Աստուած ինք գիտէ ամէն բանի ճշգրիտ ժամն ու ժամանակը, եւ իւրաքանչիւր միջոցի յարմարաւէտութիւնն ու օգտաւէտութիւնը։ Աստուած ուզեց որ մարդը նախ պատրաստուի անոր, եւ յետոյ միայն, երբ ի վիճակի ըլլայ ընդունելու, այն ատեն միայն գայ սպասուած իրականութիւնը։
Այլ խօսքով, Աստուած վարուեցաւ դաստիարակչական յատուկ կերպով մը, որ մարդուն բարիքին համար իսկ չափազանց կարեւոր ու անհրաժեշտ էր։ Որովհետեւ, ինչպէս գիտենք, շատ մը բաներ անօգուտ եւ աննպատակ կ՛ըլլան իրենց ճիշդ ժամանակէն առաջ կամ ետք։ Արդ, Աստուած մարդոց համար անհրաժեշտ գտաւ այդ նախապատրաստութիւնը եւ դաստիարակութիւնը, որ ինք մատակարարեց իր Օրէնքին ու մարգարէներուն միջոցաւ, մինչեւ որ յարմար ժամանակը եկած համարեց (Գղ 3.24-25)։
Աստուածաշունչը այս յարմար ժամանակը կը կոչէ «ժամանակին լրումը», «ժամանակին լրանալը», կամ «ժամանակին լեցուիլը» (հմմտ Մր 1.1։ Գղ 4.4։ Եփ 1.10)
Զարեհ Արք. Ազնաւորեան