Պտղաբերիլ

«Ասով իմ Հայրս փառաւորուեցաւ,

որպէսզի դուք շատ պտուղ բերէք

ու իմ աշակերտներս ըլլաք» (Յվհ․ 15։8)։

Եթէ Յիսուս պարզապէս ըսած ըլլար, «թող ձեր լոյսը լուսաւորուի մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը ու փառաւորեն ձեր Հայրը որ երկինքն է» (Մտթ․ 5։16), ապա այնպէս կը թուի որ մենք պէտք է մարդոց գովասանքը փնտռենք։ Բայց անոնք, որոնք կեղծաւոր են, որոնք պատիւներ կը փայփայեն եւ ամենէն ունայն փառքը կը փափաքին, այդպիսի մարդկային գովասանք կը փնտռեն։ Այսպիսի մարդոց մասին Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ, «քանզի հիմա մարդի՞կը կը հաճեցնեմ, թէ՝ զԱստուած․ կամ մարդո՞ց հաճելի ըլլալ կը փնտռեմ։ Քանզի եթէ ես տակաւին մարդոց հաճելի ըլլայի, ա՛լ Քրիստոսի ծառան չէի ըլլար» (Գաղ․ 1։10-12) ․․․ Ինչպէս նաեւ՝ «բայց ամէն մարդ իր գործը թող կշռէ ու ետքը միայն իր անձին վրայ թող պարծենայ, ո՛չ թէ ուրիշին վրայ» (Գաղ․ 6։4)։ Հետեւաբար, մեր Տէրը պարզապէս չըսաւ՝ «որպէսզի տեսնեն որ ձեր բարի գործերը» (Մտթ․ 5։16), բայց ան աւելցուց հետեւեալը «ու փառաւորեն ձեր Հայրը, որ երկինքն է» (Մտթ․ 5։16)։ Պարզ այն փաստը, որ մարդիկ իրենց գործերով ուրիշները կը գոհացնեն չի նշանակեր որ ուրիշները գոհացնելը ինքնանպատակ է։ Փոխարէնը, ուրիշները գոհացուցէք որպէսզի Աստուած ձեր միջոցաւ փառաւորուի եւ անոնք, որոնք կը գովաբանեն, նախ պէտք է զԱստուած պատուեն, եւ ոչ թէ մարդիկը։ Մեր Տէրը ասիկա ցոյց տուաւ, երբ անդամալոյծը բժշկեց։ Իր կարողութիւններուն վրայ հիանալով, մարդիկը «զարմացան ու փառաւորեցին Աստուած, որ մարդոց այնպիսի իշխանութիւն տուեր է» (Մտթ․ 9։8)։ Իսկ Քրիստոսի ծառան՝ Պօղոս Առաքեալ, կ՚ըսէ, «միայն թէ անոնք լսած էին թէ «Ան որ ատենօք մեզ կը հալածէր, հիմա ինք այն հաւատքը կը քարոզէ՝ որ ատեն մը կը կործանէ» ու ինձմով Աստուած կը փառաւորէին» (Գաղ․ 1։23-24)։

Քաղուած՝ «Ամենօրեայ խօսակցութիւն Եկեղեցւոյ Հայրերուն Հետ» հատորէն: Թրգմ.՝ Ն.Ս.Մ.-ի: