ՀԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԳՐՈՒԱԾ, ՄԵԶԻ ԱԼ ՈՒՂՂՈՒԱԾ

Անցեալ յօդուածով խօսեցանք, թէ ինչպէ՞ս պէտք է մօտենանք Աստուածաշունչի այն հատուածներուն, որոնք մեզի տարօրինակ կամ անհասկնալի կը թուին։ Շեշտեցինք, որ Սուրբ Գիրքին կեդրոնը Աստուած է, եւ զայն կարդալու ատեն նախ պէտք է ձգտինք ճանչնալու Անոր կամքն ու փրկարար սէրը։ Անդրադարձանք նաեւ, որ ամէն ինչ ամբողջութեամբ չհասկնալը հաւատքի պակասի նշան չէ. կարեւորը խոնարհութեամբ հարցնելը, ուսումնասիրելը եւ Աստուծոյ վստահիլն է։ Այս անգամ պիտի անդրադառնանք Սուրբ Գիրքը իր պատմական եւ մշակութային միջավայրին մէջ հասկնալու անհրաժեշտութեան մասին։

Սուրբ Գիրքը գրի առնուած է որոշ ժամանակներու, որոշ ժողովուրդներու մէջ, որոշ լեզուներով եւ որոշ ընթերցողներու համար։ Անոր պատգամը այսօր մեզի ալ կը վերաբերի, բայց անոր առաջին ընթերցողները մեր ժամանակներուն մէջ չէին ապրեր։

Անոնք ունէին իրենց սովորութիւնները, մտածելակերպը, խորհրդանիշներն ու արտայայտչաձեւերը։ Ինչ որ իրենց համար հասկնալի էր, մեզի կրնայ տարօրինակ թուիլ։ Հետեւաբար, հատուած մը ճիշդ ըմբռնելու համար օգտակար է նախ հարցնել. «Այս խօսքը ի՞նչ կը նշանակէր զայն առաջին անգամ լսողներուն համար»։

Օրինակ՝ սաղմոս մը եւ պատմական դէպքի մը նկարագրութիւնը նոյն ձեւով չենք կարդար։ Մարգարէական տեսիլքը, առակը, աղօթքը եւ առաքելական նամակը իւրաքանչիւրը ունի իր լեզուն ու նպատակը։ Երբ սաղմոսը կը խօսի ծափ զարնող գետերու կամ ցնծացող լեռներու մասին, կը հասկնանք, որ բանաստեղծական լեզուով ամբողջ ստեղծագործութիւնը Աստուծոյ փառաբանութեան կը հրաւիրուի։

Նոյն ուշադրութիւնը անհրաժեշտ է նաեւ աւելի դժուար հատուածներու պարագային։ Պէտք է նկատի ունենալ, թէ ո՞վ կը խօսի, որո՞ւն կ’ուղղուի խօսքը, ի՞նչ հանգամանքներու մէջ եւ ի՞նչ նպատակով։ Հատուածը նաեւ պէտք է կարդալ իր նախորդող ու յաջորդող տողերուն եւ ամբողջ Սուրբ Գիրքին լոյսին տակ։

Պատմական միջավայրը ուսումնասիրելը չի նուազեցներ Աստուածաշունչին սրբութիւնը։ Ընդհակառակը, ան կը յարգէ այն իրողութիւնը, որ Աստուած Իր Խօսքը մեզի փոխանցած է մարդկային լեզուով եւ պատմութեան մէջ ապրած մարդոց միջոցով։

Սակայն այս չի նշանակեր, թէ Սուրբ Գիրքը կարդալու համար բոլորս պէտք է հին լեզուներու մասնագէտ դառնանք։ Կրնանք օգտուիլ վստահելի մեկնութիւններէ, դիմել մեր հոգեւորականներուն եւ սերտել Եկեղեցւոյ հայրերուն ուսուցումները։ Եկեղեցւոյ հաւատքին ու աղօթքին մէջ Աստուածաշունչի ընթերցումը մեզ կը կապէ նաեւ անոնց, որոնք մեզմէ առաջ լսած, մեկնած եւ ապրած են նոյն Խօսքը։

Աստուածաշունչին անհասկնալի հատուածները կրնան առիթ դառնալ մեր հաւատքին հասունացման։ Անոնք մեզ կը դանդաղեցնեն, կը ստիպեն աւելի ուշադիր կարդալ եւ կը սորվեցնեն չշփոթել մեր առաջին տպաւորութիւնը բնագրին ամբողջ իմաստին հետ։

Որոշ հարցումներ կը պարզուին ուսումնասիրութեամբ։ Ուրիշներ երկար ժամանակ բաց կը մնան։ Երկու պարագաներուն ալ կրնանք շարունակել կարդալ աղօթքով, մտքի արթնութեամբ եւ սորվելու պատրաստակամութեամբ։

Նոյնիսկ Եդեմի պարտէզի պատմութեան մէջ, ուր այնքան հարցումներ կը ծագին, կայ յստակ եւ խորապէս մխիթարական իրողութիւն մը. մեղանչած մարդը կը թաքնուի, իսկ Աստուած կը փնտռէ զայն։ Մարդը կը գիտակցի իր մերկութեան եւ կ’ամչնայ, իսկ Աստուած հագուստ կը պատրաստէ անոր համար։ Դատաստանի ծանրութեան կողքին արդէն կը նշմարուի Աստուծոյ հոգատարութիւնը։

Այս լոյսով կը հասկնանք, որ Աստուծոյ շնորհքը միայն Նոր Կտակարանով ի յայտ եկած իրականութիւն մը չէ։ Անոր հետքերը կը տեսնենք Աստուածաշունչի առաջին էջերէն, իսկ անոր լիութիւնը կը ճանչնանք Յիսուս Քրիստոսի մէջ։

Ուստի, երբ Աստուածաշունչին մէջ դժուար կամ անսովոր բանի մը հանդիպինք, չշտապենք փակել գիրքը։ Կարդանք կրկին, հարցնենք, ուսումնասիրենք եւ աղօթենք։ Մեր նպատակը միայն ամէն հարցի պատասխան գտնելը չէ, այլ նաեւ՝ աւելի խոր ճանչնալ Աստուած, որ այդ էջերուն ընդմէջէն մեզ կը կանչէ Իրեն հետ ապրելու։

Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան