Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ

Անցնող օրերու ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց հետեւեալ այցելութիւնները.

– Սուրիոյ մէջ գործող «Together» հաստատութեան յանձնախումբը, որ գանատական կազմակերպութեան մը կողմէ լծուած է մարդասիրական աշխատանքներու:

– Լիբանանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական խորհուրդը, առաջնորդութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի շրջանային վարչութեան ատենապետին: Ներկաները Վեհափառ Հայրապետին պարզեցին Միութեան յառաջիկայ ծրագիրները:

– Համայնքներու միջեւ գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու ձգտող միջ-համայնքային յանձնախումբը: Անոր անդամները Նորին Սրբութեան ներկայացուցին յանձնախումբի նախաձեռնութեան զանազան երեսներն ու հանգրուանները եւ առաջարկեցին, որ հայ համայնքը եւս մասնակից դառնայ համալիբանանեան ծրագիրին:

– Սուրբ Գրոց Ընկերակցութեան Լիբանանի տնօրէն դոկտ. Մայք Պասսուսը: Ան Վեհափառ Հայրապետին յայտնեց, որ Նոր Կտակարանի մեկնաբանութեան հայերէն թարգմանութիւնը աւարտած է հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաներէն Հոգեշնորհ Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեանի կողմէ: Յայտնենք, որ հատորին ներկայացումը պիտի կատարուի նախագահութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Երկուշաբթի, 8 Սեպտեմբեր 2025-ին:

– Յունաստանի հայ աւետարանական համայնքապետ Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեանը: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց Նորին Սրբութեան գահակալութեան 30 ամեակին առիթով Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեանց եւ յատկապէս, Վեհափառ Հայրապետին «Հայ Եկեղեցին» հատորին յունարէն թարգմանութեան հրապարակային ներկայացման ներկայ գտնուելուն համար: