ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՁԵՌԱՄԲ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՈՒՄԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԽՈՐԷՆ Ա. ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ

Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Ֆանարի երբեմնի ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլէճին մէջ, 2024 թուականին հաստատուեցաւ Կաթողիկոսարանի եւ Վեհափառ Հայրապետին անմիջական հովանաւորութեան ներքեւ գործող Խորէն Ա. Կեդրոնը։ Ներկայ դրութեամբ հոն կը գործեն Կաթողիկոսարանի զանազան բաժանմունքներն ու կառոյցները, ինչպէս՝ «Շնորհալի» ու մանկապատանեկան «Նարեկացի» երգչախումբերը, Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութիւնը (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.), հայագիտական եւ մանկավարժական «Խաչեր Գալուստեան» դասընթացքներու կեդրոնները։

Արդարեւ, Երեքշաբթի, 24 Յունիս 2025-ին, Խորէն Ա. Կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ 2024-2025 տարեշրջանի Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Կեդրոնի աւարտական դասարանի վկայականաց բաշխումը, ձեռամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։

Հանդիսութեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայագիտական Կեդրոնի տնօրէն Ահարոն Շխրտըմեան։ Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ այս Հայագիտական Կեդրոնը մեզի համար սովորական հաստատութիւն մը չէ. անիկա մեր ինքնութիւնը պահպանելու, հայ զգալու, մտածելու ու ապրելու եւ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործելու մթնոլորտ է։ Ան ցաւ յայտնեց, որ հայագիտութիւնը օրէ օր նօսրացող հոսանք մը դարձած է, սակայն միաժամանակ յոյս յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ոչ մէկ ջանք կը խնայէ այս հաստատութիւնը դարձնելու հայագիտութեան մէկ գեղեցիկ ովասիսը Սփիւռքի մեր իրականութեան մէջ: Իր խօսքի աւարտին, Ա. Շխրտըմեան շնորհակալութիւն յայտնեց կեդրոնի յանձնախումբին եւ ուսուցիչներուն, որոնց անմիջական օժանդակութեամբ ու ներդրումով կարելի կ՚ըլլայ իրականացնել այս առաքելութիւնը։

Ապա, շրջանաւարտներուն անունով ուղերձ ընթերցեց Անիթա Ալօզեան Նալպանտեան։ Ան ըսաւ, որ երեք տարիներ շարունակ մենք միայն ուսանողներ չէինք այստեղ, այլեւ յարաբերողներ՝ լեզուի, գրականութեան, պատմութեան ու մանկավարժական նիւթերու հետ: Մեր աչքին առջեւ բացուեցան մատենադարանի էջերը, որոնք փայլուն կերպով արտացոլեցին մեր ազգի գեղագիտական ու մտաւոր պարծանքը: Ուղերձի աւարտին, ան նշեց, որ այս հանդիսութիւնը ուսումնական փուլի մը աւարտն է պարզապէս, որովհետեւ մեզ կը դնէ նոր առաքելութեան մը առջեւ: Մենք դուրս կու գանք այս կրթական պատնէշէն իբրեւ հայ լեզուի դեսպաններ:

Ուղերձէն ետք տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխումը՝ ձեռամբ Վեհափառ Հայրապետին։ Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Կեդրոնէն 2024-2025 ուսումնական տարեշրջանին վկայուեցան երեք աշակերտներ.- Անիթա Ալօզեան Նալպանտեան, Փերուզ Ճորճ Թիւթիւնճեան եւ Գլոտին Անդրանիկեան Կէօտէլէքեան։

Ապա, իր հայրապետական օրհնութեան խօսքը ուղղեց Նորին Սրբութիւնը։ Ան իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Կաթողիկոսարանի հովանիին տակ գործող Հայագիտական Կեդրոնին, անոր յանձնախումբին, տնօրէնութեան ու աշակերտութեան, որոնք ամենայն բծախնդրութեամբ ու պատասխանատուութեամբ լծուած են հայապահպանման հաւաքական աշխատանքին։ Այս առիթով ան մտահոգութեամբ անդրադարձաւ հայագիտական մարզին պարզած ներկայ պատկերին։ Նորին Սուրբ Օծութիւնը ընդգծեց, որ հայ լեզուն հիմքը կը կազմէ մեր ազգին ու պատմութեան։ Դարերու ընթացքին մենք մեր լեզուով է որ պահեցինք մեր ինքնութիւնը եւ կրցանք պաշտպանուիլ օտարին օտարացնող ազդեցութիւններէն։ Այսօր, աւելի քան երբեք, մենք հրամայական ու անմիջական կարիքը ունինք մեր լեզուի պահապաններու, որոնք հակառակ համաշխարհայնացման պարտադրած պայմաններուն, մեր լեզուն, մշակոյթը, պատմութիւնը, երգը, պարը, գիրն ու գրականութիւնը կրնան ամրօրէն պահել, եւ ո՛չ միայն պահել, այլեւ զանոնք փոխանցել նոր սերունդներուն։ Այսօր մեր բոլորին սրբազան պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնն է մա՛րդ պատրաստել. մեր ընտանիքներուն, դպրոցներուն, միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն ու եկեղեցիներուն մէջ մարդու կարիքը ունինք. ուստի, մեր առաջնահերթ սրբազան պարտաւորութիւնն է մեր ազգին մարդո՛ւժ հայթայթել։

Այս մտահոգութիւններէն ու մտածումներէն մեկնած, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորեց աւարտական աշակերտները եւ անոնց յիշեցուց մեր եկեղեցական ու ազգային կառոյցներուն շուրջ արդիւնաւորելու իրենց կեանքը։ Վերջապէս, ան իր հայրական ու հայրապետական օրհնութիւնը տալով ներկաներուն՝ յաջող երթ ու նորանոր նուաճումներով լեցուն տարեշրջաններ մաղթեց Հայագիտական Կեդրոնին։