Հօր ծոցին մէջ ծածկուած անքննելի լոյսը որ քեզմէ ծագեցաւ, մայր եւ կոյս, այսօր անմարմին հրեշտակներու դասերով իջնելով լուսափայլ ամպերով քեզ անստուեր լոյսին մէջ փոխադրեց:
Անմարմին Բանը որ քեզմէ մարմնացաւ եւ քու գիրկիդ մէջ շալկուեցաւ ո՜վ Մարիամ, այսօր հրեշտակներու բազմութեամբ՝ զօրքով եկաւ եւ քեզ հրեղէն կառքով անըստուեր լոյսին մէջէն փոխադրեց:
Միածնի հրաշալի փառքը տեսնելով, առաքեալներուն դասերը զուարճացան եւ վերի հրեշտակներուն ձայնակցելով քեզի՝ կիներուն մէջ օրհնուածիդ նոր օրհնութիւն կ’եղանակէին:
ՇԱՐԱԿՆՈՑ