ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՏԻՐՈՋ ՄԻԱՑՆՈՂ ԱՄՈՒՐ ԿԱՊ

Մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ ամենէն նուրբ եւ կարեւոր բաներէն մէկը վստահութիւնն է։ Առանց վստահութեան, ամէն կապ կիսատ կը մնայ. ըլլայ ամուսնութեան, բարեկամութեան, աշխատանքային կամ հասարակական կեանքին մէջ։ Ուր որ վստահութիւն կայ, խաղաղութիւն եւ հանգիստ կայ. Իսկ անոր չգոյութեան պարագային՝ հակառակ զգացում։

Աստուածաշունչը մեզ կը հրաւիրէ մեր ամենէն խոր վստահութիւնը դնելու ոչ թէ մարդկանց, այլ նախ եւ առաջ Աստուծոյ վրայ. «Քու բոլոր սրտովդ Տիրոջ ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու Անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ» (Առակաց 3:5-6)։

Այս խօսքը, որ թէեւ Աստուծոյ վստահութեան հրաւէր մըն է, ինքնիր մէջ թաքուն պատգամ մը ունի. եթէ ուշադրութեամբ կարդանք եւ խոկանք Աստուածաշունչի այդ մէջբերումը, հոն պիտի տեսնենք, որ Աստուծոյ հանդէպ վստահութիւնը, կ’ամրացնէ մեր մարդկային կապերուն հիմքը, որովհեհեւ Ան «շաւիղներդ պիտի ուղղէ»։ Աստուած մեր կեանքի ամուր ժայռն է, որուն վրայ կրնանք կանգնիլ անվախ։

Շատեր կը կարծեն, թէ Աստուծոյ վստահիլը կը վերաբերի միայն մեծ որոշումներուն՝ ապագայի ընտրութիւններու, աշխատանքային ծրագրերու, կամ ամուսնութեան ժամանակ։ Բայց ճշմարիտ վստահութիւնը կը սկսի ամենափոքր բաներէն. Վստահիլ, որ Աստուած կրնայ առաջնորդէ մեզ ամէն բանի մէջ, նոյնիսկ ամենափոքր պահերուն կամ առօրեայ գործերուն ու մտածումներուն ընթացքին։

Երբ Աստուծոյ իսկապէս վստահիլ սորվինք, այդ ժամանակ մեր կեանքը խաղաղ կը դառնայ՝ ոչ թէ որովհետեւ փորձութիւններ պիտի չըլլան, այլ որովհետեւ այդ փորձութեան ընթացքին Աստուած մեզի հետ կ’ըլլայ. Յիսուս չըսա՞ւ. «խաղաղութիւն կը թողում ձեզի. Իմ խաղաղութիւնս է որ կու տամ ձեզի, որ այս աշխարհի խաղաղութենէն տարբեր է։ Մի՛ խռովիք եւ մի՛ վախնաք» (Յհ 14:27)։

Անոր խաղաղութիւնը միակ ամրութիւնն է, որ ունինք աշխարհի անորոշութիւններուն մէջ. Անոր ներկայութիւնը՝ միակ մխիթարութիւնը աշխարհի անիրաւութիւններուն ընթացքին։ Անոր հանդէպ մեր վստահութիւնը ազատութիւն, հոգեկան խաղաղութիւն եւ հոգեւոր հզօրութիւն կը ծնի։ Եւ երբ այդ վստահութիւնը ամուր է, մեր հոգին իսկապէս կրնայ արտայայտել քրիստոնեայ կեանքի յոյսը, որ մեր ճանապարհը ուր ալ առաջնորդէ մեզ, միշտ լուսաւոր կը մնայ Աստուծոյ ներկայութեամբ։

Այսպիսով, սիրելի ընթերցող, վստահութիւնը Աստուծոյ հանդէպ չի սահմանափակուիր միայն աղոթքով կամ մեծ որոշումներով։ Իրական վստահութիւնը կը սկսի այսօր՝ քո առօրեայ քայլերէդ, քո մտքերուդ ու ապրումներուդ մէջ։

Վստահիլ, կը նշանակէ որոշում առնել բանալ սիրտը Աստուծոյ եւ ձգել առաջնորդէ մեզ մեր ընտրած ճամբաներուն մէջ։ Իսկ ամենէն հիմնականը՝ Աստուածային վստահութիւնը մեզ կը միացնէ Տիրոջ հետ ամուր կապով, որուն վրայ կրնանք կանգնիլ ամէն փոթորիկի դիմաց։

Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան