ՄԱՐԿՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 4.35-41:

Յիսուս կը խաղաղեցնէ փոթորիկը.

Նոյն օրը երեկոյեան, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ.

Եկէք լիճին միւս կողմը անցնինք:

Աշակերտները ձգեցին ժողովուրդը եւ բարձրացան այն նաւակին մէջ, ուր Յիսուս կը գտնուէր: Հոն ուրիշ նաւակներ ալ կային: Յանկարծ զօրաւոր հով մը փոթորկեց լիճը: Ալիքները նաւակին զարնուելով՝ ներս կը թափէին, զայն լեցնելու աստիճան, մինչ Յիսուս նաւակին յետսակողմը բարձի մը վրայ կը քնանար: Աշակերտները արթնցուցին զինք եւ ըսին.

-Վարդապե՛տ, հոգդ չէ՞ որ մենք կը կորսուինք:

Յիսուս ոտքի ելլելով սաստեց հովը, ըսելով.

-Դադրէ՛,- եւ լիճին ըսաւ.- Հանդարտէ՛:

Հովը դադրեցաւ եւ կատարեալ հանդարտութիւն (Խաղաղութիւն) տիրեց: Ապա Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ.

-Ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք. տակաւի՞ն  հաւատք չունիք:

Անոնք չափազանց վախցան եւ իրարու կ’ըսէին.

-Ո՞վ է արդեօք այս մարդը, որ նույնիսկ հովն ու ծովը կը հնազանդին իրեն:

Աւետարանական այս հատուածը կ’ընդգրկէ Յիսուսի փոթորիկը խաղաղեցնելու դրուագը, որով Մարկոս աւետարանիչ կը ներկայացնէ քրիստոնեայի կեանքի ալեկոծ վիճակը, որ Քրիստոսի ներկայութեամբ, ներգործութեամբ եւ մեր Անոր հանդէպ ունեցած հաւատքին իբրեւ արգասիք, հովը, փոթորիկը կը դադրի եւ կատարեալ հանդարտութիւն ու խաղաղութիւն կը տիրէ:

Սուրբ գրքի մասնագէտներուն համաձայն, գալիլիոյ լիճը 200 մեթր խորութիւն ունի, այս լիճը յաճախ ալեկոծութեան եւ փոթորիկի ենթարկուող է, իսկ առաքեալները, որոնք ընդհանրապէս  ձկնորսներ էին, եւ վարժ էին նման երեւոյթներու, սակայն այս անգամ արտասովոր փորձանքի մը մատնուած էին: Փրկութեան շատ մը միջոցներ կ’որոնեն, սակայն չեն յաջողիր, մինչեւ որ չդիմեն Յիսուսի: Իրենց անձնական բոլոր միջոցները եւ ճիգերը ապարդիւն կ’անցնին: Այսօր մենք եւս նոյնը կ’ընենք, կեանքի դժուարութիւններու դիմաց, ամէն ինչ կը փորձենք մարդկային միջոցներով լուծել,  առաքեալներուն նման, կարծելով թէ Քրիստոս կը ննջէ մեր կեանքին մէջ: Սակայն պէտք է վստահ ըլլանք, որ եթէ դիմենք Քրիստոսի ճիշդ ժամանակին, Ան իր ամենազօր ներկայութեամբ կարող է հանդարտեցնել ամեն դժուարութիւն եւ վտանգ, որ կը հանդիպի մեզի մեր կեանքի ընթացքին:

Աւետարանական այս դրուագէն կը սորվինք չըլլալ թերահաւատ, առաքեալներուն նման, որոնք նախ ուզեցին կեանքի դժուարութիւնները եւ փորձութիւնները անձնական միջոցներով լուծել, սակայն երբ չյաջողեցան դիմեցին Քրիստոսի:

Երկրորդ՝ երբ կեանքի դժուարութիւններու եւ փորձութիւններու հետ դէմ յանդիման գտնուինք, մեր առաջին քայլը որ պէտք է առնենք, դիմել Քրիստոսի որ մեր կարողութիւններուն տուիչն է, կենդանարար է, կենսատու է, մեր սահամանափակ կարողութիւններէն վեր է, եւ յաճախ Քրիստոս մեզի կ’ըսէ. «Մի՛վախնար,միայն հաւատա՛» (Ղկ 8.50), այլ խօսքով՝ վստահինք եւ հաւատանք, մեր կեանքէն ներս Աստուծոյ ներգործութեան, այլապէս երկչոտութիւնը մեր կեանքէն ներս տիրապետող կ’ըլլայ: Եթէ վստահինք Աստուծոյ, շահած կ’ըլլանք Անոր վստահութիւնը, որովհետեւ Իրմով կարելի է միայն, մեզի դժուար թուացող հանգույցները լուծել: Ս. Գրիգոր Նարեկացի շատ գեղեցիկ բացատրութեամբ կը պատասխանէ ըսելով. «Դուն՛ որ կրակի վրայի կաթսաներու ջուրին պէս եռացող ծովը, որ պատկերն է մեղքի պղտոր մրրիկին, խօսքովդ կը խաղաղեցնես» (Բան ԿԳ.բ): Երբ կը վստահինք Աստուծոյ, հեռու կը մնանք չարին ենթակայութենէն, եւ այն ժամանակ է որ միայն Յիսուս մեզի կ’ըսէ. «Քաջալերուէ՛, հաւատքդ քեզ փրկեց. Խաղաղութեամբ գնա՛» (Ղկ 8.48):

Աստուծոյ հանդէպ, երկիւղի եւ հնազանդութեան զգացումը, իր դրական ազդեցութիւնը ունի մեր կեանքէն ներս, ինչպէս կը վկայէ Սաղմոսերգուն Դաւիթ. «Երանի՜ այն մարդուն, որ Տիրոջ երկիւղը ունի, եւ մեծ հաճոյքով անոր պատուէրները կը կատարէ» (Սղ 112.1): Իսկ Առակագիրը կ’ըսէ. «Տիրոջ երկիւղը կեանքի աղբիւր է՝ մահուան որոգայթներէն ազատ մնալու համար» (Առ 14.27):

Ապաւինինք Աստուծոյ եւ յանձնուինք Իրեն, այն վստահութեամբ թէ կը լսէ մեզ, եւ կ’իրականացնէ մեր փափաքները, եւ մեզմէ կը հեռացնէ կեանքի բոլոր դժուարութիւնները: Եսայի մարգարէ կ’ըսէ մեզի. «Բայց Տիրոջ ապաւինողները կը նորոգուին, զօրացած վեր կը սլանան արծիւներու նման» (Ես 40.31):

Այսօր Յիսուս մեզի եւս կը հարցնէ. «Ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք. տակաւի՞ն հաւատք չունիք» (Մր 5.40):

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան