ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ ՎԱՐԱԳԱՅ Ս. ԽԱՉԻ ՊԱՀՈՑ

         Սիրելի հաւատացեալներ, այս Կիրակի 20 Սեպտ. 2026-ին, Վարագայ Սուրբ Խաչի Բարեկենդան է:

         Բարեկենդան կը նշանակէ բարի կենդանութիւն, բարի կեանք, ուրախութիւն, խրախճանք, ճոխ եւ առատ ուտեստներով վայելելու օր:

         Եկեղեցական կանոններու համաձայն, մեծ տօները կանխող շաբթուան նախօրեակը կը կոչուի բարեկենդան: Յառաջիկայ կիրակի 27 Սեպտ. 2020 Վարագայ Սուրբ Խաչի տօն է, հետեւաբար այս կիրակի բարեկենդան է:

         Այս կիրակին կը նախորդէ Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնը, որ նուիրուած է Վարագայ լեռան վրայ Յիսուսի Խաչափայտի մասունքի գտման: Ս. Աստուածածինը տեսիլքով կը յայտնուի Հռիփսիեանց կոյսերուն, որոնք Հռոմէն փախած էին: Աստուածամայրը կը թելադրէ քառասուն կոյսերուն, որ երթան եւ ապաստանին Արարատեան կողմն աշխարհի: Կոյսերը կու գան Հայաստան, ճամբու ընթացքին կը հանդիպին Վարագայ լեռ, ըստ աւանդութեան Հռիփսիմէ կոյսը իր վզին կը կրէր Քրիստոսի Խաչափայտէն մասունք մը, երբ կ’իմանայ հալածանքներու ենթարկուելու մասին, իսկոյն Խաչի մասունքը կը պահէ լերան վրայ հողին տակ: Եօթներորդ դարուն  մասունքը կը գտնուի, որմէ ետք Հայց. Առաքելական Եկեղեցին Խաչի նուիրուած տօներու շարքին կը դասէ նաեւ Վարագայ Սուրբ Խաչի տօն անուանելով զայն:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան