Օգոստոս տասնհինգի մօտակայ Կիրակին, Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցին եւ համայն քրիստոնեայ աշխարհը կը նշեն Ս. Աստուածամօր Վերափոխման տօնը: Ինչպէս Ս. Կոյսը մարգարէացաւ ըսելով. «Ասկէ ետք բոլոր սերունդները երանի պիտի տան ինծի» (Ղկ 14.48):
Հակառակ դարերու հոլովոյթին, ամէն տարի աւելի մեծ խանդավառութեամբ կը տօնախմբուի Աստուածամօր Վեվափոխման տօնը եւ վեր կ’առնուին անոր առաքինութիւնները: Պատմութեան ընթացքին, Ս. Կոյս Մարիամ, իր գերազանց հաւատքով մեծագոյն երանութեան արժանացաւ, Աստուծոյ Որդիին մայր ըլլալով, որուն թարգմանը հանդիսացաւ Յովհաննու Կարապետին մայրը՝ Եղիսաբէթ, երբ առաջին անգամ ըլլալով, համայն մարդկութեան կողմէ ըսաւ. «Կիներուն մէջ օրհնեա՜լ ես դուն եւ օրհնեա՜լ է զաւակը որ կը կրես որովայնիդ մէջ» (Ղկ 1.42):
Աստուածամօր կեանքի մասին Աւետարաններուն մէջ կը յիշուին այն մասերը միայն, որոնք առնչութիւն ունին Քրիստոսի կեանքին եւ փրկարար տնօրինութիւններուն հետ:
Յիշենք աւետարանական այն հատուածները, որոնք նոյն ատեն կապ ունին Ս. Կոյսին եւ իր Որդիին՝ Քրիստոսի հետ:
ա. Կանայի հարսանիքը
Յիսուս իր առաջին հրաշքը իր մօրը բարեխօսութեամբ կը կատարէ Կանայի հարսանիքին՝ ջուրը գինիի փոխելով (Յհ 2.1-11):
բ. «Ո՞վ է մայրս կամ որո՞նք են եղբայրներս» (Մր 3.33)
Գալիլիոյ մէջ, երբ Յիսուս իր աշակերտներուն հետ տան մը մէջ գտնուելով կը խօսէր իր շուրջ նստած ժողովուրդին, Անոր կը տեղեկացնեն թէ մայրն ու եղբայրները (ազգականները-զարմիկները) դուրսը կեցած, կ’ուզէին Իրեն հետ խօսիլ, սակայն բազմութեան պատճառով չէին կրնար ներս գալ: Յիսուս Իր շուրջը նստողներուն նայելով ըսաւ. «Ո՞վ է մայրս կամ որո՞նք են եղբայրներս» (Մտ 3.33): «Ահաւասիկ մայրս ու եղբայրներս: Որովհետեւ ո՛վ որ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ՝ անիկա է եղբայրս, քոյրս եւ մայրս» (ՄՏ 12.50):
գ. «Երանի՜ այն կնոջ, որ քեզ յղացաւ եւ դիէցուց» (Ղկ 11.27)
Կին մը Յիսուսի կ’ըսէ այս խօսքերը, իսկ Յիսուս կը պատասխանէ անոր. «Մանաւանդ երանի՜ անոնց՝ որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսեն եւ կը գործադրեն զայն» (Ղկ 11.28): Արտասանուած երկու երանիները ուղղակի կը վերաբերին Աստուածամօր. Առաջինին՝ յայտնապէս արժանացած էր, իսկ երկրորդը Քրիստոսի արտասանած երանին էր, որ կ’ուղղուէր Իր մօր: Թէեւ քիչ բան գրուած է Աստուածամօր մասին, սակայն Ս. Կոյսին հաւատքը ցայտուն կերպով օրինակ կը հանդիսանայ մեզի այսօր: Աստուծոյ կողմէ տրուած շնորհքը կը հաստատուի մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խօսքով. «Որովհետեւ ունեցողին պիտի տրուի նոյնիսկ աւելիով, իսկ չունեցողէն պիտի առնուի փոքր բաժինն իսկ» (Մտ 13.12):
դ. Աստուածամայրը մեր բոլորին մայրն է
Ս. Կոյս Մարիամ, մեր բոլորին մայրն է այսօր ալ, ոչ միայն այս անցաւոր աշխարհին մէջ, այլ նաեւ յաւիտենական կեանքին մէջ, ուր Աստուածամայրը մեզ՝ հաւատացեալներս, պիտի ընդունի իր մայրական սիրով: Հայ Եկեղեցին յարատեւ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը կը խնդրէ, Ս. Պատարագի ընթացքին եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիին հետ միասին կ’աղօթէ ըսելով. «Ահա քու կուսական կաթիդ մէկ կաթիլը անձիս մէջ անձրեւելով կեանք կու տայ ինծի, ո՛վ մայր» (Բան Ձ.գ):
Աստուածամօր նկատմամբ մեր սէրն ու հաւատքը, մեր սրտերը կը լեցնեն ուրախութեամբ: Մեր շարականագիրները, գոհար տողեր նուիրած են իրեն, փառաբանելով անոր առաքինութիւնները: Մեր մայրն է ան, մեզի տրուած իբրեւ պարգեւ իր Որդիին կողմէ: Ան միջնորդ ու բարեխօս է մեղաւորներու եւ գերագոյն յոյսը՝ հաւատացողներուն:
Աշխարհը ամէն օր աւելի կը մխրճուի կեանքի թունաւոր հաճոյքներուն մէջ եւ այսօր առաւել եւս կարիքը ունինք Աստուածամօր բարեխօսութեան, ի խնդիր առաքինի կեանքի:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Մքայէլեան