ՏՕՆ՝ ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ (ՎԱՐԴԱՎԱՌ)

Յովհաննէս Առաքեալի Նամակէն (Ա.Յհ 1.1-7):

«Արդ, եթէ ըսենք՝ «հաղորդակից ենք իրեն», եւ միւս կողմէ շարունակենք խաւարի մէջ ապրիլ, կը ստենք ահա եւ ճշմարտութիւնը չենք գործադրեր» (Ա.Յհ 1.6):

Առաքեալին ուսուցումները յստակօրէն կը դատապարտեն Քրիստոսի աստուածութիւնը հերքող եւ սխալ մեկնաբանող մոլար վարդապետութիւնները եւ կը շեշտեն, թէ Աստուծոյ լոյսին եւ գիտութեան մէջ կրնան ապրիլ միայն անոնք, որոնք հաւատքով կապուած են եւ կը դաւանին, թէ Քրիստոս մարդացաւ մեզ փրկելու համար:

Յովհաննէս աւետարանիչ սոյն սահմանումով կ’ակնարկէ, թէ այս հաւատքը ապրելով կը վայելենք եւ կը ճաշակենք Աստուծոյ հաղորդակցութիւնը: Աւելին տակաւին մեզ կը զգուշացնէ, թէ միտքի իմացումով կամ զգացումով եւ երեւակայութեամբ չէ որ կը ճանչնանք եւ կը դաւանինք ճշմարտութիւնը: Մարդկային միտքի որեւէ կարողութիւն չի կրնար ներթափանցել աստուածային ճշմարտութեան եթէ հաւատքի ճանաչողութիւն չկայ եւ Աստուծոյ լոյս առաջնորդութիւնը մարդը չտանի դէպի հոգեւոր ոլորտ: Ս. Գրիգոր Տաթեւացի կ’ըսէ. «Միտքով քննելը, հասկնալը եւ հաւտքով իմանալը իրարու նման են, որովհետեւ երկու ձեւերն ալ մեզ կը հասցնեն ճշմարտութեան: Սակայն հետեւեալ տարբերութեամբ կը զանազանուին իրարմէ, միտքով ճանչնալը երբեմն մեզ կը մոլորեցնէ ճշմարտութենէն, որովհետեւ միտքը ընդհանրապէս ուղղուած կ’ըլլայ դէպի երկրայինը: Սակայն հաւատքով ճանաչումը ուղղուած կ’ըլլայ երկնայինին եւ մեզ կ’առաջնորդէ դէպի Աստուած» (Գիրք Հարցմանց):

Միտքով եւ հաւատքով ճանչնալն ու ընթանալը մեզ բնակիչ կը դարձնէ լոյսին, որ մեզ կը պաշտպանէ խաւարի ուժերէն:

Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Հաւատքով է որ կ’պրինք, առանց զինք տեսնելու: Բայց վստահութիւն ունինք, եւ շատ աւելի պիտի ուզէինք այս մարմինէն դուրս գալ եւ Տիրոջ քով ըլլալ» (Կր 2.7-8): Առաքեալը կը շարունակէ, ըսելով. «Եւ այս բոլորին վրայ՝ հաւատքի վահանը առէք, որպէսզի կարենաք մարել Չարին արձակած բոլոր մխացող նետերը»  (Եփ 6.16):

Աստուած իր ամենասուրբ եւ բարի կամքով ու արարչական անսահման զօրութեամբ եւ իմաստութեամբ ոչինչէն ստեղծեց երկինքն ու երկիրը, ինչպէս նաեւ բոլոր արարածները, իսկ մարդը ստեղծեց իր պատկերին նմանութեամբ, որպէս թագ եւ պսակ բոլոր արարածներուն: Աստուած մարդը ստեղծեց իրեն հետ ըլլալու եւ իր խորհուրդներուն հաղորդակից դառնալու, ինչպէս նաեւ կատարեալ երանութեան մէջ ապրելու: Պատուիրանազանցութիւնը սակայն մարդը հեռացուց Աստուծմէ, բայց Աստուած իր հայրական գութով մարդը չզրկեց իր արարչագործութեան խնամքէն եւ շնորհքէն, չլքեց զայն մահուան, խոստանալով զինք փրկել մեղքի ու մահուան իշխանութենէն:

Ժամանակներու լրումին, Աստուած իր արարչական անհուն սիրով փրկութեան լոյսը ծագեցուց աշխարհի եւ մարդուն վրայ: Իր Միածին Որդին խոնարհեցնելով մեր փրկութեան համար, իր աստուածային նախախնամութեամբ, Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ կատարելապէս մարդացաւ Ս. Կոյս Մարիամէն:

Առաքեալին հետեւեալ արտայայտութիւնը «Հաղորդակից ենք իրեն» (Յհ 1.6), կը նշանակէ թէ երբ մենք հաղորդակից ենք Աստուծոյ, միացած ենք Քրիստոսի: Աստուծոյ հետ ըլլալ, միանալ եւ հաղորդակից ըլլալ Քրիստոսի, մարդուն ձգտումն է այս աշխարհի վրայ: Մարդը Աստուծոյ պատկերին ու նմանութեամբ ստեղծուած ըլլալով կոչուած է ապրիլ Աստուծոյ համար եւ միշտ փնտռել իր արարիչը, որովհետեւ Աստուծոյ հետ միանալով է որ մարդը կը վերանայ եւ հաղորդակից կ’ըլլայ Աստուծոյ, վերստանալով մեղքի պատճառով կորսնցուցած երջանկութիւնը, վերահաստատելով իր գոյութեան նպատակը, որ Քրիստոսի հաղորդակից ըլլալն է:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան