
Եկեղեցւոյ կանթեղներուն մէջ կ’առանձնանայ Մշտավառ կանթեղը, որ անմար կերպով կը վառի նախ տմոյն լոյսով մը խորանին խաւարը փարատելու համար, միաժամանակ՝ որպէս պատիւ եւ մեծարանք Ս. Սեղանին:
Այստեղ կ’ուզեմ մէջբերել հայ ժողովուրդի աւանդապատումէն գեղեցիկ եւ իմաստալից պատմուածք մը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի Անմար Կանթեղին վերաբերեալ, զետեղուած՝ Արագածի կատարին:
Առինքնող եւ բանաստեղծները ներշնչող Լուսաւորիչ Հայրապետի արցունքով վառ մնացող Մշտավառ Կանթեղը, որուն մէջ հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ ուզած է տեսնել իր իսկ անմահութեան ճանապարհը, երաշխաւորուած հետեւեալ երրեակ գլխաւոր ճշմարտութիւններով, որոնք պատմութեան պատգամը կը փոխանցեն մէն մի հայու.
-Հաւատք՝ Լուսաւորչեան լոյսով օծուն, որ թանձրացումն է Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ:
-Ազգային խոր գիտակցութիւն, որ գօտեպնդումն ու հզօրացումն է Հայաստանի եւ հայութեան:
-Եւ տեսիլք՝ ապագայ լոյս գալիքին: