ՍՈՒՐԲ ՄԱՐԻԱՄ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ԿԵԱՆՔԻ ՊԱՏԳԱՄԸ
ԱՐԴԻ ՆՈՐԱՀԱՍ ՍԵՐՈՒՆԴԻՆ
Բարեպաշտ ծնողքի մը՝ Յովակիմի եւ Աննայի, դուստրը՝ Մարիամ արժանի նկատուեցաւ Աստուծոյ մայրը ըլլալու եւ ծնելու մարդկութեան փրկիչը՝ Քրիստոս: Արդարեւ, երբ Աստուած զինք ընտրեց իր նմաններուն մէջէն, կը նշանակէ, որ արժանի առաքինութիւն մը կը զատորոշէր զինք միւս բոլորէն:
Մարիամ, բարեպաշտ ընտանիքի մը զաւակը ըլլալով հանդերձ, ան մանուկ հասակէն կրօնական ուղիղ դաստիարակութիւն ստացած էր: Իրեն համար պարկեշտ, ժուժկալ, զգաստ, առաքինի ու բարոյական բծախնդիր մաքրութեամբ կեանքը առաջնահերթութիւն էր, որով ինք հեռու էր աշխարհիկ մեղանչական պատրանքներէ եւ երեւոյթներէ, ան կ’ապրէր սրբակենցաղ յատուկ կեանք: Իր ժամանակի տիպար կինը եղաւ Մարիամ եւ իր կեանքը կը մնայ քրիստոնէութեան մէջ, իբրեւ օրինակելի տիպար կեանք իգական սեռին համար:
Ան առաքինի կեանք մը կ’ապրէր, ներքին որոշ համոզումներով, որոնք իր կեանքը կ’առաջնորդէին եւ անոր նկարագրային գեղեցիկ ուղղութիւն կու տային: Մարիամ խորապէս հաւատացած էր Աստուծոյ, զոր իր ամբողջ էութեամբ կը սիրէր ու կը պաշտէր զԱյն, որպէս արարիչ եւ հայր՝ համայն մարդկութեան: Մարիամ նաեւ համոզուած էր, որ մարդ տկար եւ մեղանչական արարած մըն է, որ իր զգացումներուն ու կիրքերուն ենթարկուելով կը դառնայ հաճոյասէր, եւ այստեղ է, որ կը կայանայ մարդուն հոգիի անկումի ընթացքը: Ահա այս գիտակցութեամբ եւ սկզբունքներուն վստահելով Մարիամի կեանքը ուղղուած էր դէպի առաքինի վարքի, ինչ որ մարդուս հոգին կ’ազնուացնէ ու զայն կը բարձրացնէ:
Այսպիսով Մարիամ կեանք մը ապրեցաւ, որ սուրբ ըլլալու բոլոր յատկութիւնները իր մէջ ունէր, զգաստութիւն, ժուժկալութիւն՝ ամէն բանի մէջ, եւ տիրապետելու կարողութիւն մարդկային տկար ու վայրաքաշ կիրքերուն վրայ:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Մքայէլեան