ՏՕՆ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ

Կիրակի, 17 Օգոստոս 2026-ին, Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման եւ Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, ամբողջ գիշերուան ընթացքին բազմաթիւ ուխտաւորներու աղօթքներով ու շարականներով բացուեցաւ հոգեշունչ օր մը, որ իր գագաթնակէտին հասաւ առաւօտեան ժամը 10:30-ին մատուցուած Եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով, զոր մատուցեց Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Ս. Արք. Չարեան։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան եւ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Տաթեւ Աւագ Քհնյ. Միքայէլեան՝ իրենց կողքին ունենալով Սարկաւագաց եւ Դպրաց Դասերը։ Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց «Զարեհ Ազնաւորեան» Դպրաց Դասը՝ Անուշ Գալստեանի ղեկավարութեամբ եւ Դալին Արթինեան Գըլըպոզեանի երգեհոնի ընկերակցութեամբ։

Սրբազան Հայրը իր քարոզին ընթացքին անդրադարձաւ Սուրբ Աստուածածնի անթառամ առաքինութիւններուն եւ անոր հաւատքի ու հնազանդութեան օրինակին՝ ընդգծելով Մարիամ Աստուածածնի բարեխօսութեան կարեւորութիւնը եւ աղօթքով հայցելով անոր բարեխօսութիւնը, ի մասնաւորի՝ հայ ազգին եւ Հայ Եկեղեցւոյ համար։

Հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ Խաղողի, Մատաղի եւ Ջուրի Օրհնութիւն։

Թող ընդունելի ըլլայ ուխտը բոլոր ուխտաւորներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ, աղօթքներով, նուիրատուութիւններով, մատաղի պատրաստութեամբ եւ այլ ծառայութիւններով իրենց հաւատքն ու նուիրումը արտայայտեցին։

Թող Սուրբ Աստուածածնի բարեխօսութեամբ Աստուած պահէ ու պահպանէ մեր եկեղեցին, ժողովուրդը եւ հայրենիքը՝ պարգեւելով խաղաղութիւն, առողջութիւն եւ հոգեւոր ամրութիւն։