Քրիստոնէական հոգեւոր կեանքին մէջ կան որոշ «գործիքներ», որոնք բոլորս գիտենք՝ աղօթք, Սուրբ Գիրքի ընթերցում, պահք։ Կայ մոռացութեան տրուած, սակայն նոյնքան կարեւոր մէկ այլ «գործիք» մը՝ խոկալ Աստուածաշունչի խօսքերուն մասին։
Շատերու համար «խոկալ» բառը արեւելեան մեթոտներու պատկերը կը յիշեցնէ, ինչպէս՝ Yoga-ն, գետին նստիլ, աչքերը փակել, խորունկ շունչ առնել, եւյլն։ Բայց Աստուածաշնչական խոկումը բոլորովին տարբեր է։ Աստուածաշունչին մասին երբ խոկանք, միտքը պէտք չէ պարպենք, այլ լեցնենք Աստուծոյ խօսքով, ու չենք դադրիր մտածելէ, այլ կը սկսինք մտածել. խորհինք թէ ինչպէս այդ խօսքերը պէտք է կիրառել մեր կեանքին մէջ։
Աստուած Յեսուին ըսաւ. «Այդ օրէնքներու գիրքը քու բերնէդ թող չզատուի, հապա գիշեր ցորեկ անոր վրայ մտածէ, որպէսզի բոլոր անոր մէջ գրուածները պահես ու կատարես» (Յեսու 1.8)։ Այսինքն՝ «խոկումը» Աստուծոյ հետ յարատեւ կապի գաղտնիքն է։
Հին Կտակարանին մէջ «խորհրդածել» կամ «խոկալ» բառը կը նշանակէ մտածել, կրկնել, ներքին ձայնով արտասանել, կամ լրջօրէն կշռադատել։ Դաւիթ կ’ըսէ․ «կը խորհիմ քու բոլոր գործերուդ մասին, կը խոկամ կրածներուդ մասին» (Սաղմոս 143.5)։
Մեր օրերուն, երբ բջջային հեռախօսներու ծանուցումները, թելեգրամը, եւ բազմաթիւ այլ իրականութիւններ կը հեղեղեն մեր կեանքը, մէկ բանի մը վրայ երկար կեդրոնանալը աւելի դժուար դարձած է։ Բայց ճիշդ այս պայմաններուն մէջ է, որ խորհրդածութիւնը կը դառնայ աւելի անհրաժեշտ։ Ան մեզ կը ստիպէ դանդաղելու, լռելու եւ մեր հոգին Աստուծոյ շուրջ հրաւիրելու։
Աստուածաշունչը որոշ ձեւ մը չ’առաջարկէր խորհրդածելու, ինչպէս yoga-ն։ Ուստի, այդ մէկը կարելի է ընել տարբեր ձեւերով՝ նստելով մեր սիրելի անկիւնին մէջ, զբօսնելով բնութեան մէջ, կամ հանգիստ վայրի մէջ։ Միայն մէկ բան կարեւոր է. մտածել, թէ ինչպէս Աստուծոյ խօսքը կապ ունի մեր կեանքին հետ։ Պօղոս կը հրաւիրէ մեզ՝ «երկնաւոր բաներու մասին խորհեցէք եւ ոչ թէ երկրաւոր բաներու» (Կող. 3.2)։
Խոկալու նպատակները բազմաթիւ են․
- Աստուծոյ փառքին վրայ կեդրոնանալ՝ տեսնել Իր ստեղծագործութիւնը եւ ծրագիրը մարդկութեան համար։
- Աստուածաշնչի կիրառումը կեանքին մէջ՝ հարց տալ, թէ այս պատգամը ինչպէս կը վերաբերի իմ իրավիճակիս։
- Խիզախութիւն եւ մխիթարութիւն ստանալ՝ յիշելով Աստուծոյ խոստումները դժուար օրերուն։
- Ճիշտ արձագանգել՝ նախապատրաստուիլ, որպէսզի զայրոյթի, տխրութեան կամ հիասթափութեան ժամանակ, ճշմարիտ քրիստոնեայի պէս արձագանգենք։
Խորհրդածութիւնը կամուրջ մըն է Աստուծոյ խօսքի ընթերցումէն մինչեւ գործնական կեանք։ Առանց այս քայլին, միայն տեղեկութիւն հաւաքող մակարդակի վրայ կը մնանք, բայց մեր սիրտը չի փոխուիր. մինչդեռ, երբ մեր միտքը Աստուծոյ ճշմարտութեամբ լեցնենք խոկումով, Աստուծոյ խօսքը կը սկսի իր պտուղները տալ։
Պօղոս կ’ըսէ. «խորհեցէք այն բաները՝ որոնք ճշմարիտ են, պարկեշտ, արդար, մաքուր, սիրելի, բարեհամբաւ, առաքինի եւ գովելի» (Փիլ 4.8)։ Ահա՛ Աստուածաշունչի խորհրդածութեան ուղեցոյցը։
Աղմկալից այս աշխարհի մէջ, ուր մեր ուշադրութիւնը կը գրաւեն հազարաւոր ձայներ, խորհրդածութիւնը շքեղութիւն չէ, այլ անհրաժեշտութիւն։ Ան է, որ լուռ կերպով կը սրէ մեր հոգեւոր լսողութիւնը, կը նորոգէ մեր միտքը եւ կ’արմատաւրէ մեր հաւատքը։
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան