Պօղոս Առաքեալի Նամակէն (Բ.Կր 1.1-12)
«Օրհնեա՜լ ըլլայ Աստուած, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի հայրը, որ հայրաբար կը գթայ եւ որպէս Աստուած կը մխիթարէ» (Բ. Կր 1.3):
Առաքելական նամակի այս հատուածը կը խօսի գթասէր եւ մխիթարող Հօր Աստուծոյ մասին: Ոմանք կը կարծեն, թէ Աստուծոյ մխիթարութիւնը վերջնականապէս վերջակէտ դնել է բոլոր դժուարութիւններուն ու փորձութիւններուն: Սակայն Աստուծոյ մխիթարութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ զօրութիւն ստանալ, յոյսով ապրիլ եւ ինչու չէ քաջալերուիլ դիմակայելու ամէն տեսակի նեղութիւն ու դժուարութիւն, հաստատ գիտնալով թէ «որքան շատ բաժնեկից կ’ըլլանք Քրիստոսի չարչարանքներուն, այնքան աւելի մեծ կ’ըլլայ իր օգնութիւնն ու մխիթարութիւնը մեզի» (Բ.Կր 1.5):
Անկասկած փորձութիւնները անպակաս են, բայց եւ այնպէս անոնք մեզ կը սորվեցնեն վստահութիւն ունենալ Աստուծոյ հանդէպ: Պօղոս առաքեալ իր գործունէութեան ընթացքին, հալածանքներու եւ ընդիմադրութիւններու ենթարկուեցաւ, սակայն, միշտ ալ վստահեցաւ Տիրոջ հաւատարմութեան: Առաքեալը կը քաջալերէ մեզ ապրիլ յոյսով ու հաւատքով, յիշեցնելով թէ «Արդարեւ, գիտենք թէ հողեղէն այս տունը, որ մեր մարմինն է եւ որուն մէջ կը բնակինք, պիտի քայքայուի. Բայց երկինքի մէջ ունինք Աստուծոյ կողմէ պատրաստուած անձեռագործ եւ յաւիտենական մարմին մը՝ իբրեւ տուն» (Բ.Կր5.1):
Հակառակ մեր դիմագրաւած դժուարութիւններուն, յոյսը առիթ կու տայ մեզի հաւատարմութեամբ շարունակելու մեր ընթացքը, մինչեւ յաղթանակով պսակուելու:
Պօղոս առաքեալ նմանօրինակ արտայայտութիւն մը կ’ունենայ նաեւ եփեսացիներուն նամակին մէջ, ըսելով. «Օրհնեալ է Աստուած, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, որ Քրիստոսով մեզ օրհնեց երկինքի մէջ ամէն տեսակ հոգեւոր օրհնութեամբ» (Եփ 1.3):
Հոգեւոր օրհնութիւնները՝ փրկութեան շնորհքը Սուրբ Հոգիին պարգեւները, Աստուծոյ կամքը կատարելու կարողութիւնը եւ յաւիտենական կեանքը ժառանգելու յոյս են: Վերոյիշեալ օրհնութիւնները կրնանք վայելել, երբ կ’ամրապնդենք մեր յարաբերութիւնը Քրիստոսի հետ:
Պետրոս առաքեալ նաեւ իր ընդհանրական առաջին նամակին մէջ, փրկութեան յոյսին համար գոհութիւն կը յայտնէ ըսելով. «Օրհնեալ է Աստուած, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, որ իր առատ ողորմութեամբ մեզ վերստին ծնաւ, որպէսզի Յիսուս Քրիստոսի մեռելներէն յարութիւն առնելովը ունենանք այն կենդանի յոյսը՝ թէ պիտի ժառանգենք անեղծ, անարատ եւ անթառամ կեանքը, որ երկնքի մէջ պահուած է ձեզի համար» (Ա.Պտ 1.3-4): Վերստին ծնիլը հոգեւոր ծնունդ է՝ Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ քրիստոնէավայել ապրելու:
Առաքեալին խօսքը դժուարութեան ժամանակ ուրախութեան եւ յոյսի ներշնչում է եւ հրաւէր մը՝ վստահելու քրիստոսի:
Յիսուս փրկութեան ճշմարտութիւնը բացատրեց Նիկոդեմոսին, որ եբրայեցի իշխան եւ ուսուցիչ մըն էր, ըսելով. «Եթէ մէկը վերստին չծնի՝ չի կրնար տեսնել Աստուծոյ արքայութիւնը» (Յհ 3):
Նիկոդեմոս Աստուծոյ թագաւորութեան մասին Սուրբ Գիրքերէն սորված էր: Յիսուս յստակեցուց, որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը կը պատկանի համայն մարդկութեան, այսինքն՝ բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան եւ կը դաւանին Քրիստոսը: Բայց ոչ ոք կրնայ արքայութիւն մտնել, եթէ չապաշխարէ եւ վերստին չծնի հոգեւոր ծնունդով:
ՄԱՐԿՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 4.35-41
Յիսուս կը խաղաղեցնէ փոթորիկը.
Նոյն օրը երեկոյեան, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ.
Եկէք լիճին միւս կողմը անցնինք:

Աշակերտները ձգեցին ժողովուրդը եւ բարձրացան այն նաւակին մէջ, ուր Յիսուս կը գտնուէր: Հոն ուրիշ նաւակներ ալ կային: Յանկարծ զօրաւոր հով մը փոթորկեց լիճը: Ալիքները նաւակին զարնուելով՝ ներս կը թափէին, զայն լեցնելու աստիճան, մինչ Յիսուս նաւակին յետսակողմը բարձի մը վրայ կը քնանար: Աշակերտները արթնցուցին զինք եւ ըսին.
-Վարդապե՛տ, հոգդ չէ՞ որ մենք կը կորսուինք:
Յիսուս ոտքի ելլելով սաստեց հովը, ըսելով.
-Դադրէ՛,- եւ լիճին ըսաւ.- Հանդարտէ՛:
Հովը դադրեցաւ եւ կատարեալ հանդարտութիւն (Խաղաղութիւն) տիրեց: Ապա Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ.
-Ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք. տակաւի՞ն հաւատք չունիք:
Անոնք չափազանց վախցան եւ իրարու կ’ըսէին.
-Ո՞վ է արդեօք այս մարդը, որ նույնիսկ հովն ու ծովը կը հնազանդին իրեն:
Աւետարանական այս հատուածը կ’ընդգրկէ Յիսուսի փոթորիկը խաղաղեցնելու դրուագը, որով Մարկոս աւետարանիչ կը ներկայացնէ քրիստոնեայի կեանքի ալեկոծ վիճակը, որ Քրիստոսի ներկայութեամբ, ներգործութեամբ եւ մեր Անոր հանդէպ ունեցած հաւատքին իբրեւ արգասիք, հովը, փոթորիկը կը դադրի եւ կատարեալ հանդարտութիւն ու խաղաղութիւն կը տիրէ:
Սուրբ գրքի մասնագէտներուն համաձայն, գալիլիոյ լիճը 200 մեթր խորութիւն ունի, այս լիճը յաճախ ալեկոծութեան եւ փոթորիկի ենթարկուող է, իսկ առաքեալները, որոնք ընդհանրապէս ձկնորսներ էին, եւ վարժ էին նման երեւոյթներու, սակայն այս անգամ արտասովոր փորձանքի մը մատնուած էին: Փրկութեան շատ մը միջոցներ կ’որոնեն, սակայն չեն յաջողիր, մինչեւ որ չդիմեն Յիսուսի: Իրենց անձնական բոլոր միջոցները եւ ճիգերը ապարդիւն կ’անցնին: Այսօր մենք եւս նոյնը կ’ընենք, կեանքի դժուարութիւններու դիմաց, ամէն ինչ կը փորձենք մարդկային միջոցներով լուծել, առաքեալներուն նման, կարծելով թէ Քրիստոս կը ննջէ մեր կեանքին մէջ: Սակայն պէտք է վստահ ըլլանք, որ եթէ դիմենք Քրիստոսի ճիշդ ժամանակին, Ան իր ամենազօր ներկայութեամբ կարող է հանդարտեցնել ամէն դժուարութիւն եւ վտանգ, որ կը հանդիպի մեզի մեր կեանքի ընթացքին:
Աւետարանական այս դրուագէն կը սորվինք չըլլալ թերահաւատ, առաքեալներուն նման որոնք, նախ ուզեցին կեանքի դժուարութիւնները եւ փորձութիւնները անձնական միջոցներով լուծել, սակայն երբ չյաջողեցան դիմեցին Քրիստոսի:
Երկրորդ՝ երբ կեանքի դժուարութիւններու եւ փորձութիւններու հետ դէմ հանդիման գտնուինք, մեր առաջին քայլը որ պէտք է առնենք, դիմել Քրիստոսի որ մեր կարողութիւններուն տուիչն է, կենդանարար է, կենսատու է, մեր սահամանափակ կարողութիւններէն վեր է, եւ յաճախ Քրիստոս մեզի կ’ըսէ. «Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛» (Ղկ 8.50), այլ խօսքով՝ վստահինք եւ հաւատանք, մեր կեանքէն ներս Աստուծոյ ներգործութեան, այլապէս երկչոտութիւնը մեր կեանքէն ներս տիրապետող կ’ըլլայ: Եթէ վստահինք Աստուծոյ, շահած կ’ըլլանք Անոր վստահութիւնը, որովհետեւ Իրմով կարելի է միայն, մեզի դժուար թուացող հանգոյցները լուծել: Ս. Գրիգոր Նարեկացի շատ գեղեցիկ բացատրութեամբ կը պատասխանէ ըսելով. «Դո՛ւն որ կրակի վրայի կաթսաներու ջուրին պէս եռացող ծովը, որ պատկերն է մեղքի պղտոր մրրիկին, խօսքովդ կը խաղաղեցնես» (Բան ԿԳ.բ): Երբ կը վստահինք Աստուծոյ, հեռու կը մնանք չարին ենթակայութենէն, եւ այն ժամանակ է որ միայն Յիսուս մեզի կ’ըսէ. «Քաջալերուէ՛, հաւատքդ քեզ փրկեց. Խաղաղութեամբ գնա՛» (Ղկ 8.48):
Աստուծոյ հանդէպ, երկիւղի եւ հնազանդութեան զգացումը, իր դրական ազդեցութիւնը ունի մեր կեանքէն ներս, ինչպէս կը վկայէ Սաղմոսերգուն Դաւիթ. «Երանի՜ այն մարդուն, որ Տիրոջ երկիւղը ունի, եւ մեծ հաճոյքով անոր պատուէրները կը կատարէ» (Սղ 112.1): Իսկ Առակագիրը կ’ըսէ. «Տիրոջ երկիւղը կեանքի աղբիւր է՝ մահուան որոգայթներէն ազատ մնալու համար» (Առ 14.27):
Ապաւինինք Աստուծոյ եւ յանձնուինք Իրեն, այն վստահութեամբ թէ կը լսէ մեզ, եւ կ’իրականացնէ մեր փափաքները, եւ մեզմէ կը հեռացնէ կեանքի բոլոր դժուարութիւնները: Եսայի մարգարէ կ’ըսէ մեզի. «Բայց Տիրոջ ապաւինողները կը նորոգուին, զօրացած վեր կը սլանան արծիւներու նման» (Ես 40.31):
Այսօր Յիսուս մեզի եւս կը հարցնէ. «Ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք. տակաւին հաւատք չունի՞ք» (Մր 5.40):
ՏՕՆ ԳՏՄԱՆ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆԻ ԳՕՏԻԻՆ

Աստուածամօր մարմնական մասունքներուն չգոյութեան պատճառաւ, հաւատացեալներ առաջնորդուեցան դէպի անոր իրեղենները, որոնք հալածանքներու պատճառաւ երկար ատեն թաքնուած մնացին:
Ե. դարուն, օրուայ Արկադիոս կայսրը փնտռել կու տայ Աստուածամօր Գօտին, զոր կը գտնուի Երուսաղէմի մէջ, կոյսի մը քով: Կայսրը մեծահանդէս թափօրով Գօտին փոխադրել կու տայ Կ. Պոլիս, ապա զայն տեղադրելով յատուկ արկղի մը մէջ, իր կայսերական կնիքով կը կնքէ, յիշատակելով փոխադրութեան թուականը, կը զետեղէ Աստուածամօր նուիրուած տաճարին մէջ: Շուրջ կէս դար ետք, Լեւոն Կայսեր թագուհին, Զոյի անունով, որ կը տառապէր անբուժելի հիւանդութեամբ մը, կայսրը բանալ կու տայ արկղը եւ Աստուածամօր Գօտիի հրաշագործ զօրութեամբ թագուհին կը բժշկուի եւ կ’ազատի իր ցաւերէն:
Ամէն տարի օգոստոս ամսուան վերջին կիրակի օրը կը նշուի Աստուածամօր գօտիի գիւտի յիշատակը:
Աստուածամօր Ս. Գօտիին յայտնաբերման տօնը երկար ատեն Կ. Պոլսոյ եկեղեցւոյ յատուկ մնացած էր, 13 դարուն էր որ միայն, Պոլիս Լատին Կայսրութեան ժամանակ, եկեղեցական բազմաթիւ սրբութիւններ Բիւզանդիայէն կը փոխադրուի եւրոպա, որոնց կարգին էին Աստուածամօր անձնական իրերը, յետագային բոլորը կը բաշխուին ամէնուրէք:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան