Առաքելական եկեղեցւոյ պարծանքներէն է Ս. Աթանաս Աղեքսանդրացի հայրապետը: Անոր կեանքը խօսուն օրինակ է բոլոր սերունդներուն, անոր գրութիւնները անսպառ լոյս են խաւարի ճամբէն քալողներուն:
Պատմութիւնը կը վկայէ բազմաթիւ աղանդաւորներու մասին, որոնց գլխաւոր հերետիկոսներէն էր Արիոսը: Ան իր հնարամտութեամբ վտանգ յառաջացուցած էր, տագնապեցնելով եկեղեցւոյ անդորրութիւնը, շատեր համոզելով կ’ուզէր ժխտել Յիսուսի Աստուածութիւնը եւ կ’ըսէր թէ Որդին նուազ է Հօրմէն, որովհետեւ Իրմէ ծնած է:
Արիոսի սխալ վարդապետութիւնը պիտի հերքէր առաքելական եկեղեցւոյ հաւատքի սիւներէն, հմուտ աստուծաբան, Քրիստոսի հաւատարիմ զինուոր՝ Ս. Աթանաս:

Աթանաս հայրապետ ծնած է Աղեքսանդրիոյ մէջ 296ին:Ան կը պաշտօնավարէ իբրեւ քարտուղար Աղեքսանտրիոյ հոգեւոր պետին: Որպէս սարկաւագ կը մասնակցի Տիեզերական Առաջին Ժողովին, որ տեղի կ’ունենայ Նիկիոյ մէջ 325ին:
30 Ապրիլ 328ին, Ալեքսանդրոս պապը կը վախճանի եւ նոյն տարին Ս. Աթանաս գահ կը բարձրանայ: Ան խաղաղ պայմաններու ներքեւ չի գործեր: Ս. Աթանաս այնպիսի ժամանակաշրջանին մէջ կ’ապրի, որ ամբողջ քրիստոնէութիւնը Արիոսականութեան վերածուելու վտանգի ենթակայ էր: Արիոսական սխալ գաղափարներուն դիմաց Ս. Աթանասի վեհ արժէքները կը ճառաքայթէին իր լուսաւոր հոգիէն:
Ս. Աթանաս կէս դար կը պայքարի ընդէմ Արիոսականութեան: Շատեր անոր կ’ըսեն. «Աշխարհը քեզի դէմ է»: Ան կը պատասխանէ. « ես ալ Աստուծոյ շնորհքով սխալ աշխարհին դէմ եմ»: Աթանասի հաստատ հաւատքը եւ աննկուն կամքը ցոյց տուին Քրիստոսի հաւատարիմ զինուորի նկարագիրը: Ան միակն էր որ կը հերքէր կեղծիքը եւ կը հաստատէր ճշմարտութիւնը: Ս. Աթանաս հիմնուելով Աւետարանին փաստացի օրինակներուն եւ ուսուցումներուն, ցոյց տալով, թէ Յիսուս Հօր Աստուծոյ համագոյ է եւ հաւասար: Ան յստակօրէն կ’ըսէ. «Քրիստոս կոչուեցաւ Բան (Խօսք), որովհետեւ խօսքը մտքին մարմնացումն է»:
Ս. Աթանասի աստուածաբանական տեսութիւնները ճշմարիտ են եւ ընտիր, օգտագործած բառերը եւ օրինակները՝ համոզիչ: Իր գահակալութեան ընթացքին բազմիցս հալածուած եւ աքսորուած է իր մղած սուրբ պայքարին պատճառով: Շնորհիւ Ս. Աթանասի երկարատեւ պայքարին, ընդհանուր եկեղեցւոյ ուղիղ վարդապետութիւնն ու դիմագիծը անխախտ մնաց:
Ան կը վախճանի 373ին: Եկեղեցին անոր շատ տիտղոսներ կու տայ, ինչպէս՝ «հաւատքի պաշտպան, եկեղեցւոյ բերան»:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան