Եթէ կ’ուզես յարաբերութիւնդ Աստուծոյ հետ խորացնել, պէտք է Անոր մասին գիտելիք ունենալէ աւելի բան մը ունենաս. Յակոբոս առաքեալ կ’ըսէ.- դեւերն ալ գիտեն ու կը հաւատան թէ մէկ Աստուած կայ (Յկ 2.19)։ Այդ յարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ կը խորանայ միայն Իր հետ հանդիպումով։
Այս իմաստով, Սաղմոսները կրնան շատ օգտակար ըլլալ մեզի այդ ճամբուն մէջ դնելու, որովհետեւ անոնք լեցուն են անկեղծ ու անմիջական արտայայտութիւններով, որոնք կը բացայայտեն թէ ի՛նչ կը նշանակէ Աստուծոյ հետ ճշմարիտ յարաբերութիւն ունենալ. հոն՝ հաւատքը պարզ ու իրական կերպով կը ներկայացուի եւ ցոյց կը տրուի թէ մարդը այս աշխարհի դժուարութիւնները դիմագրաւելով հանդերձ կրնայ ապրիլ Աստուծմէ եկող յոյսով։
Սաղմոսները երկար ժամանակաշրջանի մը ընթացքին գրուած են. մօտաւորապէս Քրիստոսէ առաջ 10-րդ դարէն մինչեւ Քրիստոսէ առաջ 5-րդ դար։ Անոնց մեծ մասը կը վերագրուի Դաւիթ թագաւորին, իսկ միւսները՝ տարբեր հեղինակներու. ժամանակի ընթացքին հաւաքուած եւ կազմուած են մէկ գիրքի մէջ իբրեւ մէկ ամբողջութիւն։
Անոնք թէեւ հազարաւոր տարիներու գրութիւններ եւ տարբեր մշակոյթի եւ կեանքի պայմաններու մէջ գրուած են, բայց Պօղոս առաքեալին բառերով «Աստուծոյ ներշնչումով գրուած» են (Բ. Տիմ 3.16)։
Եկէք տեսնենք, թէ Սաղմոսները ի՞նչ կրնան յիշեցնել մեզի։
1. Աստուծոյ դիմել մեր բոլոր զգացումներուն ընդմէջէն
Սաղմոսները կը բացայայտեն Աստուծոյ հետ յարաբերութեան ամբողջ խորութիւնն ու բարդութիւնը։ Անոնք ցոյց կու տան, թէ Աստուծոյ հետ կեանքը կը նշանակէ Անոր հետ հաղորդակցիլ ամէն իրավիճակի մէջ՝ դժուարութեան ատեն ողբալ, ուրախութեան մէջ գոհութիւն տալ, անարդարութեան դիմաց բարկութիւն արտայայտել, կարիքներու համար աղօթել, նոյնիսկ տրտնջալ ու տօնել։
Ուստի, կանոնաւորաբար եւ անկեղծ սրտով արտայայտէ՛ Աստուծոյ քու մտածումներն ու զգացումներդ՝ վստահ ըլլալով, որ Ան կը լսէ քեզ։
2. Աստուա՛ծ դարձնել մեր կեանքի նպատակը
Սաղմոսները մեզի ցոյց կու տան, թէ ճշմարիտ ապահովութիւնը եւ լիութիւնը կարելի է գտնել միայն Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ։ Անոր համար, սաղմոսերգուն կը փորձէ հեռանալ աշխարհին տրամադրած բաներէն, որոնք կեղծ ապահովութիւն եւ անցողիկ բաւարարութիւն կու տան։
Ուրեմն, անոնցմէ անդին՝ Աստուածայինին նայիլ պէտք է։ Կեդրոնանալ Աստուծոյ հետ յարաբերութեան վրայ եւ ուժդ ներդնելու Անոր մօտենալու մէջ։
Սաղմոսները ցոյց կու տան թէ աշխարհիկ ձեռքբերումներն ու հաճոյքները, որքան ալ գրաւիչ թուին, անոնց վերջը հիասթափութիւն եւ անբաւարարութիւն է։ Իսկ Աստուծոյ հետ կեանք մը բաւարարութիւն կու տայ։
3. Սգալ մեր անձերուն համար
Սաղմոսները կը նկարագրեն մարդիկ, որոնց սրտերը կը կոտրուին այն բաներուն համար, որոնք կը վիրաւորեն զԱստուած. Օրինակ, մեր հակումը հեռանալու Աստուծմէ, Իր կոչումին դէմ մեր դիմադրութիւնը, Իր բարութեան հանդէպ մեր անտարբերութիւնը եւ այն անհաւատութիւնը, զոր կը ցուցաբերենք Իր սիրոյն հանդէպ՝ անհնազանդ գտնուելով Իրեն։
Թող Սաղմոսները օգնեն քեզ անդրադառնալու եւ զգալու, թէ մեղքը ինչպէս կրնայ մեզ հեռացնել Աստուծմէ եւ տխրեցնել Արարիչը եւ վառեն ապաշխարութեան կրակը։

4. Քաջութեամբ եւ Յոյսով Լեցուիլ
Թէեւ Սաղմոսները անկեղծօրէն կը ճանչնան մեր աշխարհի խնդիրները, անոնք նաեւ կը վկայեն յոյսով լեցուած այն հաւատքին մասին, թէ Աստուած կրնայ ամէն բան վերականգնել՝ փրկութեան եւ ազատագրութեան միջոցով, որ մարդոց պարգեւեց։
Ուրեմն, Սաղմոսները Աստուծոյ սէրը կը պատմեն, որով յանձն առաւ իր ստեղծագործութիւնը փրկել եւ Իր շնորհքով առաջնորդել։
5. Հաւատքով Համբերել
Սաղմոսները կը նկարագրեն, թէ որքան ցաւալի կրնայ ըլլալ, երբ մարդը հրատապ հարց մը դիմագրաւէ եւ Աստուծոյ չվստահի։ Սակայն, Սաղմոսները նաեւ կը բացայայտեն, որ սպասելու ընթացքը ինքնին արժէք ունի, որովհետեւ Աստուած մեզ կը մղէ խորացնելու մեր հաւատքը եւ շարունակ Զինք փնտռելու եւ իրեն ապաւինելու։ Ուրեմն հաւատքով համբերութիւնը խորքին մէջ մեր հաւատքը կը հասունցնէ։
6. Երկրպագութիւն
Սաղմոսներուն մէջ մարդիկ կ’երկրպագեն Աստուծոյ։ Այդ երկրպագութիւնը, միայն մարմնի շարժում պէտք չէ հասկնալ։ Այդ երկրպագութիւնը փնտռել է Իր նպատակները եւ ամէն ջանք ի գործ դնել է զանոնք իրագործելու։ Սաղմոսներուն մէջ կը տեսնենք, թէ ինչպէս իրենց անձնական ծրագիրները հետապնդելու փոխարէն, կը ջանան իրենց կեանքը յանձնենել Աստուծոյ, որպէսզի Իր կամքը կատարեն։
Սաղմոսները կը սորվեցնեն մեզի մեր անձը եւ մեր անձին ընդմէջէն մեր կեանքը, զԱստուածոյ պաշտելու գործիքի վերածել, թոյլ տալով Աստուծոյ, որ Ան իշխէ մեր կեանքին վրայ, Իր իշխանութեամբ ծածկէ եւ պահէ Իր կամքին պաշտպանութեան մէջ։
7. Լիանալ Աստուծմով
Սաղմոսները կը ցոյց տան, որ մարդուն յարաբերութիւնը Աստուծոյ վերացական եւ հեռաւոր կապ մը չէ։ Անոնք ցոյց կու տան, թէ Արարիչը կը ցանկայ որ մեր Իր հետ հաղորդակցութեան եւ յարաբերութեան մէջ մնանք. Այդ պարագային միայն Իր փառքը կրող անօթ մը կը դառնան այս աշխարհին մէջ, այսինքն՝ կը լեցուինք Իրմով։
8. Գովաբանել Տէրը
Սաղմոսները Աստուծոյ գովքը կը բարձրաձայնեն։ Հոն Սաղմոսերգուն Տէրը կը գովաբանէ ամէն ինչի համար որ Աստուած ըրաւ ու կ’ընէ մարդկութեան համար։ Բոլորիս ալ լաւ յիշեցում է, մեր աղօթքները միայն խնդրանքներու չվերածելու, այլեւ գոհաբանութեան, փառաբանութեան եւ օրհնութեան։
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան