ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՄԵՐԳԸ 2025

Հինգշաբթի, 14 Օգոստոս 2025-ի երեկոյեան, յաւարտ ժամերգութեան, Սրբազան Համերգ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյս «Զարեհ Ազնաւորեան» դպրաց եւ Սարկաւագաց դասերու, ղեկավարութեամբ խմբավար Անուշ Գալստեանի, դաշնամուրի նուագակցութեամբ Տիկին Թալին Արթինեան Գլըպոզեանի եւ նախագահութեամբ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Բաբգէն Ս. Արք. Չարեանի:

Սրբազան Համերգին սկիզբը, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Բարեշնորհ Մանօ Սրկ. Ճենանեան: Համերգի ընթացքին, Ս. Աստուածածնայ նուիրուած Տաղերու եւ Շարականներու եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի ներբողական գանձերէն փունջ մը մատուցուեցաւ:

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց կազմակերպուած բացառիկ գեղարուեստական ելոյթը, եկեղեցւոյս հոգեւոր հայրերը, հոգաբարձութիւնն ու յատկապէս սոյն ելոյթը կազմակերպող խմբավար Անուշ Գալստեանն ու դաշնակահար Թալին Գլըպոզեանը, «Զարեհ Ազնաւորեան» դպրաց դասն ու անոր պատասխանատուները: Աւարտին «պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգով վերջ գտաւ երեկոն: