Հաւանաբար բոլորդ ալ ծանօթ էք հանրածանօթ The Voice երգի մրցումին։ Այս մրցումին իւրայատկութիւնն այն է, որ դատաւորները սկզբնական փուլին չեն տեսներ մասնակիցները. անոնց աթոռները դարձած կ’ըլլան դէպի հակառակ կողմը, եւ անոնք իրենց որոշումը կը կայացնեն միայն լսած ձայնին հիման վրայ։
Եթէ մասնակիցին ձայնը ազդեցիկ, տպաւորիչ կամ բացառիկ գտնեն, դատաւորները իրենց աթոռը կը դարձնեն դէպի երգիչը։ Ապա հանդիսատեսն ալ իր սիրած ձայնին օգտին կը քուէարկէ։
Երբ այս մրցումին մասին կը խորհէի, ակամայ միտքս դարձաւ Աստուծոյ ձայնին։ Որքա՜ն աւելի հզօր, կատարեալ եւ գերազանց պէտք է ըլլայ Արարչին ձայնը. ձայն մը, որ զայն լսողը չի կրնար անտարբեր ձգել, այլ կը գրաւէ անոր ուշադրութիւնը, կը շարժէ սիրտը եւ կը փոխէ կեանքին ամբողջ ուղղութիւնը։ Այդ ձայնին մասին Յիսուս կ’ըսէ. «Մեռելները Աստուծոյ Որդիին ձայնը պիտի լսեն եւ լսողները պիտի ապրին» (Յհ. 5.25)։
Բայց ինչպիսի՞ է Աստուծոյ ձայնը։
Սուրբ Գիրքը զայն բազմաթիւ ձեւերով կը նկարագրէ։ Յայտնութեան գիրքին մէջ Յովհաննէս աւետարանիչ կը վկայէ, թէ Քրիստոսի ձայնը «առատ ջուրերու ձայնի պէս» էր (Յյտ. 1.15), իսկ Սաղմոսերգուն հիացմունքով կը նկարագրէ.
«ՏԻՐՈՋ ձայնը ջուրերուն վրայ կը թնդայ. փառքի Աստուածը կ’որոտայ… ՏԻՐՈՋ ձայնը ահարկու է եւ մեծափառ… Անոր ձայնէն մայրիները կը կոտրտին… լեռները կը ցատկռտին… անապատը կը դողայ…» (Սղ. 29)։
Սաղմոսերգուն Աստուծոյ ձայնը կը նկարագրէ որպէս «ահարկու» եւ «մեծափառ»։ Այսինքն՝ ան սոսկ գեղեցիկ ձայն մը չէ, այլ զօրութեամբ եւ փառքով լեցուն ներկայութիւն մը։ Երբ Աստուած խօսի, արարչագործութիւնը կը հնազանդի, բնութիւնը կը դողայ, եւ ամէն բան կը վկայէ Իր գերիշխանութեան մասին։
Բայց ի՞նչ կ’ըլլայ, երբ մարդը լսէ Աստուծոյ ձայնը եւ ընդունի զայն։
Այն ատեն մարդը այլեւս նոյնը չի մնար։ Աստուծոյ ձայնը միայն տեղեկութիւն չի հաղորդեր. ան կեանք կը պարգեւէ, միտքը կը լուսաւորէ, սիրտը կը խաղաղեցնէ եւ կեանքի ընթացքը կը փոխէ։ Ան մեղաւորը ապաշխարութեան կը հրաւիրէ, յուսահատին յոյս կը ներշնչէ, տկարին՝ զօրութիւն, իսկ մոլորածին՝ ճշմարիտ ճանապարհ։
Սուրբ Գիրքը այս ճշմարտութեան բազմաթիւ օրինակներ կը ներկայացնէ։ Երբ մանուկ Սամուէլ լսեց Աստուծոյ ձայնը, Տիրոջ հաւատարիմ մարգարէն դարձաւ։ Երբ Դամասկոսի ճանապարհին Սօղոս լսեց Յարուցեալ Քրիստոսի ձայնը, քրիստոնեաներու հալածիչը ազգերու մեծ առաքեալը դարձաւ։ Իսկ երբ Յիսուս կանչեց. «Ղազարո՛ս, դո՛ւրս եկուր», մահն իսկ տեղի տուաւ, եւ Ղազարոս գերեզմանէն դուրս եկաւ։

Սակայն, որքան ալ ահարկու եւ մեծափառ ըլլայ Տիրոջ ձայնը, Աստուած միշտ չէ, որ կը խօսի որոտումով, փոթորիկով կամ կայծակով։ Եղիա մարգարէին փորձառութիւնը կը յիշեցնէ մեզի, որ Տէրը ո՛չ սաստիկ հովին, ո՛չ երկրաշարժին եւ ո՛չ ալ կրակին մէջ էր, այլ «մեղմ ու կամաց ձայնի» մէջ (Գ. Թագ. 19.12)։ Ահա Աստուծոյ ձայնին գեղեցկութիւնը. Ան գիտէ, թէ ե՛րբ մեր կարծրացած սիրտը արթնցնելու համար որոտումի պէս պիտի խօսի, եւ ե՛րբ վիրաւոր հոգին բժշկելու համար՝ մեղմ շշուկի նման։
Այսօր ալ Աստուած լուռ չէ։ Ան կը շարունակէ խօսիլ Սուրբ Գրքի էջերէն, Եկեղեցւոյ կեանքէն ու խորհուրդներէն, խղճմտանքին ձայնով, աղօթքին մէջ եւ երբեմն այն մարդոց միջոցով, զորս Իր նախախնամութեամբ մեր կեանքի ճանապարհին կը դնէ։ Հարցը այն չէ, թէ Աստուած կը խօսի՞, թէ ոչ։ Հարցը այն է՝ մենք լսելու ականջ ունի՞նք։
Աշխարհը լեցուն է աղմուկով։ Ամէն կողմէ ձայներ կը հնչեն, որոնք կը պահանջեն մեր ուշադրութիւնը, կը ձգտին գրաւել մեր միտքն ու սիրտը։ Այդ աղմուկին մէջ Աստուծոյ ձայնը լսելու համար անհրաժեշտ է լռել, աղօթել եւ սիրտը պատրաստել։
The Voice մրցումին մէջ դատաւորները իրենց աթոռը կը դարձնեն դէպի այն ձայնը, զոր արժանի կը գտնեն։ Մենք եւս ամէն օր նման ընտրութեան մը առջեւ կը գտնուինք. ո՞ր ձայնին պիտի դարձնենք մեր սիրտը։ Աշխարհի ձայնի՞ն, որ անցողիկ խոստումներ կու- տայ, թէ՞ Աստուծոյ ձայնին, որ կեանք, ճշմարտութիւն եւ յաւիտենական յոյս կը շնորհէ։
Երանելի է այն մարդը, որ կը ճանչնայ Բարի Հովիւին ձայնը եւ կը հետեւի Անոր, որովհետեւ այդ ձայնը միայն կեանքը չի փոխեր, այլ մարդը կը տանի դէպի այն Կեանքը, որ երբեք վերջ չունի։
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան