Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի արտակարգ առցանց նիստ կայացաւ Կիրակի, 31 Մայիս 2026- ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին։ Նիստի օրակարգն էր Վեհափառ Հայրապետին Վատիկան պաշտօնական այցելութիւնը եւ Լեւոն ԺԴ․ Պապին հետ տեսակցութիւնը։
Նիստին հրաւիրուած էր զեկուցելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանունքի պատասխանատու Գերշ. Տ. Նարեկ Արք․ Ալեէմէզեան։
Սրբազան հայրը մանրամասն զեկուցեց Նորին Սրբութեան գլխաւորած պատուիրակութեան Վատիկան այցելութեան եւ ունեցած հանդիպումներուն, խորհրդակցութիւններուն ու քննարկումներուն մասին։
Զեկուցման հիման վրայ կայացած քննարկումները ներառած էին բոլոր բնագաւառները, որոնք արծարծուած էին Արամ Ա․-Լեւոն ԺԴ. հանդիպումներու ընթացքին։
Արձանագրուեցաւ, որ այցելութիւնը աննախադէպ էր իր տարողութեամբ, Վատիկանի արարողակարգային բաժանմունքին բարձր մակարդակի ընդունելութեամբ, Հայրապետ-Պապ համատեղ ժողովրդային հանդիպումի առիթի ընձեռումով, Պապին Վեհափառ Հայրապետին նկատմամբ կատարած գնահատականով՝ յատկապէս միջ-եկեղացական երկխօսութեան եւ համագործակցութեան շրջածիրին մէջ Նորին Սրբութեան ներդրած աւանդին առումով եւ այս առիթով սուրբ Ներսէս Շնորհալին կաթոլիկ եկեղեցւոյ սուրբերու տօնացոյցին ներառելու պաշտօնական յայտարարութեամբ։
Ժողովը լսելէ ետք Լեւոն ԺԴ. Պապին, Վատիկանի արտաքին գործոց նախարարին եւ կաթոլիկ եկեղեցիներու եւ Միջին Արեւելքի բաժանմունքներու հարցերու համակարգման պատասխանատու քարտինալներու հետ Վեհափառ Հայրապետին զեկուցումներն ու ընդգծումները, քննարկեց Վատիկանի մէջ բարձրացուած հարցերը.-
– Ազրպէյճանի մէջ Արցախի եկեղեցիներու եւ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման քաղաքականութիւնը,
– Արցախի ժողովորդի հաւաքական վերադարձի իրաւունքը՝ միջազգային երաշխաւորութեամբ,
– Պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը,
– Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս քրիստոնեայ ազգաբնակչութեան դիմագրաւած խնդիրները
– Լիբանանցի ժողովուրդին ապրած ողբերգրութիւնը։
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանգամանօրէն պարզաբանեց Վատիկանի թէ՛ իբրեւ եկեղեցի եւ թէ՛ իբրեւ պետութիւն գործելու իւրայատկութիւնները, Ազրպէյճանի կողմէ դէպի Վատիկան տարբեր միջոցներով թափանցելու փորձերը եւ հայկական կողմը շահագրգռող հարցերը բարձրացնելու նրբութիւնները։
Ժողովը արձանագրեց ներկայ ժամանակներուն ու պայմաններուն մէջ անհրաժեշտ եւ իր տարողութեամբ աննախընթաց այս այցելութեան կարեւորութիւնը, միաժամանակ շեշտելով հայկական եւ լիբանանեան հարցերը Վատիկանի բարձրագոյն բաժանմուքներու պատասխանատուներուն հետ արծարծելու երեւոյթը եւ փոխանցուած առաջադրանքներուն ուղղութեամբ աշխատելու հնարաւորութիւնները։