ՊԱՏԿԵՐՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԻՒՆ

Եկէ՛ք հասկնանք պատկեր գործածելուն ճիշդ իմաստը։

Հայ Եկեղեցին, համեմատաբար միւս եկեղեցիներուն, չափաւոր ու զուսպ եղած է իր եկեղեցիներէն ներս պատկերներու գործածութեան մէջ։ Հակառակ անոր, որ հին ժամանակներէն սկսեալ մեր եկեղեցիներէն ներս զարգացուած են պատկերներու, որմնանկարներու, բարձրաքանդակներու, իսկ ձեռագիրներու մէջ՝ մանրանկարչութեան արուեստները, սակայն միշտ ալ՝ չափաւոր կերպով։ Հայ ժողովուրդը առաւելապէս ստեղծած է հաւատքի ինքնուրոյն արտայայտչաձեւ մը, որ է՝ Խաչքարը։

Անցեալին, երբ մարդիկ գրել¬կարդալ չէին գիտեր, պատկերները դաստիարակիչ դեր կը խաղային. պատկերներու ճամբով Աստուածաշնչական դասեր սորվեցնելով մարդոց։ Պատկերներու միջոցով ներկայացուած են Յիսուսի երկրային կեանքի դրուագները, անհասանելին ու անտեսանելին, ինչպէս նաեւ՝ սուրբերու կեանքի զանազան դէպքերը, որպէսզի օգնեն հաւատացեալին ըմբռնելու աստուածայինը եւ տեսանելի կերպով հետեւելու Քրիստոսի կեանքին ու սուրբերու վարքին պատմութեան։

Եկեղեցիներէն ներս կախուած պատկերները յատուկ աղօթքներով օծուած են՝ ի բժշկութիւն հաւատացեալներու ցաւերուն եւ ի մխիթարութիւն բոլորին։

Յստակ է, որ նկարը, այսինքն՝ պաստառը, կտաւը չէ որ յարգանքի ու մեծարանքի առարկայ է, այլ այդ նկարին ետին գտնուող՝ պատկերուած սուրբին կամ մարտիրոսին անձը, որ իր վարքով ու բարքով անուշաբոյր խունկ եղած է Աստուծոյ մօտ։ Նոյնպէս՝ Խաչին նկարին կամ քանդակին մէջէն ո՛չ թէ առարկան է որ կը պաշտենք, այլ՝ նոյնիքն Խաչեալը, որ Իր սուրբ ու մաքրարար արիւնը թափեց մեր փրկութեան համար։ Ինչպէս որ, օրինակ, երբ մէկը իր զաւակներուն, իր մօրը կամ իր մէկ սիրելիին նկարը ձեռքը առնէ ու համբուրէ, ո՛չ թէ նկարը կամ թուղթի կտորն է որ համբուրած կ’ըլլայ, այլ՝ անոր ետին կանգնող իր սիրելին։

Ահա թէ ինչո՛ւ պէտք է առանց խղճահարութեան կանգնիլ Տէրունի կամ սրբոց պատկերներուն դիմաց եւ աղօթք բարձրացնել Աստուծոյ։

Ժզ Շարունակելի: