Երկրորդ Պատուէրը

«Քեզի համար կուռք կամ որեւէ պատկերի նմանութիւն մի՛ շիներ, որ երկինքի մէջ է, կամ երկրի վրայ, կամ երկրի տակ ջուրերուն մէջ. Անոնց առջեւ մի՛ խոնարհիր եւ մի՛ պաշտեր զանոնք»։

1. Ի՞նչ կը պատուիրէ Աստուած Երկրորդ Պատուէրին մէջ։

Աստուած կը պատուիրէ, որ կուռքեր (այսինքն՝ մետաղէ, փայտէ կամ ուրիշ նիւթէ շինուած արձաններ) չպատրաստենք եւ զանոնք աստուածներու տեղ չպաշտենք։ Այլ խօսքով՝ չըլլանք կռապաշտ։

2. Կրնա՞նք խոնարհիլ Քրիստոսի Սուրբ Խաչին առջեւ։

Այո՛, որովհետեւ Խաչին մէջ կը տեսնենք Քրիստոսի փրկարար մահուան զոհաբերութեան խորհուրդը։ Ուստի Խաչին առջեւ մատուցուած պատիւը իրականութեան մէջ Քրիստոսի՝ Աստուծոյ Որդիին կը մատուցուի։

3. Խաչին առջեւ խոնարհելով՝ արդեօք Խա՞չը կը պաշտենք։

Ամէնեւի՛ն ոչ։ Մենք Խաչը որպէս աստուած չենք պաշտեր, այլ անոր մէջ կը տեսնենք մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսը։ Անոր առջեւ կը խոնարհինք եւ զինք կը պաշտենք, որ մեզի համար խաչուեցաւ։ Խաչը մեր Տիրոջ անսահման սիրոյն եւ աշխարհի փրկագործութեան յիշատակն ու խորհրդանիշն է։

4. Կրնա՞նք Քրիստոսի, Սուրբ Կոյս Մարիամի եւ սուրբերուն պատկերները ունենալ։

Այո՛։ Այդ պատկերներուն հանդէպ ցուցաբերուած յարգանքը պատկերներուն չի մատուցուիր, այլ Աստուծոյ, որուն անունով Եկեղեցին կը սրբագործէ զանոնք։ Ուստի պատկերները կը յարգենք՝ անոնց միջոցաւ մեր միտքն ու սիրտը Աստուծոյ բարձրացնելով։

5. Կրնա՞նք յարգել սուրբերու մասունքները։

Այո՛, որովհետեւ սուրբերուն մարմինները Սուրբ Հոգիին տաճարներն էին (Ա. Կորնթացիս 6.19)։ Ուստի մասունքներուն հանդէպ ցուցաբերուած պատիւը ի վերջոյ Աստուծոյ կը վերադառնայ։

6. Սուրբերը յարգելը անոնց պաշտամունք մատուցանե՞լ կը նշանակէ։

Բնա՛ւ ոչ։ Մենք միայն Աստուած կը պաշտենք։ Սուրբերը կը յարգենք որպէս Աստուծոյ սիրելիներ եւ կը խնդրենք, որ անոնք մեզի հետ ու մեզի համար աղօթեն Աստուծոյ։

7. Ի՞նչ չափով պէտք է յարգենք սուրբ պատկերներն ու մասունքները։

Պէտք է զգուշանանք, որ մեր յարգանքը չվերածուի սնոտիապաշտութեան կամ չափազանցութեան։ Անոնց չպէտք է վերագրենք աստուածային զօրութիւն կամ կախարդական ազդեցութիւն, որովհետեւ միայն Աստուած է սուրբ եւ պաշտամունքի արժանի (Յայտնութիւն 15.4)։ Սուրբերն ալ երբեք պիտի չընդունէին իրենց մատուցուած այնպիսի պատիւ, որ միայն Աստուծոյ կը պատկանի (Յայտնութիւն 19.10, Գործք 10.26, 14.14)։

8. Կրնա՞նք աղօթել սուրբերուն։

Ո՛չ։ Մենք միայն Աստուծոյ կ’աղօթենք։ Սակայն սուրբերէն կը խնդրենք, որպէս մեր երկնային եղբայրներ, որ մեզի համար ալ Աստուծոյ բարեխօսեն։

9. Կրնա՞ն սուրբերը մեզի շնորհք պարգեւել։

Ո՛չ։ Միայն Աստուած կրնայ շնորհք եւ ողորմութիւն պարգեւել։ Սուրբերը իրենք իրենցմէ ոչ մէկ իշխանութիւն ունին, այլ միայն այն, ինչ Աստուած կամենայ իրենց միջոցաւ կատարել։

10. Ուրեմն, ան որ Աստուծոյ դիմելու փոխարէն միայն սուրբերու օգնութիւնը կը խնդրէ, մեղա՞ւոր է։

Այո՛, որովհետեւ ան իր ամբողջ յոյսը Արարիչին վրայ դնելու փոխարէն՝ զայն կը դնէ արարածներուն վրայ, եւ ասիկա ծանր մեղք է։

11. Ի՞նչ է սնոտիապաշտութիւնը։

Սնոտիապաշտութիւնը այն մոլորութիւնն է, երբ ոմանք որոշ արարքներու, ծէսերու, գրուած կամ արտասանուած խօսքերու ինքնին բուժիչ կամ գուշակող զօրութիւն կը վերագրեն։

12. Մեղք չէ՞ կախարդներու, գուշակներու կամ հմայողներու դիմելը։

Այո՛։ Ասիկա մեծ մեղք եւ մեծ յիմարութիւն է, որովհետեւ Աստուած խստիւ արգիլած է այսպիսի արարքները (Ղեւտական 19.26–31, 20.27, Բ. Մնացորդաց 18.10–11, Ելք 22.18)։

13. Ի՞նչ է անաստուածութիւնը կամ սրբապղծութիւնը։

Անաստուածութիւն կամ սրբապղծութիւն կը նշանակէ արհամարհել կրօնը, պղծել սրբութիւնները, ծաղրել Աստուծոյ պատուէրները, անտեսել կրօնական պարտականութիւնները եւ զրպարտել Աստուծոյ սպասաւորները՝ փորձելով զանոնք անարգանքի ենթարկել։

(Քաղուած՝ Խորէն Արք. Նարպէյի «Կանոն Քրիստոնէական Դաստիարակութեան» հատորէն)