրցան հանդուրժել Քրիստոսի ճշմարիտ ուսուցումներն ու սկզբունքները: Մահուան պատիժը հետեւանք էր մարդկային չարամտութեան, Աստուծաշունչ Մատեանին մէջ բազմաթիւ յիշատակութիւններ կան այս մասին: Քրիստոս որպէս մարդկութեան Փրկիչ, կը մահանայ խաչին վրայ: Այս սկզբունքին հետեւելով Պօղոս առաքեալ կը նկարագրէ Քրիստոսի խաչին փրկագործութեան խորհուրդը, թէ Քրիստոս խաչին վրայ զոհաբերութիւն էր որ կը կատարէր, խաչ եւ խաչելութիւն բառերը քրիստոնէական գրականութեան մէջ հոմանիշ դարձան փրկագործութեան եւ մեղքերու քաւութեան գաղափարներուն:
Այսօր, հպարտութեամբ կը կրենք խաչը, մեր եկեղեցիները ու բնակարանները խաչերով կը զարդարենք, յաճախ կը խաչակնքենք ուրախ եւ տխուր առիթներով: Խաչը իրարու ագուցուած սովորական երկու փայտ չէ եւ ոչ ալ երկրաչափական ուղղաձիգ եւ հորիզոնական գիծեր, այլ Աստուծոյ եւ աստուածային շնորհքներու դէպի երկիր էջքի ճանապարհ: Իսկ հորիզոնական թեւը, բոլոր ժամանակներու ամբողջ մարդկութեան ճիգն ու ձգտումը Աստուած ճանչնալու: Խաչը ունի ուրիշ այլաբանական իմաստ մը եւս, երկինքէն երկիր Աստուծոյ էջքը, իրեն հետ երկինք բարձրացնելու համար մարդ արարածը: Խաչի զօրութեան գիտակցութիւնը յուսադրիչ խթան եւ ապաւէն պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի կեանքին եւ ստանձնած պարտականութեան մէջ: Խաչը մարտահրաւէր մըն է մարդուն, տրուած Քրիստոսի կողմէ: Արդեօ՞ք կը յաջողինք ըմպել այն բաժակէն, զոր Քրիստոս ըմպեց, կամ գիտե՞նք այդ ծանր բայց քաղցր լուծի գաղտնիքը: Մարդկային իմաստութիւնը ի զուր չէ ըսած. «Ամէն մարդ իր խաչը ունի այս աշխարհին մէջ»: Ամէն մարդ իր խաչը ուսին պէտք է բարձրանայ Գողգոթա, որպէսզի իր կեանքով եւ զոհողութեամբ կարենայ արդարանալ, սրբուիլ եւ յաւիտենական փառքին արժանանալ:
Եթէ կը հաւատանք, թէ Քրիստոս խաչուեցաւ մեզ փրկելու համար, վստահաբար մենք եւս առաքեալին նման պիտի ըսենք. «Բայց այլեւս ես մեռած եմ օրէնքին համար, որ զիս սպաննեց, որպէսզի Աստուծոյ համար ապրիմ: Այո՛, Քրիստոսի հետ խաչին վրայ մեռայ եւ այլեւս կենդանի եմ. Ես չէ որ կ’ապրիմ, այլ՝ Քրիստոս է որ կ’ապրի իմ մէջս» (Գղ 2.19-20):
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան