ԿԱՆՈՆ ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ԱՌԱՋԻՆ  ՕՐՈՒԱՆ

         Դուն, լերան վրայ այլակերպելով քու աստուածային զօրութիւնդ ցոյց տուիր. Քեզ կը փառաւորենք, իմանալի լոյս:

         Դուն, արեգակնակերպ փայլմամբ քու փառքիդ ճառագայթը ցոյց տալով  արարածները լուսաւորեցիր. Քեզ կը փառաւորենք, իմանալի լոյս:

         Դուն, որ ահագին տեսիլքով զարհուրեցիր քու աշակերտները հրաշքին  թմբիրով, ի սէր քու աստուածային փառքին, քեզ կը փառաւորենք, իմանալի լոյս:

ՇԱՐԱԿՆՈՑ

 Վարդավառը՝ Հայերուս Շատ Սիրելի Տօնը

Հայ ժողովուրդին ամենասիրելի տօներէն մէկն է Վարդավառը, անիկա նուիրուած է սիրոյ եւ գեղեցկութեան աստուածուհի «Աստղիկ»ին: Ինչպէս՝ շատ մը նախաքրիստոնէական տօներ, Վարդավառն ալ ունի իր քրիստոնէական նշանակութիւնը, Քրիստոսի Պայծառակերպութեան եւ Այլակերպութեան դրուագին հետ առնչուած: «Երբ Յիսուս իր հետ առաւ Պետրոսը, Յակոբոսը եւ Յովհաննէս եղբայրները եւ զանոնք բարձր լեռ մը հանեց, ուր առանձին էին: Հոն այլակերպուեցաւ անոնց դիմաց. Իր դէմքը արեւու նման լուսաւոր դարձաւ եւ հագուստները լոյսի նման ճերմակ եղաւ» (Մտ 17.1-2): Քրիստոնէութիւնը պետական կրօն ընդունելէն ետք, սակայն պահպանած է նաեւ Վարդավառ անուանումը: Վարդավառի տօնը շարժական է, կը տօնուի Զատիկին յաջորդող 14-րդ կիրակին: Աւանդութեան համաձայն, անգամ մը Աստղիկ աստուածուհին կը լսէ, որ իր սիրելի Վահագնը ծանր վիրաւորուած է, բոպիկ կը վազէ անոր մօտ: Ճանապարհին, վազելով վարդերուն մէջէն, կը վիրաւորէ ոտքերը, եւ անոր արիւնով կը ներկուին դաշտերու վարդերը: Այդ օրէն կարմիր վարդը սիրոյ խորհրդանիշ կը համարուի Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին համար:

Այս տօնը եղած է շատ բազմազան, որմէ այսօր պահպանուած է միայն ջրցօղումը: Իրարու վրայ ջուր ցօղելով՝ մեր նախնիները կը հաւատային, որ կը պաշտպանուին վախէ եւ հիւանդութիւններէ: Տօնին առիթով նաեւ աղաւնի կը թռցնէին եւ տօնածառ կը պատրաստէին՝ զարդարուած ժապաւէներով վարդերով եւ խնձորներով: Տօնին ծիսական ուտելիքն էր խորոված խնձորը: Յովհաննէս Թումանեան գեղեցիկ բանաստեղծութիւն մը ունի այս տօնին առթիւ. «Հիմն Աստղիկի» խորագրով, ուր կ’ըսէ.

Ելնում է ապա նազելի փառքով

Երկնի խորքերից Սիրոյ դիցուհին,

Պճնուած կոյսի ճերմակ շղարշով,

Վառուելով իր սուրբ շողերի միջին:

Արեւշող աղբիւր՝ յոյզերի,

Աստղաբոյլ կերոն՝ սրտերի,

Լուսաշող Սիրոյ Թագուհի,

Գեղասքանչ  Աստղիկ դիցուհի:

Ելնում է շռայլ իր փառքից շիկնած,

Ցոլուն աչքերը ներքեւ խոնարհում,

Թէեւ նրանց մէջ երկնքից ծագած

Ամէնից պայծառ ճաճանչն է բերում:

Քաղուած՝ Անգիր Դպրութիւն գրքէն: