Ուրբաթ, 18 Յուլիս 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ.) պատուոյ նախագահ Պերճ Սեդրակեանը:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան յատկապէս Հայաստանի ներքին կացութիւնը յուզող՝ պետութիւն-եկեղեցին եւ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութեան առնչուած հարցեր:
Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց մեր ժողովուրդին, Հայրենիքէն ներս թէ դուրս, ներքին միասնականութիւնը ամրացնելու անհրաժեշտութիւնը՝ յատկապէս նոր տագնապներով շրջապատուած ներկայ ժամանակներուն։