ՄԱՐԿՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 7.31-37:
Յիսուս խուլ եւ համր մարդ մը կը բժշկէ:
Յիսուս Տիւրոսի սահմաններէն մեկնելով, Սիդոնի վրայով անցաւ Դիկապոլիսի սահմաններէն եւ եկաւ Գալիլիայի լիճին եզերքը: Եւ ահա իրեն բերին խուլ եւ համր մարդ մը, խնդրելով որ ձեռքը դնէ անոր վրայ: Յիսուս զայն ամբոխէն հեռու՝ մէկ կողմ տարաւ, մատները անոր ականջներուն մէջ դրաւ, յետոյ թքեց եւ դպաւ անոր լեզուին: Ապա երկինք նայեցաւ, հառաչեց եւ ըսաւ.
-Եփփաթա՛, որ կը նշանակէ՝ «Բացուէ՛»:
Նոյն վայրկեանին անոր ականջները բացուեցան, եւ լեզուն բացուելով՝ սկսաւ խօսիլ: Յետոյ Յիսուս պատուիրեց ժողովուրդին, որ ոեւէ մէկուն չըսեն: Սակայն ի՛նչքան ալ անիկա կը պատուիրէր որ չտարածեն, անոնք առաւել չափով կը պատմէին այս մասին: Մարդիկ ծայր աստիճան կը զարմանային եւ կ’ըսէին.
-Այս մարդը ամէն ինչ լաւ կը կատարէ. նույնիսկ խուլերուն լսել կու տայ եւ համրերուն՝ խօսիլ:
Աւետարանական այս դրուագին մէջ խուլ եւ համր մարդու մը հրաշագործ բժշկութենէն ետք՝ հակառակ Յիսուսի պատուէրին որ մէկու մը չըսեն, մարդիկ սակայն բոլորին կը պատմէին եւ գովասանքով կը հռչակէին իր համբաւը ըսելով, թէ «այս մարդը ամէն ինչ լաւապէս կը գործէ, որովհետեւ խուլերուն լսել կու տայ եւ համրերուն՝ խօսիլ»:
Մարդիկ կը զարմանային, երբ Յիսուս կ’արգիլէր հրաշքներու մասին խօսիլ, չէին հասկնար այդ խօսքերուն իմաստն ու նպատակը եւ այդ պատճառով չէին հնազանդէր իրեն, որպէս ուրախութեան արտայայտութիւն, կ’ուզէին բոլորին պատմել, որպէսզի ուրիշ հիւանդներ ալ լսեն ու գալով բժշկուին:
Յիսուս, հրաշքի մասին չխօսելու պատուէրը կու տար, որպէսզի մարդիկ ոչ թէ Իր այլ Աստուծոյ հրաշագործ զօրութիւնը ճանչնան: Յիսուսի բոլոր գործերն ու հրաշքները կը միտէին, մարդոց հոգեկան եւ մարմնական ախտերու բժշկութիւնն ու Աստուծոյ զօրութեան եւ մարդասիրութեան գաղափարը հաստատել երկրի վրայ: Քրիստոսի փնտռածը փառք ու պատիւ չէր, այլ՝ Իր Հօր կամքը հնազանդութեամբ կատարելն էր:
Խուլ եւ համրը, բժշկուած էր: Մեծ փոփոխութիւն տեղի ունեցած էր իր կեանքին մէջ, երէկուան խուլը եւ համրը այսօր կը լսէր ու կը խօսէր, ինչ մեծ բերկրանք, ուրախ եւ զուարթ էր այժմ: Հիւանդը եւ իր շուրջինները գիտակցած էին Քրիստոսի գերազանց զօրութիւնը, այս հրաշագործութիւնը խուլ եւ համր մարդուն համար «վերստին ծնունդի» առիթ մը հանդիսացաւ: Հոգիով նորոգուած, սկսաւ համարձակ խօսիլ եւ լսել Աստուծոյ խօսքը, այն հաստատ համոզումով որ ասկէ ետք Աստուծոյ պատուիրաններուն եւ օրէնքներուն դէմ չգործելու պայմանաւ: Հիմա սկսած էր զգուշութեամբ ապրիլ, արժանացած էր Աստուծոյ ողորմութեան եւ փրկութեան, բայց կը գիտակցէր իր անձին անկատարութեան, միշտ երկիւղի մէջ էր, անոր համար յարատեւ արթուն վիճակի մէջ կ’աղօթէր, մի գուցէ անզգոյշ վայրկեանի մը մէջ կրնայ յաղթուիլ չարէն եւ մեղանչումի պատճառաւ իր նախկին վիճակին վերադառնալ:
Այսօր, մեզմէ եւս կը պահանջուի վերոյիշեալ հոգեփոխութիւնները, որ ունեցաւ «խուլ եւ համր» մարդը, որպէսզի մենք եւս երախտագիտութեամբ դառնանք առ Աստուած ու վայելենք անոր անհուն սէրն ու ողորմութիւնը:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան