ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ ՎԱՐԱԳԱՅ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻ

ՄԱՐԿՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ.10.1-12

Յիսուս ապահարզանի դէմ կը խօսի.

         Յիսուս Հրէաստանի սահմանները եկաւ, Յորդանան գետին դիմացի կողմը, եւ դարձեալ ժողովուրդը խռնուեցաւ իր շուրջ, եւ ինք իր սովորութեան համաձայն նորէն անոնց կ’ուսուցանէր:

         Փարիսեցիները Յիսուսը փորձելու մտադրութեամբ մօտեցան անոր եւ հարցուցին.

         -Մեր Օրէնքին համաձայն մէկը իրաւունք ունի՞ իր կինը արձակելու:

         Յիսուս անոնց պատասխանեց.

         -Մովսէս ի՞նչ օրէնք սահմանեց ձեզի:

         Անոնք պատասխանեցին.

         -Մովսէս մեզի արտօնութիւն տուաւ բաժանման թուղթ տալու կնոջ եւ արձակելու զայն:

         Յիսուս ըսաւ անոնց.

         -Մովսէս ձեր խստասրտութեա՛ն պատճառով այդ օրէնքը սահմանեց: Սակայն սկիզբէն, արարածներու ստեղծագործութեան ժամանակ, Աստուած «արու եւ էգ ստեղծեց մարդիկը» եւ ըսաւ անոնց. «Այս պատճառով այրը պիտի ձգէ իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ միանայ, եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան»: Հետեւաբար այլեւս երկու չեն այլ՝ մէկ մարմին: Արդ, ոեւէ մէկը թող չբաժնէ անոնք՝ որ Աստուած միացուց:

         Աւետարանական այս հատուածին մէջ փարիսեցիները դարձեալ կը ներկայանան Քրիստոսը փորձելու միտումով, օրինական հարցումով մը կ’ուզեն զինք տեսնել օրէնքի հակառակ արտայայտուելու արարքին մէջ: Սակայն Քրիստոս իմանալով անոնց նենգամտութիւնը եւ չարամտութիւնը յանդիմանական ոճով պատասխան մը տալով կը կասեցնէ զիրենք:

         Փարիսեցիները Մովսիսական օրէնքին կառչած կը մնային, առանց անոր խորքը եւ ոգին հասկնալու: Կ’ուզէին գիտնալ, թէ Քրիստոս ինչպիսի՞ տրամադրութիւն պիտի ցուցաբերէ հին կտակարանի օրէնքներու նկատմամբ:

Աւետարաններուն մէջ կը տեսնենք թէ ինչպէս, Փարիսեցիները եւ Օրէնքի ուսուցիչները, բազմիցս կը փորձեն Յիսուսը, նպատակ ունենալով զինք ամբաստանել Իր իսկ արտասանած խօսքերով, հեղինակազրկելու զինք ժողովուրդին առջեւ կամ հնարքներ գտնել Յիսուսը հռովմէական իշխանություններուն յանձնելու եւ դատապարտելու համար։ Անոնց «փորձութեան» հիմնական դրուագներն ու մտադրութիւններն են.

ա. Կայսրին հարկ տալու հարցը (Մտ 22.15-22): Երբ հարցուցին. «Մեր Օրէնքին համաձայն պէ՞տք է կայսրին տուրք տանք, թէ ոչ»: Եթէ Յիսուս ըսէր «այո», ժողովուրդը զինք հայրենադաւ պիտի կոչէր: Եթէ ըսէր «ոչ», պիտի մեղադրէին Հռոմի դէմ ապստամբութիւն հրահրելու մէջ: Յիսուսի պատասխանը կ’ըլլայ «Կեղծաւորնե՛ր, ինչո՞ւ կը փորձէք զիս: Գացէք եւ ինչ որ կայսրին կը պատկանի՝ կայսրին տուէք, եւ ինչ որ Աստուծոյ՝ Աստուծոյ տուէք»:

բ. Շաբաթ օրով օրէնքը չյարգելու հարցը. (Մտ 12.9-14): Տաճարին մէջ, բժշկելէ ետք գօսացած ձեռքով մարդը, կը հարցնեն. «Մեր Օրէնքը կը թոյլատրէ՞ Շաբաթ օրով բժշկել»: Մտադրութիւնը Յիսուսը մեղադրելն է Մովսէսի օրէնքը եւ Շաբաթը պղծելու մէջ: Յիսուսի պատասխանը, բժշկելէ ետք մարդուն՝ կ’ըսէ, որ շաբաթ օրով բարիք գործելը արտօնուած է:

գ. Սխալ ընթացքի մէջ բռնուած կինը քարկոծելու հարցը. (Յհ 8.1-11): Յիսուսի  բերին կին մը, որ ըստ օրէնքի այս կինը պէտք է քարկոծուի, ապա կը հարցնեն Յիսուսի կարծիքը։ Մտադրութիւնը այն է, եթէ Յիսուս ըսէր՝ մի՛ քարկոծէք, կը հակառակէին ըսելով որ Մովսէսի օրէնքին դէմ կը գործէ: Եթե ըսէր՝ քարկոծեցէք, կը հակասէր Իր սիրոյ եւ ներողամտութեան քարոզին, ինչպէս նաեւ կը խախտէր հռովմէական օրէնքը, որ կ’արգելէր հրեաներուն դատաստան տեսնել եւ մահապատիժ արձակել: Յիսուսի պատասխանը կ’ըլլայ «Ձեր մէջէն անմեղը թող ի՛նք առաջին քարը նետէ անոր վրայ»: Այս խօսքերը լսողները բոլորն ալ մէկ առ մէկ հեռացան:                       

դ. Երկինքէն նշան մը պահանջողներու հարցը. (Մտ. 16.1-4): Փարիսեցիներ եւ Սադուկեցիներ Յիսուսէ կը պահանջեն որ երկինքէն նշան մը (հրաշք) ցոյց տայ։ Կասկածի տակ դնելու Անոր աստուածային իշխանութիւնը եւ ցույց տալու, որ Յիսուսի խօսքերն ու գործերը բաւարար չեն Մեսիա կոչուելու: Յիսուսի պատասխանը կ’ըլլայ. «Աստուծոյ անհաւատարիմ եւ չար այս սերունդը նշան կը խնդրէ, բայց Յովնան մարգարէին պատահած հրաշքէն զատ ուրիշ նշան պիտի չտրուի անոր», (որ կը խորհրդանշէր Իր երեքօրեայ թաղումն ու յարությունը)։ 

ե. Ամուսնալուծումի վերաբերեալ հարցումը, որ այսօրուան աւետարանական խորհրդածութեան նիւթն է. (Մտ. 19:3-9): Հարցումը այն է. «Մեր Օրէնքով մէկը իրաւունք ունի՞ ոեւէ պատճառով իր կինը արձակելու»: Քանի որ այդ ժամանակ հրեայ օրէնսգէտները բաժնուած էին երկու տարբեր հոսանքներու (ազատական եւ խստապահանջ) խումբերու, անոնք կ’ուզէին Յիսուսը ներքաշել այդ վէճին մէջ, որպէսզի Յիսուս հակառակորդներ ունենայ: Յիսուս կը մատնանշէ Աստուծոյ նախաստեղծ կամքը. «Այն, ինչ Աստուած միացուց, մարդ թող չբաժանէ»: Եզրակացութիւնը այն էր, որ Փարիսեցիներուն բոլոր փորձութիւնները ցոյց տուին անոնց կեղծաւորութիւնն ու նախանձը, քանի որ անոնք կը փնտռէին ոչ թէ ճշմարտութիւնը, այլ Յիսուսը հրապարակէն վերացնելու միջոց մը: Սակայն իւրաքանչիւր դէպքին ալ Յիսուսի աստուածային իմաստութիւնը ջուրի երես կը հանէր անոնց ներքին չարութիւնը եւ նենգամտութիւնը:

Աստուածաշունչ մատեանը մեզի կ’ուսուցանէ ըսելով, Աստուած տեսնելով մարդուն մինակութիւնը ըսաւ. «Իրեն նման օգնական մը տանք մարդուն» եւ այդ օգնականը որդեծնութեան կենակից պիտի ըլլար մարդուն: Աստուած սովորական օգնական մը չտուաւ Ադամին, այլ կեանքի ընկեր՝ լաւ եւ վատ օրերու համար: Աստուածաշունչը զիրենք մէկ մարմին կը կոչէ, հետեւաբար այլեւս երկու չեն:

         Ադամն ու Եւան Աստուծոյ խօսքին համաձայն կոչուած էին մէկ մարմին ըլլալու, աստուծահաստատ հիմերով ամրացած ընտանիք մը կազմելու, զիրար ամբողջացնելու, սերնդագործելու, նոր արարչագործութեամբ երկիրը զաւակներով լեցնելու եւ Աստուծոյ փառքը տարածելու երկրի վրայ:

         Ընտանիք հասկացողութինը պէտք է հիմնաւորուած ըլլայ սրբութեան, անկեղծութեան եւ համերաշխութեան վրայ, Քրիստոնէական հասկացողութեամբ այս է ընտանիք կազմելու հիմնաքարը, որ Աստուծոյ կողմէ փոխանցուած է մարդուն: Ճշմարիտ սրբութենէն ստեղծուած մարդը կոչուած է սուրբ ըլլալու, սրբութեամբ ընտանիք կազմելու: Սուրբ է այն ընտանիքը, որ աստուածահաճոյ ու քրիստոնէավայել կեանք մը կ’ապրի, իր տունը եկեղեցիի եւ խորանի վերածելով: Սուրբ է այն ընտանիքը, որ իր տունը կը հիմնէ աւետարանական այն ժայռին վրայ ուր «Անձրեւներ կու գան, գետերը կը յորդին, հովեր կը փչեն եւ կը զարնուին տան, բայց տունը չի կործանիր, որովհետեւ ժայռին (Քրիստոսի) վրայ հաստատուած է» (ՄՏ.7.25):

         Սիրելի Հայորդիներ՝

         Հայ ընտանիքը միշտ եղած է կորիզը ընկերութեան: Հոն կը գտնուի կեանքի առաջին դպրոցը, ուսուցիչներն են ընտանիքի երկու սիւները՝ հայրն ու մայրը: Հայկական տոհմիկ տան մէջ է, որ պիտի թրծուին եւ հասակ կ’առնեն եւ կեանքի կը կոչուին զաւակները:

Ահա թէ ինչու Աստուած կը թելադրէ զաւակները դաստիարակել սրբութեամբ՝ երբ անոնք տակաւին կակուղ թաթիկներ են, նոր պիտի թեւակոխեն կեանքի բոլորակին, Սողոմոն Իմաստուն կ’ըսէ. «Քանի որ յոյս կայ՝ տղադ խրատէ եւ անոր կորսուելուն կամակից պատճառ մի ըլլար» (ԱՌ.29.17): Նաեւ կ’ըսէ. «Խրատէ՛ քու որդիդ, որպէսզի քեզ հանգստացնէ եւ քու հոգիդ զուարճացնէ» (ԱՌ.29.17):

         Սիրելի ընթերցող, ընտանիքը ամէն բանէ առաջ հաւաքական կեանք է, այլապէս ընտանիք չի՛ կրնար կոչուիլ եւ գոյութիւն ունենալ: Այր եւ կնոջ մտերմութիւնը ամէն իմաստով պէտք է տարբերի որեւէ տեսակի մտերմութենէ, համաձայնագրութենէ, այլ պէտք է Աստուծոյ սրբութեամբ շաղախուած ըլլայ:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան