Օրուան Բանաստեղծութիւնը

Կը Սիրես Զիս

«Կը սիրե՞ս զիս», հարցուց Յիսուս Պետրոսի,

Որուն ցրուած երազներուն կսկիծէն՝

Իր զարթումի յոյլ վայրկեաններն կը հեծեն.

— Այո՛, գիտես թէ կը սիրեմ ըզքեզ, Տէր.

Յորչափ դողդոջ իմ այս շուրթերս խօսին,

Ցորչափ ծովուն այս ալիքները հոսին…

Քո՛ւկդ են բոլոր մեր տենչանքներն ու ուխտեր։

«Կը սիրե՞ս զիս», հարցուց դարձեալ Տէրն իրեն,

 Ու Պետրոսի փղձկումներէն կաթեցան

Աղի շիթեր վիմատառած ու անձայն.

 — Այո՛, գիտես թէ կը սիրեմ ըզքեզ, Տէր.

Ցորչափ աղիքս գութ ունենան ու սիրեն,

Ցորչափ խութերն այս խորքերուն մէջ տիրեն…

Քո՛ւկդ են բոլոր մեր պաշտումներն ու վիշտեր։

«Կը սիրե՞ս զիս», երեքկնեց Տէրն, ու Կեփաս

 Ամպի մը պէս խռոված՝ ըզգաց ներսիդին

 Ուրազումի ահեղ անկո՛ւմը շանթին։

—   Ա՛հ, գիտես դու, գիտես ամէն ինչ, ո՛վ Տէր,

 Թէ կը սիրեն ըզքեզ, ցորչափ սէրըդ անհաս

Ճառագայթի մը քաղցրութեամբ թափի վրաս…

Քուկդ են բոլոր մեր հոգիներն ու սիրտեր։

—   Գնա՛ արածել իմ ոչխարներս, եւ դու ինք,

 Հովիւ եղած, առ քեզի հետ ցուպ ու սրինգ,

 Մինչեւ այն օրն՝ ուր իյնայ ցուպդ ի գետին,

 Եւ ուրիշներ կապեն մէջքիդ Թոյլ գօտին,

 Մինչեւ այն օրն՝ ուր քու սըրի՛նզըդ մաշած

 Ա՛լ չարձակէ այրումի երգ մը կայ լաց…

 Գնա՛ արածել իմ ոչխարներս անձանձիր,

 Ու այս է վարձքդ՝ եթէ զիս շատ սիրեցիր։

Եղիշէ Եպս. Դուրեան

1904