
Եկեղեցականներու պատարագի զգեստին մաս կը կազմէ բազպանը: Պատարագիչ եպիսկոպոսը կամ քահանան զայն կը կրէ իր երկու թեւերուն՝ դաստակէն մինչեւ արմուկ, ինչ որ եթէ առաջին հերթին իր մէջ կ’ամփոփէ շապիկին թեզանիքները, միանգամայն որպէս խորհրդանիշ վահան չարին դէմ, հոգեպէս կը զօրացնէ պատարագիչ եկեղեցականը, սրբութեամբ եւ կարողութեամբ սպասաւորելու Աստուծոյ, եւ կատարելու Սրբազնասուրբ Խորհուրդը՝ Ս. Պատարագիչը:
Ահա թէ ինչու պատարագիչ եկեղեցականը հետեւեալ աղօթքը կը կարդայ Խորհրդատետրէն, երբ բազպանները իր ձեռքերուն կ’անցնէ.

«Տէ՜ր, զօրութի՛ւն տուր աջ ձեռքիս, եւ լուա՛ բոլոր աղտեղութիւններս, որպէսզի կարենամ անարատ հոգիով ու մարմինով սպասաւորել Քեզի, մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքովը:» Աղօթքը կը կրկնուի նաեւ ձախ ձեռքին համար. «Տէ՜ր, զօրութիւ՛ն տուր ձախ ձեռքիս…:»
Բազպանը անբաժան մասն է Ս. Պատարագի զգեստին, նոյն կտորով պատրաստուած, որուն վրան գեղեցկաձեւ հիւսուածքով խաչը դրոշմուած կ’ըլլայ, որպէս օրհնութիւն այն ձեռքերուն, որոնք Ս. Պատարագի մեծ Խորհուրդին կատարմամբ պիտի հպին Աստուածորդւոյն Մարմնոյն եւ Արեան:

Բազպանը երբեմն զատորոշուելով բուն կերպասէն, պատրաստուած կ’ըլլայ մասնաւոր ասեղնագործ գեղեցիկ հիւսուածքով, բայց միշտ խաչը վրան:
Հայց. Եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, բազպանը բաց պէտք է ըլլայ եւ իր երկու եզրերու երկայնքին օղակներ ունենայ եւ ծայրամասին կապ մը, որ անցնելով օղակներուն մէջէն կը հանգուցուի արմուկին եւ այս ձեւով բազպանը կ’ամրապնդուի պատարագիչի թեւերուն:
Վերջին ժամանակներուն գործնականութեան համար, բազպանը կլոր կը կարեն, արմուկին հասնող եզերքը մասնաւոր առաձգական կապով մը շրջանակուած, որպէազի անիկա ամրապնդուի պատարագիչի արմուկին: