Վերջերս լոյս տեսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին գահակալութեան 30 տարիներու առաքելութեան կարեւոր բնագաւառները պարզող պատկերազարդ հատոր մը (քաթալոկ)՝ հայերէն ու անգլերէն լեզուներով:
Յիշեալ հատորը կը բովանդակէ ընտրուած պատկերներ, անոնց մասին հակիրճ տեղեկութիւններ, կարեւոր դէպքերու նշումներ եւ Վեհափառ Հայրապետին պատգամներէն մէջբերումներ:
Աւելի քան 400 էջերու վրայ տարածուած այս հատորը ընդհանուր գիծերով կը պարզէ ո՛չ միայն Վեհափառ Հայրապետին ծառայութեան յատկանշական երեսները, այլեւ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համազգային առաքելութեան էական մարզերը: