Երեքշաբթի, 29 Յուլիս 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ հեռաձայնային կապ հաստատեց Յունաստանի կրթութեան, կրօնական հարցերու ու մարմնակրթութեան նախարար Սոֆիա Զախարաքի։
Վեհափառ Հայրապետին եւ նախարարին զրոյցը, այլ հարցերու շարքին, ընդգրկեց Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Այս ծիրէն ներս Յունաստանի կառավարութեան անունով նախարարը գնահատեց Նորին Սրբութեան եւ Անտիոքի յոյն ուղղափառ Եազճի Պատրիարքին միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը, որու ընթացքին երկու հոգեւոր պետերը շեշտած են, թէ քրիստոնեաները անհրաժեշտ է որ կապուած մնան իրենց երկիրին, մասնակից դառնան Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքներուն ու ամրապնդեն քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը:
Յայտնենք, որ սերտ յարաբերութիւն գոյութիւն ունի հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Յունաստանի պետութեան ու յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ միջեւ: Մի քանի ամիս առաջ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպումներ ունեցաւ Յունաստանի վարչապետին, նախարարներու եւ հոգեւոր պետին հետ: