Մարիամ Եղիսաբէթին Կ’այցելէ
Նոյն օրերուն, Մարիամ ճամբայ ելլելով՝ աճապարանքով գնաց Յուդայի լեռնային շրջանի քաղաքներէն մէկը: Հոն Զաքարիայի տունը մտնելով՝ Եղիսաբէթի ողջոյն տուաւ: Երբ Եղիսաբէթ Մարիամի ողջույնը լսեց, իր որովայնին մէջ երեխան շարժեցաւ, եւ Եղիսաբէթ Սուրբ Հոգիով ներշնչուած՝ բարձրաձայն ըսաւ.
-Կիներուն մէջ օրհնեա՜լ ես դուն եւ օրհնեա՜լ է զաւակը որ կը կրես որովայնիդ մէջ: Ի՜նչ երջանկութիւն, որ Տիրոջս մայրը ինծի կ’այցելէ. Որովհետեւ երբ ողջոյնդ լսեցի, երեխաս ուրախութեամբ շարժեցաւ որովայնիս մէջ: Երանի՜ քեզի որ հաւատացիր, որովհետեւ Աստուծոյ կողմէ քեզի ըսուածները պիտի կատարուին:
Մարիամի օրհներգութիւնը
Մարիամ ըսաւ.
«Տէրը պիտի գովաբանեմ. ահա հոգիս կ’ուրախանայ Աստուծմով,
իմ Փրկիչովս, որովհետեւ ան տեսաւ իր աղախինին հեզութիւնը:
Ասկէ ետք բոլոր սերունդները երանի պիտի տան ինծի, քանի հզօրն
Աստուած ինծի համար մեծամեծ գործեր կատարեց. սուրբ է անունը անոր:
Բոլոր ժամանակներուն մէջ ողորմութեամբ ան կը նայի աստուածավախ մարդոց վրայ:
Իր բազուկով ան զօրութիւն ցոյց տուաւ, ոչնչացուց հպարտները՝ իրենց բոլոր Խորհուրդներովը:
Անօթիները բարիքներով լիացուց, մինչ հարուստները դատարկաձեռն արձակեց:
Պաշտպան եղաւ իր ծառային՝ Իսրայէլի, հաւատարիմ մնալով իր ողորմութեան,
ինչպէս որ խոստացած էր մեր հայրերուն՝ Աբրահամի եւ անոր զաւակներուն»:
Մարիամ Եղիսաբէթի մօտ շուրջ երեք ամիս մնալէ ետք վերադարձաւ իր տունը:
Գաբրիէլ հրեշտակը, որ ամիսներ առաջ այցելած էր Զաքարիա քահանային, աւետելու համար Աստուծոյ պարգեւին մասին: Հրեշտակը նոյն պաշտօնով կը ղրկուի Գալիլիոյ Նազարէթ քաղաքը, Մարիամ անուն կոյսի մը մօտ:
Հրեշտակը կ’ողջունէ Ս. Կոյսը հետեւեալ բառերով. «Ուրախացի՛ր, շնորհալի՛ կոյս, որովհետեւ Աստուած քեզի հետ է: Ահա պիտի յղանաս եւ զաւակ մը ծնիս, որ Յիսուս պիտի կոչես» (Ղկ 1.28-31): Այս ողջոյնը սովորական ողջոյնէ մը աւելի՝ Մեսիական առաքելութեան մասնակցելու ուրախ հրաւէր մըն է: Մարիամ կը պատասխանէ հրեշտակին. « Ատիկա ինչպէ՞ս կրնայ պատահիլ, երբ ամուսնացած չեմ» (Ղկ 1.34): Հրեշտակը կը պատասխանէ. «Սուրբ Հոգին քեզի պիտի գայ եւ Բարձրեալին զօրութիւնը քու վրադ պիտի հանգչի. ուստի ծնելիք զաւակդ սուրբ է եւ Աստուծոյ Որդի պիտի կոչուի: Ահա ազգականդ Եղիսաբէթն ալ, հակառակ ծեր եւ ամուլ ըլլալուն՝ վեցերորդ ամիսն է որ յղի է: Գիտցի՛ր, որ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ» (Ղկ 1.35-37): Ս. Կոյս Մարիամ իր հաւանութիւնը կը յայտնէ Գաբրիէլ հրեշտակին ըսելով. «Աստուծոյ աղախին եմ, թող քու ըսածդ ըլլայ» (Ղկ 1.38)
Ղուկասի Աւետարանին մէջ կը պատմուի, թէ Մարիամ կ’երթայ իր ազգականին՝ Եղիսաբէթին քով: Երբ Եղիսաբէթ կը տեսնէ Մարիամը, երբ կ’ողջագուրուին, իսկոյն որովայնին մէջ երեխան կը շարժի ու եղիսաբէթ Ս. Հոգիով ներշնչուած կ’ըսէ. «Կիներուն մէջ օրհնեա՜լ ես դուն եւ օրհնեա՜լ է զաւակը որ կը կրես որովայնիդ մէջ» (Ղկ 1.41-42): Հայ շարականագիրը այս դէպքը կը նկարագրէ. «Յորովայնէ յորովայն երկրպագողն Քրիստոսի»: Այս մարգարէութեաբ՝ Յովհաննու Կարապետը կ’ըլլայ առաջին անձը, որ իր մօրը որովայնին մէջ կը դաւանի Քրիստոսի Աստուածութիւնը:
Այս հրաշալի հանդիպումէն ետք, Մարիամ կ’ըսէ հետեւեալ խօսքերը. «Տէրը պիտի գովաբանեմ. Ահա հոգիս կ’ուրախանայ Աստուծմով, իմ Փրկիչովս» (Ղկ 1.46-56): Յետագային վերոյիշեալ խօսքերը հոգեւոր երգի վերածուած են հայ շարականագիրներու կողմէ, որպէս (Մեծացուսցէ) շարականներ: Այս շարականներուն իմաստը կը բովանդակէ.
Աստուծոյ սէրը հեզերուն եւ խոնարհներուն հանդէպ: Օծեալ թագաւորը խոնարհ եւ հեզ կոյսէ մը կ’ուզէ ծնիլ: Աստուծ իր փառքը հեզ մարդոց միջոցաւ կը յայտնէ….: Այս շարականները բոլորն ալ Ս. Գրային հիմք ունին:
Մարիամի խօսքերը Աստուծոյ փրկութեան յոյսը կը ներշնչեն, որովհետեւ ինք Բարձրեալին հովանաւորութեամբ, Սուրբ Հոգիով պիտի յղանայ եւ իբրեւ «Արդարութեան Արեգակ» պիտի ծնի Աստուծոյ Որդին, որուն համար բոլոր սերունդները երանի պիտի տան իրեն:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան