Պօղոս Առաքեալի Նամակէն (Ա.Կր 13.11-14.5):
«Ներկայիս, ուրեմն, միակ կարեւոր բաներն են՝ հաւատք, յոյս եւ սէր. Իսկ այս երեքէն մեծագոյնը՝ սէրն է» ( Ա. Կր 13.13):
Մարդ արարածը իբրեւ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած՝ չի կրնար անձնակեդրոն կեանք վարել, որովհետեւ անոր կոչումն ու արժանիքը հաւաքական կեանքի մէջ կը կայանայ: Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, երբ մարդացաւ, համատեղ գործակցութեան եւ հաւաքական կեանքի օրինակը տուաւ, իբրեւ աստուածային սիրոյ գերագոյն արտայայտութիւն:
Պօղոս առաքեալ կը թելադրէ հաւատացեալներուն, որ համբերատար ու քաղցրաբարոյ ըլլան, չնախանձին, չգորոզանան, անպատշաճ վարմունք չունենան, անձնասէր չըլլան, չարութիւն չխորհին, անիրաւութեան վրայ չուրախանան, այլ՝ ուրախակից ըլլան ճշմարտութեան: Սէր ունեցողը միշտ կը զիջի, կը հաւատայ, կը յուսայ եւ միշտ կը համբերէ ( Ա.Կր 13.4-7):
Կատարեալ սէրը, ամէն վտանգ ու վախ կը փարատէ: Սէրը, իբրեւ սրբազան առաքինութիւն, մեղքերը ներելու կարողութիւն ունի, Պետրոս առաքեալի պատուէրին համաձայն. «Ամէն բանէ առաջ սրտանց սէր ունեցէ՛ք իրարու հանդէպ, որովհետեւ «սէրը պատճառ կ’ըլլայ, որ ձեր բազմաթիւ մեղքերը ներուին» (Ա.Պտ 4.8):
Աստուած կ’ուզէ Հայր եւ որդիի մտերմութեամբ յարաբերութիւն մշակել մարդուն հետ: Ան կ’ուզէ որ մարդը ամբողջական կերպով հնազանդի Իրեն, որովհետեւ Աստուծոյ հնազանդելով, համակերպած կ’ըլլանք Անոր կամքին եւ Օրէնքին: Հնազանդութիւնը բանալին է հասկացողութեան եւ որեւէ հնազանդութիւն՝ Աստուծոյ պաշտամունք կը նկատուի ինքնին, իսկ անհնազանդութիւնը՝ պատուիրազանցութիւն է:
Քրիստոնէութիւնը ոչ թէ տիրոջ եւ ծառայէ, այլ՝ Հօր եւ զաւկի յարաբերութիւն է: Մարդիկ Աստուծոյ որդիներ են եւ իրարու հարազատներ: Պօղոս առաքեալ եփեսացիներուն մասին կ’ըսէ, որ իրենք հիմա Քրիստոսի միացած են, իրենք, որ ժամանակ մը խորթ էին Աստուծոյ, այժմ հարազատներ դարձան Քրիստոսի զոհագործումով (Եփ 2.18-20):
Քրիստոնէութիւնը կեանք է: Քրիստոս չպատգամեց միայն, այլեւ ապրեցաւ, գործեց, օգնեց չքաւորներուն, բժշկեց հիւանդները եւ մարդուն առաւել կեանք պարգեւեց, Իր կեանքը զոհեց եւ յաղթանակ տարաւ մահուան դէմ:
Աստուած գերագոյն սէրն է եւ Իր սիրոյն արդիւնքն է՝ տիեզերքը: Աստուած մարդ արարածը ստեղծելով Իր ձեռակերտներուն թագն ու պսակը կարգեց, անոր տուաւ Իր էութենէն, Իր հոգիէն ու շունչէն, որովհետեւ Իր պատկերով ստեղծեց զայն, Իր սիրոյն ու վայելքին համար: Օրհնեց զայն, որ վայելէ երկիրը իր բոլոր բարիքներով եւ զաւակներ ունենայ: Այս բոլորը Աստուծոյ հայրական անհուն սիրոյ արտայայտութիւնն է:
Մեր կեանքի դժուարութիւնները լուծելու, ցաւերը բժշկելու համար կարիքը ունինք միակ դեղի մը, որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ Քրիստոսի «Սէր»ը, Յիսուս Քրիստոսի եղբայրութեան Աւետարանը, որ մեզ պիտի առաջնորդէ արդարութեան, խաղաղութեան, ուր մարդիկ զիրար սիրելով իբրեւ եղբայրներ, երջանիկ պիտի ապրին, խաղաղ ու սիրոյ կեանք մը Աստուծոյ հովանիին ներքեւ:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան